2010-04-09 14:05:50

Լուրեր հայկական կեանքէն


Հրանդ Մարգարեանի նոր թատերախաղը Նիւ Եորքի մէջ

Նիւ Եորքաբնակ հանրածանօթ թատերագիր Հրանդ Մարգարեանի անգլերէնով նոր թատերախաղը ՜՜ Լռութիւն՝ բոլորաձեւ ծիածանի մէջ՝՝ կը ներկայացուի 31 Ապրիլին ու 1 եւ 2 Մայիսին հովանաւորութեամբ Նիւ Եորք նահանգի թատերական իսթիթութին։

Ասիկա առաջին անգամն է որ Նիւ Եորք Նահանգի հռչակաւոր այս իսթիթութը կը ներկայացնէ հայ թատերագրի մը գործը։

Նիւթը ՜՜Մարդկային կորուստը եւ անոր տառապալից փնտրտուքը՝՝. իսկ պատմութիւնը ընտանիքի մօր մը մասին է որուն բժիշկ ամուսինը կը դատապարտուի դաւաճանութեամբ եւ կը սպաննուի 1915-ին։ Ան կը կորսնցնէ նաեւ իր չորս տարեկան զաւակը։ Ազատելով ջարդերէն իր կեանքի նպատակը կը դարձնէ գտնել իր զաւակը։ Եւ կը սկսի ոդիսականը։

Հրանդ Մարգարեան ծնած է Պասրա (Իրաք) 1938-ին, նախնական ուսումը ստացած է Մարկիլի հայ ազգային վարժարանին մէջ ապա յաճախած է պետական երկրորդական վարժաան։ Աւարտած է Պաղտատի գիտութեանց Քոլէճը եւ 1962-ին Իրաքի պետական կրթաթոշակով անցած է Ամերիկա ուր ստացած է Մագիստրոսի ապա Տոքթորայի վկայականները տարրաբանութեան մէջ եւ Մագիստրոսի վկայականը Management of Technology ճիւղին մէջ։ Եղած է գիտական հետազօտող ապա տարրաբանութեան փրօֆէսսոր Նիւ Եորք նահանգի պետական համալսարանին մէջ։



Երեւան-Երկաթուղային կայարանի վերականգնում

Հ Հ հարաւկովկասեան երկաթուղիի ընկերութիւնը սկսած է Երեւանի Երկաթուղային կայարանի վերականգնման աշխատանքները։ Ուղեւորահոսքերու յաւելումի պատճարով կը նախատեսուի սրհներու տարանջատում՝ միջքաղաքայիններու եւ միջազգայիններու ինչպէս նաեւ յաւելեան դրամարկղերու տեղադրում։ Երկաթուղային կայարանի շէնքին մէջ պիտի կառուցուին նաեւ հիւրանոցային յարմարութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.