2010-04-06 11:41:36

Լուրեր հայ եկեղեցիէն։


Լուրեր հայ եկեղեցիէն։
Աւագ շաբթուան եւ Ս Յարութեան տօներուն առիթով հոգեւոր համերգ՝ կատարողութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Կռունկ երգչախումբին։
Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ - Ս Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան եւ Թելէ Լիւմիեր պատկերասփիւռի կայանին, շաբաթ, 3 ապրիլ 2010-ին, Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ - Ս Եղիա եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Աւագ շաբթուան եւ Ս Յարութեան տօներուն առիթով հոգեւոր համերգ՝ կատարողութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Կռունկ երգչախումբին, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանին, հոգեւոր պետերու եւ մեծաթիւ հաւատացեալներու։ Կռունկ երգչախումբը հանրութեան ներկայացուց 12 երգեր, որոնց շարքին կարելի է նշել Ո՞ւր ես մայր իմը, Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոցը, ինչպէս նաեւ արաբերէնով Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի Ալմահապա երգը։ Ձեռնարկին ընթացքին տէր Րաֆֆի Յովհաննէսեան ներկայացուց իւրաքանչիւր շարականին իմաստն ու շարականին մասին տեղեկութիւններ։ Համերգին գեղարուեստական յայտագիրը փակուեցաւ Կոմիտասի Հայր մերին երգեցողութեամբ։ Ս Յարութեան տօնին նուիրուած ելոյթին աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ - Ս Եղիա եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Եղիա Եղիայեան, որ ներկաներուն փոխանցեց Ս Յարութեան պատգամն ու խորհուրդը։
Տօնական օրերու շնորհաւորութիւնները փոխանցելէ ետք, հայր Եղիա Եղիայեան յայտնեց, որ Կռունկ երգչախումբը իր բարձրորակ կատարումով կը ձգտի պահպանել հայ ժողովուրդին մշակութային ժառանգութիւնը։ Նշենք թէԿռունկ երգչախումբը կրցաւ ստեղծել հոգեւոր առողջ մթնոլորտ՝ հայ ժողովուրդի շարականներուն ընդմէջէն։
Ս. ԶԱՏԻԿԸ` Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ - Ս. ԵՂԻԱ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 4 ապրիլի առաւօտեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ պատրիարքը Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ - Ս Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս Զատկուան պատարագին՝ ներկայութեամբ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան։
Ս Զատկուան իր պատգամին մէջ ամենապատիւ հոգեւոր տէրը նշեց
Քրիստոսի յարութեան դէպքը կը շնորհէ մեզի յաւիտենական կեանքը։ Հազարաւոր մարդիկ այս աւետիսին հաւատացին եւ պայքարեցան իրենց հաւատքը պահելու համար, երբեմն իրենց կեանքին գնով, ինչպէս ըրին 1915-ի մեր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը՝ քաջ գիտնալով, որ այս կեանքէն ետք ուրիշ կեանք մը կը սպասէ իրենց, աւելի փառաւոր կեանք մը, որովհետեւ Աստուծոյ հետ միացած պիտի ըլլան։ Այս իմաստով, Յիսուսի յարութիւնը կը լուսաւորէ մեր ամէնօրեայ գործերը, որոշումները եւ յանձնառութիւնները։ Այսօր յատկապէս, Ս եկեղեցին կաղօթէ խնդրելով բոլորիս վրայ յարութեան լոյսը, որ կրնայ մեզ առաջնորդել դէպի փրկութեան ապահով ճամբան։
Ս պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ զատկուան անուշեղէններու օրհնութիւն։ Յայտնենք, որ հոգեւոր պետը Ս Զատկուան շնորհաւորութիւնները ընդունեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ։
ԱՄՆ-ի Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի Ս. Յարութեան Տօնի Պատգամը- «Խաղաղութիւն ձեզի»։

«Մինչ այս մասին կը խօսէին, ահա նոյնինքն Յիսուս կեցաւ անոնց մէջտեղ եւ ըսաւ անոնց. Խաղաղութիւն ձեզի. ես եմ, մի՛ վախնաք»։ «Խաղաղութիւն ձեզի»։ Այս բառերով էր որ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս ողջունեց Իր աշակերտները, երբ յարութիւն առնելէ ետք երեւցաւ անոնց։

