2010-04-08 13:05:11

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգյին Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգյին Դէպքերուն։

ՖԵՐԻՏՈՒՆ ՍԻՆԻՐԼԻՕՂԼՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի խնդրանքով, երէկ ընդունած է անոր յատուկ բանագնաց Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուն։ Բանագնացը Հայաստանի նախագահին փոխանցած է Թուրքիոյ վարչապետին գրաւոր եւ Թուրքիոյ նախագահին ու արտաքին գործոց նախարարին բանաւոր ուղերձները։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնած է, որ Հայաստան Թուրքիայէն կ՝ակնկալէ գործնական քայլեր, որոնք վճռական տեղաշարժ մը կ՝երաշխաւորեն առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ։ Բանագնացը հանրապետութեան նախագահին փոխանցած է թրքական կողմին հաւաստիացումները հայ - թրքական հաշտութեան հոլովոյթին մէջ յառաջընթաց ապահովելու պատրաստակամութեան վերաբերեալ։ Իր բանագնացի միջոցով Թուրքիոյ վարչապետը Հայաստանի նախագահին հետ երկկողմանի հանդիպում ունենալու խնդրանք ներկայացուցած է Ուաշինկթըն կատարելիք այցելութեան ընթացքին։ Երէկ աւելի կանուխ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւս ընդունած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Հայաստան ժամանած յատուկ բանանգաց, Թուրքիոյ արտաքին ործոց նախարարի առաջին տեղակալ Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուն։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարաւորման առնչուող հարցեր։ Միւս կողմէ ինչպէս ծանօթ է ապրիլ 7-ին փարիզի մէջ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան տեսակցութիւն ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի հետ, որու ընթացքին նոյնպէս քննարկուած են նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը: Էրտողանի եւ Սարքոզիի հանդիպման օրակարգի կարեւոր թեմաներէն մին եղած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը: Ֆրանսայի նախագահը Թուրքիային իր աջակցութիւնը յայտնած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ եւ ըսած որ պատրաստ է գործընթացը հեշտացնելու համար ջանքեր գործադրել: Սարքոզի ընդգծած է հայ-թրքական արձանագրութիւններու վաւերացումը։

ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ՄԱՄԼՈՅ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԵՒ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ
ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ Է ՍԱՐԳՍԵԱՆ-ՕՊԱՄԱ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ։

Սպիտակ Տան մամլոյ քարտուղար Ռոպըրթ Կիպզ ներկայացուց 12-13 ապրիլին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունենալիք Հիւլէական անվտանութեան վեհաժողովի օրակարգը ու նախատեսուող հանդիպումները։ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հիւրընկալած վեհաժողովին ներկայ պիտի գտնուին 47 երկիրներու եւ երեք միջազգային կառոյցներու՝ ՄԱԿ-ի, Հիւլէական Ուժանիւթի միջազգային Գործակալութեան եւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչները։
Սպիտակ Տան մամլոյ քարտուղարին համաձայն, Հիւլէական անվտանգութեան վեհաժողովին ծիրին մէջ ի շարս այլ հանդիպումներու պիտի կայանայ նաեւ Պարաք Օպամա-Սերժ Սարգսեան հանդիպումը։ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի մասնակցութեամբ եռակողմ հանդիպում չի նախատեսուիր։


ԱՊՏՈՒ ՏԻՈՒֆ-ի ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Ապտու Տիուֆը։ Հանրապետութեան նախագահը կարեւոր նկատած է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան հետ Հայաստանի համագործակցութիւնը եւ նշած է, որ Հայաստան հաւատարիմ է ֆրանսախօսութեան արժէքներուն։ Ան նաեւ շահագրգիռ է անոնց տարածումով եւ պատրաստ է տարբեր ուղղութիւններով համագործակցութիւնը խորացնելու։ Ապտու Տիուֆ շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշած է, որ Հայաստանի հետ կազմակերպութեան յարաբերութիւնները 2008 թուականի ընկերակից անդամի կարգավիճակով անդամակցութենէն ի վեր նշանակալի զարգացում ապրած են։ Ան բարձր գնահատած է ֆրանսերէնի տարածումը խթանելու ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը եւ գոհունակութեամբ նշած է, որ Հայաստանի մէջ արդէն աւանդութիւն դարձած է Ֆրանսախօսութեան օրերու կայացումը։ Ապտու Տիուֆ նաեւ տեղեկացուցած է, որ Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին նախանցեալ օր հանդիպած է Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, հայաստանցի համալսարանականներու եւ դասախօսական կազմի հետ եւ այցելած է Ծիծեռնակաբերդ։

ԱՐԱ ՆԱՃԱՐԵԱՆ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ։
Ապրիլ 6ի երեկոյեան տեղի ունեցած Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի ժողովին, քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արա Նաճարեան միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ քաղաքապետ՝ փոխարինելով նախկին քաղաքապետ Ֆրենք Քուինթերօն:
Նաճարեան երկրորդ անգամ ըլլալով Կլենտէյլի քաղաքապետ կ՛ընտրուի: Ան պաշտօնին վրայ պիտի մնայ մէկ տարի: Նաճարեան իրաւաբան մըն է, որ առաջին անգամ 2005ի Ապրիլին, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ընտրուած է: Ան խորհուրդի անդամ վերընտրուած է 2009ին ։







All the contents on this site are copyrighted ©.