2010-04-06 11:47:18

Ակնարկ մը միջազգային դէպքերու


Ակնարկ մը միջազգային դէպքերու
Միացեալ Նահանգներ-Մեքսիքա սահմանին վրայ երկրաշարժ մը երկու զոհ եւ հարիւր վիրաւոր պատճառեց։
72 ռիխթըր ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը զգալի դարձաւ հարաւային Քալիֆորնիոյ եւ հիւսիսային Մեքսիքայի մէջ։ Երկու զոհերը արձանագրուեցան Մեքսիքայի մէջ։ Անոնցմէ մէկը մեռաւ, երբ բնակարան մը փուլ եկաւ, իսկ երկրորդ զոհը արձանագրուեցաւ ինքնաշարժի արկածի մը ընթացքին, երբ երկրաշարժի պատճառով ճամբուն լոյսերը մարեցան։Մեքսիքալի սահմանամերձ քաղաքը կը գտնուի երկրաշարժի կեդրոնատեղիին մօտ, որ կը գտնուէր հազիւ տասը քիլոմեթր խորութեան վրայ։ Քաղաքը զրկուեցաւ ելեկտրական հոսանքէ։ Բազմաթիւ շէնքեր վնասուած են, սակայն բնակարանային մեծաթիւ քանդումներ չկան։ Վնասուեցաւ նաեւ Մեքսիքալիի եւ Թիխուանայի միջեւ գտնուող մայրուղին։
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ Է ՍՓԻՒՌՔԸ Բ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ



Վերջերս Երեւանի պատմութեան թանգարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ Սփիւռքը Բ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն խորագիրով ցուցահանդէսին, որուն նպատակն էր լուսաբանել եւ արժանի գնահատականը տալ պատմական այն իրադարձութիւններուն, որոնք այնքան կարեւոր եւ ճակատագրական ընթացք տուին պատերազմական գործողութիւններուն։ Այս ցուցահանդէսով ներկայացուած է այն մեծ աւանդը, որ ներդրեց սփիւռքահայութիւնը Բ Աշխարհամարտի տարիներուն։ Սփիւռքի բոլոր գաղթօճախներուն մէջ՝ Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Պուլկարիա, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ ստեղծուած են կամաւորական շարժումներ, որոնք ամբողջ պատերազմի ընթացքին պայքարած են նացիներուն դէմ։ Քիչ չեն նաեւ այն անհատները, որոնք յանուն ազատութեան վեհ գաղափարի








All the contents on this site are copyrighted ©.