2010-04-05 10:06:53

Լուրեր հայ կեանքէն։


Լուրեր հայ կեանքէն։

Մարգարիտ Աճէմեան-Ահներթ. Գրածս գեղարուեստական ստեղծագործութիւն չէ։
Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Մարգարիտ Աճէմեան-Ահներթի Դռան թակոցը գիրքի հայրերէն թարգմանութեան շնորհանդէսը։ Մասնագիտութեամբ արուեստաբան Աճէմեան-Ահներթը գրի առած է իր մօր՝ 99 տարեկանին մահացած Եսթէր Ահարոնեան-Միներաճեանի յուշերը Ցեղասպանութեան վերաբերեալ։
Գիրքը (անգլերէն) լոյս տեսած է 2007 թուականին՝ նոյն տարին հեղինակին բերելով ամերիկեան Մարդասիրական մրցանակը, իսկ մէկ տարի անց՝ Նիւ Եորքի ամենամեայ տօնավաճառին մէջ ճանչցուելով լաւագոյնը Պատմական յուշագրութիւն անուանակարգին։

Քաշաթաղի մէջ թերթ կը հրատարակուի
ԼՂՀ կառավարութեան ջանքերով, 2009ի Հոկտեմբերին, Քաշաթաղի մէջ կեանքի կոչուած է Մերան ընկերութիւնը, որ նոյն տարեվերջին լոյս ընծայած է շրջանային Մերան թերթի առաջին թիւը։
Մերանը լոյս կը տեսնէ ամիսը երկու անգամ՝ 500 տպաքանակով։ Անիկա, բացի Քաշաթաղէն, կը տարածուի նաեւ Ղարաբաղի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի եւ Հայաստանի հանրապետութեան մէջ։
Հայ օգնութեան միութեան Արարատ մրցանակի շնորհումը Նիր Իսթ Ֆաունտէյշընի

Նիւ Եորքի մէջ կայացած ՀՕՄ-ի հարիւրամեակի տօնակատարման յայտագրին մաս կը կազմէր Հայ օգնութեան միութեան Արարատ մրցանակի յանձնումը Նիր Իսթ Ֆաունտէյշըն ամերիկեան մարդասիրական հիմնարկին, որ 95 տարիներ առաջ կը հիմնուէր՝ ի տես Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Մեծ եղեռնին ստեղծած մարդկային աննախընթաց ողբերգութեան։ Իր հարիւրամեակէն եօթը տարի առաջ, 2003 թուականին, ՀՕՄ-ը կը հաստատէր Արարատ մրցանակը, որուն առաջին մրցանակակիրը կը հանդիսանար շարժանկարի համաշխարհային համբաւ վայելող տաղանդաւոր քանատահայ բեմադրիչ Աթոմ Էկոյեանը, որուն նոյնանուն Արարատ շարժանկարը համայն աշխարհի առջեւ կը պարզէր այն ահաւոր ազդեցութիւնը, որ Մեծ եղեռնը թողած էր ցեղասպանութենէն վերապրող հայութեան յաջորդական սերունդներուն հոգեկան անդորրութեան վրայ։

ՀՕՄ-ի Արարատ մրցանակին կ'արժանանան բացառիկ անձնաւորութիւններ ու կազմակերպութիւններ, որոնց հայանպաստ կեցուածքը չի բաւարարուիր խօսքի ու խոստումներու շռայլումով, այլ կ'արդիւնաւորուի մարդասիրական կենդանի գործի անսակարկ իրականացումով։

Նշենք թէ Նիր իսթ ռիլիֆը հիմնուած էր 1915-ին, Օսմանեան կայսրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ուղղած մէկ հեռագրին շնորհիւ, որուն մէջ դեսպանը կընդգծէր, որ՝ հայ ցեղի բնաջնջումը արագընթաց կը յառաջդիմէ։ 1919-ին կազմակերպութիւնը պաշտօնապէս կարտօնագրուի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ եւ կը նշանակուի Մերձաւոր Արեւելք ամերիկեան օժանդակութեան բաշխումի գլխաւոր կառոյցը։








All the contents on this site are copyrighted ©.