2010-04-11 16:34:45

Հայ Ազգի Նշանաւոր Դէմքեր։


Հայ Ազգի Նշանաւոր Դէմքեր։



Ալեքսանդր Թամանեան։ Ազատ ու Անկախ Հայաստանի Գլխաւոր Ճարտարապետը

Հայաստանի անկախութեան ամրապնդման եւ հայոց ազգային պետականութեան հիմնաւորման պատմակերտ գործին մէջ իր անկորնչելի ներդրումն ու մեծարժէք աւանդը ունի հայ ժողովուրդի ճարտարապետական հանճարին արժանաւոր ներկայացուցիչներէն Ալեքսանդր Թամանեան։
Ռուսաստանի Կրասնոդար քաղաքը ծնած Յովհաննէս Թամանեանի որդի Ալեքսանդրը ճակատագրուած էր դառնալու հայկական ճարտարապետութեան բազմադարեան հարստութիւնը իւրովի վերաթարմացնող եւ նորոգող մեծանուն վարպետ մը, որ իր անջնջելի դրոշմը դրաւ մեր ժամանակներու հայոց մայրաքաղաքին ճարտարապետական ծրագրաւորման, կառուցման եւ զարգացման վրայ։ Ճարտարապետի իր ուսումն ու մասնագիտական խորահմուտ պատրաստութինը Ալեքսանդր Թամանեան ստացաւ Ս. Փեթերսպուրկի Գեղարուեստի Ակադեմիայի բարձրագոյն ուսումնարանի ճարտարապետութեան բաժանմունքին մէջ, որմէ շրջանաւարտ եղաւ 1904ին՝ նկարիչ ճարտարապետի պատուոյ յիշատակութեամբ։ Ուսման աւարտին Թամանեանի նախաձեռնած ճարտարապետական առաջին ծրագիրը եղաւ Ս. Փեթերսպուրկի 18րդ դարուն կառուցուած հայոց եկեղեցւոյ վերանորոգումը։
20րդ դարասկիզբի ռուս երիտասարդ ճարտարապետներու մտերիմն ու գործակիցը եղաւ Թամանեան, որ Ս. Փեթերսպուրկի, Մոսկուայի թէ Ցարական Կայսրութեան գլխաւոր քաղաքներուն ու շրջաններուն մէջ իր անունին կապեց ճարտարապետական մեծ ծրագիրներու՝ համալիրներու նախագծումն ու կառուցումը։
Ռուսաստանի տարածքին ճարտարապետական իր այդ բեղուն գործունէութեան շրջանին, Թամանեան իր սրտին ու մտքին մէջ շարունակ ճգնեցաւ հայկական ճարտարապետութեան վերանորոգման ծրագիրներու վրայ՝ նախագծելով ուշագրաւ կառուցումներ։ Այդ պատճառով ալ 1919ին, երբ իր անկախութիւնը նուաճած Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ պաշտօնապէս Երեւան հրաւիրուեցաւ, Ալեքսանդր Թամանեան անվարան ընդառաջեց՝ կեանքի իր երազի իրագործման լծուելու ամենայն խանդավառութեամբ։
Սիմոն Վրացեան, իր Կեանքի Ուղիներով յուշագրական շարքի Ե. հատորին մէջ, ամբողջութեամբ լոյս ընծայած է Ալ. Թամանեանի կողմէ 12 Օգոստոս 1920ին պատրաստուած Հայաստանի Շինարարութեան Ծրագիրը, որ լաւագոյնս կը խտացնէ հայ մեծ ճարտարապետին շինարարական եւ ազգայինգաղափարական առաջադրանքները։ Թամանեանի համար ճարտարապետական եւ շինարարական թիւ 1 խնդիրը եղաւ հայոց նոր մայրաքաղաքը ծայրամասային գաւառի իրավիճակէն դուրս բերելը՝ նախագծելով կառուցումը հայոց նորաստեղծ պետականութեան հետագայ զարգացումը հունաւորող արդիական մայրաքաղաքի։
Թամանեան արագօրէն ձեռնարկեց իր ծրագրին գործադրութեան, բայց Հայաստանի Հանրապետութեան կործանումով եւ օրուան ղեկավարութեան դէմ ծաւալած պոլշեւիկեան հալածանքին հետեւանքով՝ կիսատ մնաց գործը Թամանեանի, որ Հանրապետութեան կառավարութեան անդամներուն հետ 1921ին անցաւ Պարսկաստան։ Բարեբախտաբար, խորհրդային նորահաստատ իշխանութիւնները իմաստութիւնը ունեցան վերստին Երեւան հրաւիրելու հայոց մեծ ճարտարապետին եւ Թամանեան 1923ին վերադարձաւ իր հողին ու ժողովուրդին՝ վերստանձնելով Հայաստանի Գլխաւոր Ճարտարապետի պատասխանատուութիւնը։
Այնուհետեւ մինչեւ 20 Փետրուար 1936ի իր մահը, Ալեքսանդր Թամանեան ապրեցաւ ու գործեց Երեւանի մէջ՝ հայոց նոր մայրաքաղաքի բնակարանային աճին, գեղազարդման, կանաչապատման եւ յուշարձաններով շնչաւորման մեծ գործին ճարտարապետական իր ուրոյն լուծումները տալով։ Երեւանի կողքին ան նախագծեց քաղաքաշինական զարգացման յատակագիծերը Լենինականի, Գաւառի եւ Էջմիածնի։ Իսկ Թամանեանի ճարտարապետական հանճարին անմահ վկաները դարձան Օփերայի Համալիրն ու Երեւանի Կեդրոնական Հրապարակը։







All the contents on this site are copyrighted ©.