2010-04-03 12:30:49

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը։

Շաբաթ ապրիլ 3, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը գիշերուայ ժամը 9ին, ս. Պետրոս տաճարին մէջ կը հանդիսապետէ Աւագ շաբաթուայ ճրագալոյցի պատարագը։ Ծիսակատարութիւնը սկիզբ կ'առնէ տաճարին գաւիթը կրակավառութեան օրհնութեամբ։ Ապա Նորին Սրբութիւնը մուտք կը գործէ տաճարը Զատկական մոմով մինչ երգչախումբը կ'երգէ Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց շարականը։

Մարգարէական ընթերցումներէն անմիջապէս ետք կը յաջորդէ 6 չափահասներու մկրտութիւնը, երկու այրեր` մէկը ճաբոնցի եւ միւսը ռուս, չորս կիներ` սոմալցի, սուտացի եւ 2 ալպանացի։ Հուսկ ճրագալոյցի համապատարագը։

Կիրակի առաւօտ ս. Պետրոս տաճարի հրապարակին վրայ Նորին Սրբութիւնը կը գլխաւորէ Զատկական պատարագը, որուն աւարտին Սրբազան Հայրը զատկական պատգամը եւ օրհնութիւնը կու տայ Հռոմի եւ երկրագունդի բնակիչներուն։

Նշենք թէ ս. Պետրոսի հրապարակը պէսպէս բոյսերով ու ծաղիկներով կը զարդարուի նուիրատուութեամբ Հոլլանտայի պարտէզպաններու։

Երկուշաբթի` հրեշտակի օր ըստ լատինաց, Նորին Սրբութիւնը Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը կ'արտասանէ քահանայապետական ամառանոցէն

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողոկոս Պատրիարքի խորհրդածութիւնը Քրիստոսի թաղման կարգ՝ արարողութեան ընթացքին։
Ոուրբաթ, 2 ապրիլին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ ժամերգութիւն եւ Քրիստոսի թաղման կարգ՝ նախագահութեամբ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ պատրիարքին։
Այս առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ Հոգեւոր Տէրը նկատել տուաւ, որ Յիսուս իր վրայ առաւ մեր բոլոր յանցանքներն ու տկարութիւնները եւ իր արիւնը թափելով մեզ ազատագրեց մահէ՝ բաժնեկից դառնալով մեր ցաւերուն ու տագնապներուն։ Խաչին վրայ Յիսուս քանդեց թշնամութեան բաժանող պատը եւ հաշտեցուց մարդիկը Աստուծոյ ու իրարու հետ, հաստատեց Ներսէս Պետրոս ԺԹ պատրիարքը՝ աւելցնելով, որ խաչը պատիժ ըլլալէ աւելի հաւատացեալին համար դարձած է փառքի ու պարծանքի պատճառ։
Եզրափակելով իր խօսքը՝ Ներսէս Պետրոս ԺԹ պատրիարքը ըսաւ Քրիստոս եկաւ մեր ցաւերուն տալու նոր իմաստութիւն եւ մեզի աւետելու անոնց գերազանցումը, առանց հաւատքի ցաւը անիմաստ է հաւատացեալին համար, ցաւը յոյսի պատճառ է։
Եկեղեցական արարողութենէն ետք Յիսուսի թաղման թափօրը շրջեցաւ Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.