2010-04-07 13:21:40

Խրիմեան Մկրտիչ (Հայրիկ. 1820-1907)


Խրիմեան Մկրտիչ (Հայրիկ. 1820-1907)

Հայ Ազգի Վեհաշուք ՀԱՅՐԻԿ-ը ։



Ապրիլ 4ին, համայն հայ ժողովուրդը նշեց ծննդեան տարեդարձը Ամենայն Հայոց 125րդ Կաթողիկոս Խրիմեան Մկրտիչին։ Խրիմեան Հայրիկ ճակատագրուած էր 87 տարի ապրելու հայ ժողովուրդի արդի շրջանի ամէնէն ալեծուփ ժամանակաշրջանին։ Եւ Հայրիկը բառին բուն ու ամէնէն վաւերական իմաստով ապրեցա՛ւ իրեն շնորհուած կեանքի ժամանակաշրջանը եւ, ինչպէս որ սիրուած ժողովրդային երգը կը նշէ, ծերացաւ ՝՝Ազգին համար խորհելով՝՝... ..

Իր հոգեւոր ծառայութեամբ, իր ստեղծած գրականութեամբ, իր հրապարակագրական վաստակով, իր բանաւոր քարոզներով եւ ազգային, քաղաքական ու հասարակական եռանդուն գործունէութեամբ, Խրիմեան Հայրիկ աւելի քան վեց տասնամեակ առաջնորդող ներկայութի՛ւն եղաւ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Եղաւ հայոց մեծ դաստիարակը, որ իր վարակիչ օրինակով խորհրդանշեց Ազգին ու Հայրենիքին անսակարկ անձնուիրումը, հայոց ազգային ու տոհմիկ արժէքներուն անխաթար պահպանումը, Հայ Եկեղեցին եւ Հայ Միտքը դարաւոր գերութեան հետեւանք օտարացումէն ու այլասերումէն վերականգնելու եւ վերանորոգ թափով լուսաւորելու աննկուն պայքարը։ Ինչպէս Սիամանթօ կը մատնանշէ՝՝Ազատութեան Ջահակիրը՝՝ եղաւ Խրիմեան Հայրիկ, որ գլխաւոր երկու ուղղութիւններով յեղաշրջեց հայ իրականութիւնը։

Առաջին՝ դէպի Հայաստան Աշխարհը սեւեռեց միտքն ու հոգին արդի հայ մարդուն։ Երկրորդ՝ Հերիսայի եւ Թուղթէ շերեփի իր պատմական քարոզով՝ Խրիմեան Հայրիկ նոր դարաշրջան բացաւ հայ ժողովուրդին առջեւ։ Հայաստանը ոչ միայն իբրեւ հոգեմտաւոր տարածք, այլեւ ու առաջին հերթին իբրեւ աշխարհաքաղաքական իրականութիւն վերականգնելու ճամբան հունաւորեց՝ ազգայինազատագրական պայքարի գաղափարական խարոյկը վառելով 1878ի Օգոստոսին, Պերլինի տխրահռչակ վեհաժողովէն իր վերադարձին։ Հայրիկի քարոզէն շունչ ու թափ առաւ ՝՝Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն՝՝ պատգամող մեծագոյն իմաստութիւնը։

Հայոց անզուգական Հայրիկը ծնած էր 4 Ապրիլ 1820ին՝ Վան։



Խրիմեան Հայրիկի կեանքին ու գործին մղիչ ուժն ու կենարար առանցքը դարձաւ հայրենի հողին պաշտամունքը, որմէ ներշնչուեցաւ հայկական գաւառը ամբողջական հոգածութեան տակ առնելու, պահպանելու եւ բարելաւելու իր հետեւողական ճիգը։

1854ին ձեռնադրուեցաւ Վարդապետ եւ լծուեցաւ ուսուցչական ու գրական աշխոյժ գործունէութեան։ 1855ին լոյս ընծայեց Արծուի Վասպուրական ամսագիրը, որ առաջին բեմը դարձաւ ազգային իր մտածողութեան մշակումին ու հիմնաւորումին։ 1857ին կրկին վերադարձաւ Վան, բայց այս անգամ Վարագայ Վանքը հաստատուելու եւ Պոլսէն իր հետ բերած տպագրական մեքենայով Արծուի Վասպուրականի հրատարակութիւնը շարունակելու, ինչպէս նաեւ ազգային արթնութեան եւ լուսաւորութեան ծառայող գիրքեր տպագրելու նպատակով։

1862ին ընտրուեցաւ Տարօնի առաջնորդ եւ հաստատուեցաւ Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքը, որ շուտով դարձաւ հայոց ազգային զարթօնքին ու ազատագրումի տենչերուն հոգեմտաւոր հնոցը։ 1868ին իբրեւ Տարօնի Առաջնորդ մասնակցեցաւ Էջմիածնի մէջ կայացած Գէորգ Դ. Կաթողիկոսի ընտրութեան, որ առ ի գնահատանք Խրիմեանի բեղուն գործունէութեան՝ Եպիսկոպոսի աստիճան շնորհեց արդէն մեր ժողովուրդին կողմէ Հայրիկ անուանումին արժանացած մեծ հոգեւորականին։

1878ին, երբ Պերլինի Վեհաժողովին հայկական պատուիրակութիւն մը ղրկելու հնարաւորութիւնը ստեղծուեցաւ, Խրիմեան Հայրիկ ընտրուեցաւ պատուիրակութեան նախագահ եւ Պերլինի մէջ արժանաւորապէս ներկայացուց հայկական նահանգներու ինքնավարութեան պահանջները։ Քաջ Հովիւի պատմական ժառանգութիւն մը կտակեց Խրիմեան Հայրիկ՝ իբրեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս։ Իր գահակալութեան առաջին տարիներուն զուգադիպեցան 1895-96ի Համիտեան կոտորածները, որոնց դէմ բարձրաձայն եւ ազդու քարոզչութիւն ծաւալեց աշխարհով մէկ, յատկապէս ցարական իշխանութեանց մօտ՝ ջարդերու դադրեցման մէջ ռուսական ազդու միջամտութիւն պահանջելով։ Իր կաթողիկոսութեան շրջանին զուգադիպեցաւ նաեւ հայ եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման 1903ի ցարական տխրահռչակ հրամանագիրը, որուն դէմ հայ ժողովուրդի ծաւալած բուռն բողոքի շարժումին եւ անզիջող պայքարին խորհրդանիշը դարձաւ հայոց ծերունազարդ Հայրիկը։ Մինչեւ իր վերջին շունչը Խրիմեան Հայրիկ յաղթահասակ կանգնեցաւ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր առաջնորդի իր բարձրութեան վրայ։

10 Նոյեմբեր 1907ին վախճանեցաւ Խրիմեան Հայրիկ։ Հայրիկի աճիւնները իրենց մնայուն դամբարանը ունեցան Ս. էջմիածնի Մայր Տաճարի մուտքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.