2010-04-09 13:19:37

Լուրեր Հայ աշխարհէն


Լուրեր Հայ աշխարհէն

ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԵՐԳԱՀԱՆ ԷԴԳԱՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 80-ԱՄԵԱԿԻՆ

Հոգեւոր երաժշտութեան պետական կեդրոնը Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ կազմակերպած է երաժշտութեան երեկոյ մը՝ նուիրուած երգահան Էդգար Յովհաննիսեանի ծննդեան 80-ամեակին։ Ձեռնարկին ներկաները վայելած են Երեւանի սենեկային երգչախումբի կատարումով Էդգար Յովհաննիսեանի խմբերգները։ Ելոյթին երգչախումբին գեղարուեստական ղեկավարը եղած է Յարութիւն Թոփիկեան։

Յիշեցնենք, որ ժողովրդական արուեստագէտ, երգահան Էդգար Յովհաննիսեան 1953-ին աւարտած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը, 1957-ին, Արամ Խաչատրեանի ղեկավարութեամբ, Մոսկուայի երաժշտանոցը, 1962-1968 եղած է Ալ Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավարն ու տնօրէնը։ 1986-1992 թուականներուն երգահանը ղեկավարած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը։ Նշենք, որ ականաւոր երգահանին գրիչին կը պատկանին Սասունցի Դաւիթ օփերա-պալէն, Յաւերժական կուռք, Անտունի, Ժան տ'Արք, Սուլամիթ պալէները, Գրիգոր Նարեկացի օրաթորիան, եւ սենեկային երգչախմբային ստեղծագործութիւններ։



ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 125-ԱՄԵԱԿԸ

Վերջերս Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ կազմակերպուած է յոբելենական հանդիսութիւն՝ նուիրուած անուանի գրող Կոստան Զարեանի ծննդեան 125-ամեակին։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուած են գրողներ, մշակութային գործիչներ եւ Կ Զարեանի արուեստը գնահատողներ։ Հաւաքին բացման խօսքով հանդէս եկած է Հայաստանի Ազգային գրադարանի փոխտնօրէն Ռաֆիկ Ղազարեան։ Ան իր խօսքին մէջ ցաւ յայտնած է, որ Կ Զարեան հանրութեան կողմէ լիարժէք եւ ըստ արժանւոյն չէ գնահատուած ան շարունակած է՝ ըսելով, որ գրադարանին կազմակերպած ձեռնարկներուն նպատակն է հանրութեան ներկայացնել եւ մօտէն ծանօթացնել մեծ գրագէտը։

Զարեանի կեանքը եւ ստեղծագործական ուղին հանգամանօրէն ներկայացուցած է գրականագէտ Եուրի Խաչատրեան։ Ան յայտնած է, որ Կ Զարեան մեծ եւ անուանի գրագէտ է եւ կը յատկանշուի իր հարուստ ու խորիմաստ գրականութեամբ։ Ըստ Ե Խաչատրեանի, Կ Զարեանի անտիպ գրութիւնները կրնան տասնեակ հատորներ կազմել՝ ներառելով անոր նամակները եւս։

Յայտնենք թէ Կ Զարեան այն գրողն է, որուն շնորհիւ ճամբայ բացուեցաւ դէպի եւրոպական գրականութիւն, մշակոյթ եւ քաղաքակրթութիւն, անոր ստեղծագործութիւնները Եւրոպայէն Արարատ ձգուող մշակութային ուխտագնացութիւններ են։

Յիշեցնենք, որ Կ Զարեան ծնած է 1885-ին, Շամախի։ Ան իր կեանքին մեծ մասը ապրած է հայրենիքէն հեռու՝ Պաքուի, Թիֆլիսի, Պելճիքայի, Իտալիոյ, Պուլկարիոյ, Ֆրանսայի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, իսկ 1962-ին վերջնականապէս փոխադրուած է Հայաստան։



ԼՈՅՍ ՊԻՏԻ ՏԵՍՆԷ ՍՓԻՒՌՔ ՏԱՐԵԳԻՐՔ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆԸ

Վերջերս Հայաստանի կառավարութիւնը նախաձեռնեց Սփիւռք տարեգիրք պարբերականի հրատարակման եւ Ուսումնական եւ հանրամատչելի գրականութեան հաւաքում եւ առաքում համայնքներ ծրագիրներուն իրականացման։ Այս մասին յայտնեց կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը։

Յայտնենք, որ պարբերականէն կ'ակնկալուի, որ նպաստէ հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման, սփիւռքի կառոյցներու աշխուժացման, ինչպէս նաեւ այս ծրագիրով կը նախատեսուի ապահովել Հայաստանի պետական պիւտճէի միջոցներու հաշուոյն ուսումնական գրականութեան հաւաքում եւ առաքում սփիւռքի հայկական համայնքներ եւ այլ կառոյցներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.