2010-04-11 16:32:39

Լուրեր հայկական կեանքէն


Լուրեր հայկական կեանքէն

Արուեստագէտ, քանդակագործ Զաւէն Խտըշեանի գործերու ցուցահանդէս։

Համազգայինի ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ լիբանանահայ ծանօթ արուեստագէտ, քանդակագործ Զաւէն Խտըշեանի եւ անոր դստեր՝ արուեստագէտ Տարիա Խտըշեանի գործերու ցուցահանդէսին՝ ներկայութեամբ երեք համայնքապետերու ներկայացուցիչերուն, երեսփոխաններու, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի, մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ արուեստագէտներու ու արուեստասէրներու հոծ բազմութեան։ Այս առիթով բացման խօսքը արտասանեց արուեստագէտ Միսաք Թերզեան յայտնելով որ լիբանանեան կերպարուեստի տեսադաշտին վրայ Զաւէն Խտըշեան կարեւոր տեղ կը գրաւէ, որովհետեւ իր գործերը կը յատկանշուին իւրայատուկ մօտեցումով մը, որ եզակի է իր տեսակին մէջ։ Գործերուն ճամբով Զաւէն Խտըշեան հանրութեան կը ներկայացնէ արժանիքներ, որոնք կորուստի վտանգին ենթարկուած են։ ներկայացնելէ ետք արուեստագէտին կենսագրական գիծերը՝ Թերզեան յայտնեց, որ Զաւէն Խտըշեանի քանդակները ցուցադրուած են աշխարհի տարածքին հրապարակային բազմաթիւ վայրերու մէջ՝ գրաւելով արուեստասէրներուն ուշադրութիւնը։ Նշենք որ հայազգի արուեստագէտ Զաւէն Խտըշեան ստացած է բազմաթիւ մրցանակներ ու գնահատագիրներ։



Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կոչ կ՝ուղղէ Պարաք Օպամային ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը ։

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան նամակ մը յղած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային՝ խնդրելով կատարել նախընտրական արշաւին ընթացքին հայ ընտրողներուն տուած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր խոստումը։

Խաչիկեան կոչ ուղղած է Օպամային կատարելու իր պարտաւորութիւնները եւ իրականացնելու արդար, ճշմարտացի եւ ամերիկացի ժողովուրդին յարիր քաղաքականութիւն՝ հաւատարիմ մնալով նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ սեփական դիրքորոշման։



Զմմառու Վանքի մեծաւորին այցելութիւնը «ԱԶԴԱԿ» օրաթերթի կեդրոնը

Զմմառու վանքի մեծաւորը՝ գերյարգելի Հ. Միքայէլ Թ. Ծ. Վրդ. Մուրատեան ընկերակցութեամբ Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստին, այցելեց Ազդակի խմբագրատուն եւ տեսակցութիւն ունեցաւ տնօրէնութեան հետ ։ Փոխճանաչողական բնոյթի այս այցելութիւնը, առիթ էր, զրուցելու՝ Զմմառու վանքին կապուած տարբեր բնոյթի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ հայ մամուլի դիմագրաւած խնդիրներուն եւ Ազդակի իրականացուցած աշխատանքներուն մասին։



Վաչէ Ատրունիի ՜՜Ամուսնութիւն ըստ Երանոսի՝՝ թատերախաղը-Լիբանան։

Հովանաւորութեամբ Պէյրութի հայաշատ թաղամաս Պուրճ Համուտի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղի վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ սոյն մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ Խմբապետական կազմին, Հայկական շրջուն թատերախումբը Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ ներկայացուց Ամուսնութիւն ըստ Երանոսի կատակերգութիւնը, հեղինակ եւ բեմադրիչ՝ Վաչէ Ատրունի։



Նիւթը քաղուած է առօրեայ կեանքէն։ Երանոս՝ միշտ լաւատես անձը, կուզէ ամուսնանալ, բայց մնայուն խոչընդոտներու կը հանդիպի։ Թատերախաղին մէջ կարծարծուին այն հարցերը, որոնց մասին ընդհանրապէս շատ չի խօսուիր մեր ընկերութեան մէջ։ Նիւթին հարազատութեան, պահպանման համար շատ յաճախ պահպանուած է նաեւ ժողովրդային խօսելաոճը։








All the contents on this site are copyrighted ©.