2010-04-06 13:18:56

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին քահանայապետութեան 5-րդ տարեդարձին առթիւ համերգ մը կը նախատեսուի Վատիկանի Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ ներկայութեամբ՝ Սրբազան Քահանայապետին եւ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ՝ Ճօրճօ Նաբոլիթանոյի, գործադրութեամբ Իտալիոյ Թոսքանա մարզի` ֆիեզոլէ նուագախումբին, որ պիտի գործադրէ Մոցարդի, Սամմարդինիի եւ Պեթհովենի կողմէ գրուած երեք համերգներ։

Քահանայապետական անուանում։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հայր Ուլիամ Հաննա Շոմալին նշանակեց օգնական եպիսկոպոս Երուսաղէմի լատիններու պատրիարքութեան։ Ան ծիսագիտութեան մասնագէտ է եւ դասախօս։ 2005 -2009 եղած է մեծաւոր Պաղեստինի Պէյթ Ժալալ ընծայարանին եւ ատենադպիր պատրիարքութեան։
Ան երրորդ օգնական եպիսկոպոսն է Երուսաղէմի լատիներու պատրիարքութեան։
Վատիկանի պետական քարտուղարի այցլելութիւնը Չիլի, մասնակցելու հանրապետութեան հաստատման երկրորդ դարադարձին տօնախմբութիւններուն։

Վատիկանիո Պետական Քարտուղարը կարտինալ Պերթոնէ ընդառաջելով Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսական խորհուրդի հրաւէրին, ապրիլ 6-ին մեկնեցաւ Չիլի, ուր հանդիպում կ'ունենայ Չիլիի նորընտիր նախագահ՝ Սեփաստեան Բիներային հետ։ Կարտինալը իր կեցութեան ընթացքին պատարագ կը մատուցէ Գոնսեբսիոն քաղաքը, որ վերջերս թիրախ եղաւ մահաբեր երկրաշարժի։

Նոյնպէս կարտինալը պատարագ կը մատուցէ Չիլիի մայրաքաղաք` Սանդիակոյի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։

Կարտինալ Պերթոնէ յատուկ արարողութեամբ՝ Կարմեղեան Տիրամօր կը նուիրէ Չիլին եւ անոր բնակիչները։

Յայտնենք թէ ՜՜Կարեմեղեան Տիրամայրը՝՝ պաշտպան Սրբուհին է Լատին Ամերիկայի ժողովուրդներուն, եւ որուն մէկ արձանը օրհնուած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետէն եւ նուիրուած՝ Չիլիի ժողովուրդին, անցեալ մարտ 24ին, ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին։

Համերգ մը ի պատիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին իր քահանայապետութեան 5-րդ տարեդարձին առթիւ։







All the contents on this site are copyrighted ©.