Ս. Յարութեան երեկոյեան, առաքեալները խմբուած էին փակ դռներու ետին, ահով ու շփոթով։ Անոնք երկիւղով լեցուած էին, որովհետեւ ականատես եղած էին խաչին վրայ իրենց սիրելի Վարդապետին՝ Յիսուս Քրիստոսի բազմաչարչար մահուան։ Անոնք նաեւ շփոթահար էին թափուր գերեզմանին ի տես, զոր գտած էին Պետրոս եւ Յովհաննէս։ Թէպէտեւ Քրիստոս աշակերտներուն յայտնած էր իր խաչելութեան ու յարութեան մասին, ու տակաւին՝ Մարիամ Մագթաղենացին վկայած էր թէ յարուցեալ Փրկիչին հանդիպած է թափուր գերեզմանին մօտ, սակայն աշակերտները չէին կրցած ձերբազատիլ ահի զգացումէն, որովհետեւ չէին կրնար ըմբռնել թէ ի՛նչ կը պատահէր։

Ահա մխիթարութեան ու վստահութեան կարիքի ճիշդ այդ պահուն, Յիսուս եկաւ առաքեալներուն մօտ ու զանոնք ողջունեց ըսելով. «Խաղաղութիւն ձեզի»։ Ան փարատեց անոնց անձկութիւնը՝ վախի զգացումն ու կասկածը փոխարինելով ցնծութեամբ։ Ահա Ս. Յարութեան հզօր պատգամն է այս, որ կեանքի ամէնէն դժուար պահերուն, մեր ամէնէն մտահոգ ու անձկալից վայրկեաններուն, պէտք չէ զարհուրինք, որովհետեւ մեր Փրկիչը մի՛շտ մեզի հետ է, «Խաղաղութեան Իշխանն» է բոլորիս համար։ Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի յաղթական Ս. Յարութիւնը ո՛չ միայն պատմական իրողութիւն է, այլ նաեւ մեր առօրեայ կեանքին մաս կազմող ճշմարտութիւն։ Աստուած Իր Միածին Որդին ղրկեց, որպէսզի խաչին վրայ զոհուի մեր մեղքերուն համար. Քրիստոս յարութիւն առաւ եւ պարտութեան մատնեց մահը, որպէսզի նոր կեանք շնորհէ բոլոր անոնց՝ որոնք կը հաւատան Իրեն։ Մահուան վրայ Իր յաղթանակով, մեզի շնորհուեցաւ փրկութեան ու յաւիտենական կեանքի խոստումը։ Հետեւաբար, Ս. Յարութիւնը աղբիւր է յոյսի, քաջալերանքի, ուժի եւ խաղաղութեան։

Ինչպէս որ առաքեալները եւ իւղաբեր կանայք, Քրիստոսի խաչելութեան նախօրեակին ու անկէ անմիջապէս ետք, պարուրուած էին վախի զգացումով, ի տես թափուր գերեզմանին, մենք ալ մեր առօրեային ընթացքին յաճախ կ՚իյնանք վախի ու անորոշութեան ալիքներու մէջ։ Առաքեալներուն յուսախաբութիւնը փոխարինուեցաւ խաղաղութեամբ եւ յոյսով, երբ իմացան յաղթական աւետիսը, թէ՝ խաչեալ Քրիստոսը յարութիւն առած էր։

Ապա Սրբազանվը իր զատկական պատգամին մէջ կը գրէ. Քրիստոսի Ս. Յարութեան խորհուրդը իւրայատուկ իմաստ ու պատգամ ունի մեզի՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներուս համար, մանաւանդ այս օրերուն, երբ կ՛ոգեկոչենք յիշատակը 95 տարի առաջ գործադրութեան դրուած Ցեղասպանութեան զոհ մեր բիւրաւոր նահատակներուն։ Քաջարի մեր նահատակները եւս քալեցին Քրիստոսի զոհաբերութեան ճամբով. մենք եւս յաղթանակ տարինք մահուան վրայ ու այսօր կը շարունակենք վերականգնումի, մեր պատմութեան եւ հաւատքին հանդէպ հաւատարմութեան երթը։

Ս. Յարութեան տօնի խորհուրդին մասնակից ու առնչակից եղան իւղաբեր կանայք, որոնք հաւատարմութեան ու հաւատքի տիպար օրինակներ են բոլոր քրիստոնեայ կանանց, բայց մանաւանդ հայ կնոջ համար, որուն ձօնուած է 2010 տարին։ Հայ Կինը եւս հաւասար մասնակից է եղած մեր պատմութեան ու աւանդութեանց, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական մեր կեանքի կերտումին մէջ, տոգորուած՝ Ս. Յարութեան յաղթանակի պատգամով։

«Թող ձեր վայելած շնորհքն ու խաղաղութիւնը առատանան՝ Աստուծոյ եւ մեր Տիրոջ Յիսուսի մասին ձեր ունեցած գիտութեամբ»։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ 








All the contents on this site are copyrighted ©.