2010-04-07 13:25:53

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՊՐԻԼ 11-ԻՆ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՎԱՇԻՆԿԹԸՆ։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան ապրիլ 11-ին ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամայի հրաւերով կը մեկնի Վաշինկթըն մասնակցելու Միջուկային Անվտանգութեան հայող Գագաթնաժողովին: Այս առթիւ նախատեսուած է ԱՄՆ-ու եւ ՀՀ-ն Նախագահներու հանդիպում։ Յիշենք որ թրքական ՝՝SABAH՝՝օրաթերթը գրած էր, որ Վաշինկթընի մէջ տեղիւ պիտի ունենայ նաեւ հանդիպում ընդ մէջ՝ ՀՀ Նախագահի եւ Թուրքիոյ Վարչապետին։ Մինչ այդ Թուրքիոյ Վարչապետի յատուկ բանագնացը ֆերիտուն Սինիրլիօղլու Հայաստան կը գտնուի,զինք կ՝ընդունին Նախագահ Սարգսեանը եւ Արտաքին Գործոց Նախարարը Նալբանդեան։
ԷԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԱՍԻՆ ։
Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շտեֆան Ֆիւլէի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ յայտարարեց, որ Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման գլխաւոր հարցը Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը եւ իրագործումն է։ Անդրադառնալով լրագրողներէն մէկուն այն դիտարկումին, թէ գերմանական ՝՝Տեր Շփիկըլ՝՝ թերթին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կատարած յայտարարութիւնը, որ եթէ Ազրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչնայ, ապա կարելի պիտի ըլլայ քանի մը ժամուան ընթացքին ղարաբաղեան հիմնախնդիրը լուծել, եւ յուլիս 2009-ին բացայայտուած Մատրիտեան սկզբունքները, ըստ որոնց Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը պէտք է սահմանուի իրաւականօրէն կամար արտայայտութեան միջոցով, զիրար կը հակասեն, Նալբանդեան նկատել տուած է ՝՝Մեր դիրքորոշման մէջ ոչինչ փոխուած է՝՝։ Նախարար Նալբանդեան նաեւ ընդգծած է, որ Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութիւնը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր ուղղութիւններէն մէկը։
ՕՊԱՄԱ ՎՃՌԱԿԱՄ։ ՛
Ըստ ՝՝Սի. Էն. Էն. Թիւրք՝՝հեռուստակայանին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա վճռակամ է, որ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները վաւերացուին մինչեւ 24 ապրիլ։ Ըստ կայանին Ուաշինկթընի մէջ 12-13 ապրիլին տեղի ունենալիք Հիւլէական անվտանգութեան հարցերով միջազգային վեհաժողովի ընթացքին պիտի սահմանուի արձանագրութիւններու վաւերացման պատկերացումը, եւ չի բացառուիր, որ ատիկա գաղտնի պահուի։

ՀՈԼԼԱՆՏԱՅԻ ՀԱՅԵՐԸ ԿԸ ԾՐԱԳՐԵՆ ԼԱ ՀԷՅԻ ՄԷՋ ՏԵՂԱԴՐԵԼ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԵՐՈՒ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂ ՄԸ ։
՝՝Ազատութիւն՝՝ ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Հոլլանտայի հայկական կազմակերպութիւնները կը ծրագրեն Լա Հէյի մէջ յուշակոթող մը տեղադրել՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Այս նախաձեռնութեան դէմ հանդէս եկած է Հոլլանտայի մէջ Թուրք-ազրպէյճանական մշակութային ընկերակցութիւնը։ Անցեալ շաբաթավերջին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ընկերակցութեան ղեկավարները յայտարարած են, թէ հայերու նախաձեռնութեան դէմ բողոքի արշաւի մը պիտի սկսին։

ՔԻՄ ՔԱՐՏԱՇԵԱՆ ՀՊԱՐՏ Է ԻՐ ՀԱՅ ԾԱԳՈՒՄՈՎ։
«Արմինիըն Փալս»ին տուած հարցազրոյցի մը մէջ, Հոլիվուտի ծանօթ աստղերէն Քիմ Քարտաշեան յայտարարած է, որ ինք հպարտ է իր ազգային ծագումով:
Յայտնի իրաւաբան Ռապըրթ Քարտաշեանի եւ անգլիացի մօր զաւակ Քիմ Քարտաշեանը յայտնած է, թէ հակառակ անոր, որ Լոս Անճելըս ծնած ու մեծցած է, ինք հպարտ է իր հայկական արմատներով:
«Ես չորրորդ սերունդին պատկանող ամերիկահայ եմ», ըսած է Քիմ՝ աւելցնելով. «Իմ հօրս մեծ հայրն ու մեծ մայրը Հայաստանէն եկած են Ցեղասպանութենէն քիչ առաջ: Մայրս անգլիացի է, հետեւաբար ես կէս հայ եմ, սակայն ես հասակ նետած եմ՝ հայկական մեծ ազդեցութիւն կրելով, միշտ Հայաստանի մասին պատմութիւններ լսելով, հայկական ճաշեր ուտելով ու հայկական տօները նշելով», ըսած է Քարտաշեան «Արմինիըն Փալս»ի թղթակից Յարութ Գալանճեանին: Հայրս մեզի միշտ կ՛ըսէր, որ երբեք մեր մականունէն «եան»ը չվերցնենք, ինչպէս կ՛ընեն Ամերիկա եկած այլ հայեր», նշած է Քարտաշեան: «Հայրս շատ հպարտ էր իր հայ ըլլալուն եւ իր մեծագոյն ափսոսանքն էր, որ մեզ հայկական դպրոց չէ ուղարկած», ըսած է դեռ Քարտաշեան, որ հայերէն չի գիտեր, որու համար ալ ցաւ յայտնած է լրագրող Գալանճեանին ։ Քարտաշեան Հայաստան չէ գտնուած երբեք, թէեւ կ՛երազէ օր մը երթալ այնտեղ:







All the contents on this site are copyrighted ©.