2010-04-09 13:30:24

Էջ մը հայ երաժշտութենէն


Այսօր՝ Միքայէլ Նալբանդեան ՝ Ազատ Հայու պատգամաբեր ու հայրենասէր երգիչը. ծնած՝ 1829-ին եւ մահացած՝ 1866-ին.
՜՜Ազա՛տն Հայը՝՝ կոչուած հայրենասէր երգիչ՝ Միքայէլ Նալբանդեան 31 Մարտ 1866ին, մահացաւ 37 տարիքը դեռ չամբողջացուցած, Ցարական Կայսրութեան Սարատով մարզի (Վոլգոգրադ) Կամիշին անուն քաղաքի իր աքսորավայրին մէջ, ամբողջապէս քայքայուած առողջական վիճակով։
Բառին պարզ ու խորագոյն իմաստով Միքայէլ Նալպանտեան եղաւ ՜՜Ազատութեան հայ երգիչը՝՝ որ անմահացած իր բանաստեղծութեան՝ Երգ Ազատութեան առաջին իսկ տողէն, նոյնինքն Ամենակարողին համար բնութագրական գտաւ Ազատն Աստուած կոչումը, աստուածային մեծագոյն եւ ամէնէն իրաւ յատկանիշը հռչակելով Ազատ ըլլալու իրաւունքն ու արժանաւորութիւնը։
Մէկուկէս դարէ ի վեր, տակաւին մեր ժողովուրդին իրերայաջորդ սերունդները, ո՛ւր որ ալ ծնունդ առնեն եւ ի՛նչ երկինքի տակ ալ կազմաւորուին, հայրենի ոստաններէն մինչեւ պանդխտութեամբ թէ տարագրութեամբ կազմուած աշխարհասփիւռ հայօճախները, իրենց մանուկ տարիքէն կեանքին ու աշխարհին կը բացուին Նալբանդեանի ՜՜Ազատութեան Երգով՝՝ ազգային- հաւաքական իրենց յիշողութեան ակունքի վերածելով սոսկ քերթուածէ մը շատ անդին անցած եւ վեր բարձրացած պատգամը.
Ազատն Աստուած այն օրից,
Երբ հաճեցաւ շունչ փչել,
Իմ հողանիւթ շինուածքին
Կենդանութիւն պարգեւել.
Ես անբարբառ մի մանուկ
Երկու ձեռքս պարզեցի,
Եւ իմ անզօր թեւերով
Ազատութիւն գրկեցի։
Եւ իրապէ՛ս յանուն Ազատութեան պայքարի երգ մը եղաւ Միքայէլ Նալբանդեան ի՛նք, որ թէեւ կարճատեւ կեանք ունեցաւ այս աշխարհին վրայ, բայց իր Անձին օրինակով ու Գործով՝ յաւերժութեան արժանացաւ հայ ժողովուրդի սրտին ու մտքին մէջ։
Ծնած էր 2 Նոյեմբեր 1829ին Նոր Նախիջեւան յարկին տակ համեստ պայտագործի մը։
Մանկութեան աշակերտած էր Գամառ Քաթիպայի՝ Ռափայէլ Պատկանեանի հօր, Գաբրիէլ Քահանայի անձնական դպրոցին եւ մեծապէս ազդուած էր ազատասէր ու ազատախոհ այդ հոգեւորականին խիզախ գաղափարներէն։ Հոգեւորականի կոչումը եւս ներշնչուած էր իր առաջին ուսուցիչէն։
Այնուհետեւ, ինքնազարգացումը եղաւ Մ. Նալբանդեանի կեանքին մղիչ ուժը։ 1848ին իբրեւ քարտուղար աշխատանքի կոչուեցաւ Նոր Նախիջեւանի հայոց Առաջնորդարանին մէջ՝ վայելելով օրուան առաջնորդ Մատթէոս Արք. Վեհապետեանի ամբողջական հովանաւորութիւնը։ Չորս տարի մնաց այդ պաշտօնին վրայ՝ պատրաստուելով հոգեւորական իր ձեռնադրութեան։ Առաջնորդարանի քարտուղարութիւնը նաեւ օգնեց Նալբանդեանի, որպէսզի պաշտօնով այցելութիւններ կատարէ եւ մօտէն ծանօթանայ Ռուսաստանի հայաշատ գաղութներուն։
Մոսկուա, ուր Լազարեան Ճեմարանի մէջ հայերէնի դասատու դարձաւ։ Միաժամանակ ուսանեցաւ իբրեւ ազատ ունկնդիր եւ Արեւելագիտութեան մէջ մագիստրոսի աստիճանին տիրացաւ։ Մօտէն ծանօթացաւ Ստեփանոս Նազարեանցի հետ եւ անոր աջ բազուկը դարձաւ Հիւսիսափայլ հանդէսի հրատարակութեան մէջ։
Այդպէս սկսաւ Նալբանդեանի գրական, հրապարակախօսական եւ հասարակական գործունէութեան եռուն ու կրակոտ շրջանը։
Հալածանքը սաստկացաւ եւ իր գագաթնակէտին հասաւ Նալբանդեանի դէմ եւ 1862ին ան ձերբակալուեցաւ ու երեք տարուան ազատազրկման դատապարտուեցաւ Ս. Փեթերսպուրկի քաղաքական բանտարկեալներու բերդին մէջ։ Առողջական վիճակը լրիւ քայքայուեցաւ եւ երբ 1865ին բանտարկութիւնը վերջ գտաւ ու աքսորավայր ղրկուեցաւ, Միքայէլ նալբանդեան Կամաշին քաղաքը հասաւ առաւել մեռած քան կենդանի...
Եւ 1866ի Մարտ 31ին յոգնաբեկ իր աչքերը վերջնականապէս փակեց 37ամեայ Ազատն Նալբանդեան։ Մարմինը տարուեցաւ Նոր Նախիջեւան եւ ազգային աննախընթաց յուղարկաւորութեամբ իր վերջնական հանգիստը գտաւ տեղւոյն Ս. Խաչ վանքին մէջ։
Հայ ժողովուրդը իր սրտին եւ հոգիին ամէնէն ջերմ ու զեղուն թրթռացումներով անմահ երգի վերածեց Հայկական Յեղափոխութեան Ազատն Ռահվիրային՝ Միքայէլ Նալբանդեան անունը, անոր բանաստեղծական ու հրապարախօսական ժառանգութիւնը։
Եւ հայ ժողովուրդը արդարացիօրէն Նալբանդեանի Մեր Հայրենիքը վերածեց Ազատն Հայաստանի քայլերգին՝ նոյնիսկ նախքան Հայաստանի անկախութեան կերտումը։
Աւելի՛ն. պատահականօրէն եւ կամայականօրէն չէր, որ 1990ին Հայաստանի Անկախութեան վերականգնումի Հռչակագրին հետեւեցաւ նորովի տարազումով որդեգրումը Նալբանդեանի Մեր Հայրենիքին՝ իբրեւ պետական օրհներգը Հայաստանի Հանրապետութեան։
Նոյնիսկ եթէ իտալական ազգայինազատագրական շարժման գրականութենէն ներշնչուած է Նալբանդեանի բանաստեղծութիւնը, բայց անվիճելիօրէն հայ ժողովուրդին էութենէն բխած երգ է Նալբանդեանի պատգամը.

Մեր Հայրենիք թշուառ անտէր,
Մեր թշնամեաց ոտնակոխ,
Իւր որդիքը արդ կանչում է,
Հանել իւր վրէժ, քէն ու ոխ։







All the contents on this site are copyrighted ©.