2010-04-05 10:07:08

Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս Եօթնախորան եկեղեցին ։


Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս Եօթնախորան եկեղեցին ։

Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին կը գտնուի Տիարպեքիրի Սու-իչիի թաղային տարածքին մէջ։ Այս հոգեւոր կառոյցը երբեմն կը յիշատակուի իբրեւ եկեղեցի, երբեմն՝ վանք եւ երբեմն ալ վանական համալիր Սուրբ Սարգիս եւ Սուրբ Յակոբ Շափելի եկեղեցիներու հետ միասին, որոնք ներկայիս աւերակ են։ Տեղացիներու համար Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին Տիարպեքիրի խորհրդանիշն է, եւ հէնց այդ պատճառով կ'աջակցին եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքներուն։ Եկեղեցւոյ վերաբերեալ բաւական սակաւ, սակայն տեղեկութիւններ ու յիշատակումներ կան ինչպէս հայկական, այնպէս ալ օտար աղբիւրներու մէջ։
Օտարներէն, Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մասին, առաջին անգամ կը գրէ լեհ ճանապարհորդ Սիմեոնը իր ճամբորդական օրագրութեան մէջ։ Ան այս տարածաշրջանը ճամբորդած է 1610-1615 թթ.։ Երբ 1515-18 թուականներուն Ֆաթիհ Փաշա մզկիթի հարեւանութեամբ գտնուող Սուրբ Թեոտորոս եկեղեցին վերածուած է մզկիթի, եկեղեցապատկան գերեզմանոցի տեղը կառուցուած է Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին։
Այս մասին կը վկայէ եկեղեցւոյ առաջին եւ ամէնահին վկայութիւնը Սիմեոնի ճամբորդական օրագրութիւնը, որուն մէջ, սակայն, չի նշուիր կառուցման տարեթիւ։
Տիարպեքիրի մէջ կան հայկական այլ երկու եկեղեցիներու աւերակներ։ Երկուքէն մէկը հայ կաթողիկէ, իսկ միւսը հայ բողոքական եկեղեցի են։ Մէկը դեռ եւս 2 տարի առաջ իբրեւ աղբանոց կ'օգտագործուէր։ Յաջորդ եկեղեցին ասորական Ս. Մարիամ Աստուածածինն է Տիարպեքիրի քաղդեականներու, ասորիներու եւ հայերու համար քրիստոնէական միակ տաճարը։ Այստեղ ժամերգութիւն կը մատուցէ ասորի քահանայ Եուսուֆ Աքբուլութը։
1915-1960 թթ. Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին օգտագործուած է որպէս զինապահեստ, ապա դարձած Սումերպանկ դրամատան գրասենեակ։ Այնուհետեւ իշխանութիւնները եկեղեցին վերադարձուցած են հայ համայնքին, բայց ահաւոր աւերուած եւ թալանուած վիճակի մէջ։ Գողցուծ են նոյնիսկ դրան մուրճիկներն ու բարձրադիր պատերու արձանագրութիւնները։ Սկսած 1990-ական թուականներէն եկեղեցւոյ տարածքը ապաստան դարձած է շրջակայ գիւղերէն փախած քիւրտ ընտանիքներու համար։
Պատմական հայկական եկեղեցին ունեցած է շատ մեծ գաւիթ, որտեղ տեղաւորուած են հարիւրաւոր հայ ընտանիքներ, դասասենեակներ, որոնք այնքան բարձր, մեծ ու լուսաւոր եղած են, որ կոչած են դասասրահներ, ունեցած է նաեւ մեծ ու փոքր խոյակներով զարդարուած բազմաթիւ խցեր։ Տաճարի բուն խորանը կառուցուած է բացառիկ նրբաճաշակութեամբ։ Ունեցած է եօթը խորան։
Այս հրաշալի կառոյցը կամաց-կամաց սկսաւ մոռացութեան մատնուիլ այն ժամանակի ընթացքին, երբ իրենց հայրենի հողին վրայ արմատ ձգած բնակիչներուն բռնի կերպով տեղահանեցին դարձնելով Մեծ Եղեռնի առաջին զոհերը։
Հայերու թաղամասին մէջ շարունակեցին իրենց գոյութիւնը պահպանել միայն մի քանի հայ ընտանիքներ, որոնք թաքցնելով իրենց ազգային ինքնութիւնը շարունակեցին ազգի եւ հայրենիքի հանդէպ հաւատարմութիւնը դրսեւորել ներքուստ, իսկ արտաքուստ դարձան մահմետական, քիւրտ ու թուրք։
2004-ին տեղւոյն հայերու թիւը կը կազմէր 22 հոգի։ 2006-ին այս թիւը իջած է 7-ի։ Հիմա այնտեղ երեք հայ մնացած են, որոնք դեռ կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ իրենց պապերու հողին, կը շարունակեն հսկել եկեղեցւոյ աւերակները եւ դեռ յոյս ունին, որ օր մը կրկին կուգան Հանչեփեքի երջանիկ ու ուրախ օրերը, երբ հարեւանը հայ էր, ու թաղն ամբողջութեամբ քրիստոնեաներ էին։
Վերջին շրջանին թէ՛ Թուրքիայի Եւրամիութեան անդամակցութեան խնդրի պատճառով, թէ՛ քիւրտերու իւրօրինակ ակտիվութեան հետեւանքով յատկապէս Վան, Տիարպեքիր շրջաններու հայկական մշակութային կոթողներու նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն առաջացած է։ 2009 թուականի Հոկտեմբեր 30-ին Թուրքիոյ իշխանութիւնները պաշտօնապէս յայտարարեցին եկեղեցւոյ վերանորոգման մասին։







All the contents on this site are copyrighted ©.