2010-04-08 15:08:56

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը յառաջիկայ 26 ապրիլին կ'ընդունի Թոնկա եւ Պոլինեզիա կղզեխումբի նախարարապետը։ Թոնկա կղզեխումբի թագաւորութիւնը կը գտնուի Պոլինեզիա Խաղաղական Ովկիանոսը։ Կազմուած է 170 կղզիներէ եւ անոր բնակչութեան թիւը 120 հազար կը հաշուէ։



Վատիկանի պետական քարտուղարի այցլելութիւնը Չիլի, մասնակցելու հանրապետութեան հաստատման երկրորդ դարադարձին տօնախմբութիւններուն։

Վատիկանի Պետական Քարտուղարը կարտինալ Պերթոնէ ընդառաջելով Լատին ամերիկայի եպիսկոպոսական խորհուրդի հրաւէրին 6 ապրիլին մեկնեցաւ Չիլի ուր հանդիպում ունեցաւ Չիլիի նորընտիր նախագահ՝ Սեփաստեան Բիներային հետ եւ անոր ներկայացուց Սրբազան Քահանայապետին գոհունակութիւնը ի տես Չիլիի արձանագրած բարգաւաճումին, ընկերութեան միութեան, միասնաբար դիմագրաւելու երկրաշարժի աղէտը։ Չելիի պետութիւնը իր կարգին երախտագիտութիւն յայտնեց Քահանայապետին ու Չիլիի եկեղեցւոյ ու նաեւ Գարիթասին աղէտեալներուն շուտափոյթ օգնութեան համար ։

Կարտինալ Պերթոնէ իր կեցութեան ընթացքին պատարագ կը մատուցէ Գոնսեբսիոն քաղաքը, որ վերջերս թիրախ եղած էր մահաբեր երկրաշարժին։

Նոյնպէս կարտինալը պատարագ պիտի մատուցէ Չիլիի մայրաքաղաքը` Սանդիակօ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ եւ որուն աւարտին յատուկ մէկ ծիսակատարութեամբ մը պիտի նուիրագործէ Չիլին ու անոր բնակիչները Գարմելի Տիրամօր ։

Աւելցնենք որ անցեալ 24 մարտին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին Գարմելի Տիրամօր արձանը օրհնած էր եւ ապա նուիրած Չիլիի ժողովուրդին։ Ի դէպ, Գարմելի Տիրամայրը Լատին Ամերիկայի պաշտպան սրբուհին է ։








All the contents on this site are copyrighted ©.