2010-04-05 13:31:52

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Ողջ Լեր թագուհի մարեմեան աղօթքը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Ողջ Լեր թագուհի մարեմեան աղօթքը։



Երկուշաբթի ապրիլ 5, Քրիստոսի փառաւոր Յարութեան եկրորդ օրը, որ նաեւ կը կոչուի Հրեշտակի օր, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Ողջ Լեր թագուհի մարեմեան աղօթքը արտասանեց, գասթել Կոնտոլֆօ քահանայապետական ամառանոցէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,



Քրիստոս ճշմարտապէս յարութիւն առաւ` ալէլուեա։

Սիրելիներ, Զատկուայ տօնակատարութիւնը թող ըլլայ ամէնուն

համար տօնական ուրախալի օր մը , նման այն կիներուն որոնք գերեզման մտան եւ տեսան երկիտասարդ մը, նստած աջ կողմը եւ հագած սպիտակ հագուստ եւ սաստիկ վախցան։ Հրեշտակը ըսաւ անոնց. ''մի վախնաք, գիտեմ, դուք Յիսուս նազովրացին կը փնտռէք, խաչուածը. յարութիւն առաւ, հոս չէ''։ Անոնք ելան գերեզմանէն ու փախան, որովհետեւ սաստիկ վրդոված` կը դողային փորձարկելէ ետք Տիրոջ յարութիւնը։

Ձեզ ալ կը հրաւիրեմ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, այս բարի լուրը հաղորդելու ձեր շրջապատին։ Յարուցեալ Քրիստոսի յարութենէն զօրացած, գիտնանք մեր զատկական ցնծութիւնը դրսեւորել ու տարածել քրիստոնեական յոյսի գեղեցկութիւնը։ Մի վախնաք վկայութիւն տալու թէ Յիսուս ողջ է ու մեր մէջեւ ներկայ է։ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով.

Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ զատկակակն բարի տօն։



Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց / Օրհնեալ է յարութիւն Քրիստոսի։



Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, այժմ մեր աղօթքը բարձրացնենք ամենասուրբ Կոյս Մարիամին, կոչելով զայն երկինքի Թագուհի, թող օգնէ մեզի լիովին ընդունելու զատկական խորհուրդը եւ դառնալու քաջ եւ ուրախ պատգամաբերները Քրիստոսի յարութեան։

Իսկ այժմ լսելի կ'ընենք Սրբազան Հօր տուած օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.