2010-04-02 14:13:41

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Ուրբաթ 2 Ապրիլ 2010` Աւագ Ուրբաթ է։ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, յետմիջօրէին կը հանդիսապետէ Յիսուսի չարչարանաց կարգը որ կը սկսի երեկոյեան ժամասացութեամբ, ապա խաչի երկիրպագութեամբ։ Օրուան քարոզը կ'արտասանէ քահանայապետական տան քարոզիչը ֆրանչիսկեան հայր Ռանիէրօ Գանդալամեսան։ Իսկ իրիկունը ժամը 9.30ին Նորին Սրբութիւնը կը գլխաւորէ Ճանապարհ Խաչի ջերմեռանդութիւնը որ կը կատարուի Հռոմի աշխարհահռչակ Գոլիզէոյի մէջ։

Նշենք թէ՝ Աւագ Ուրբաթ օրը նուիրուած է մասնաւորապէս Ս. Երկրի քրիստոնեաներուն, ամէն տարի այս օրը, աշխարհի բոլոր եկեղեցիներու մէջ դրամահաւաք կը կատարուի Ս. Երկրի բոլոր հաւատացեալներու կարիքներուն համար։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին իւղերու պատարագը Ս. Պետրոս տաճարին մէջ։

Աւագ Հինգշաբթին՝ կը ցոլացնէ եկեղեցւոյ տօնացոյցին ամէնէն հարուստ ու դաստիարակիչ պատգամները, որոնք ամփոփուած են Աւագ հինգշաբթի օրուան արարողակարգին մէջ։

Նորին Սրբութիւնը իւղերու պատարագին արտասանած քարոզին մէջ ըսաւ. ՜՜Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ մերժել անարդար օրէնքները. ինչպէս` վիժումը, նաեւ կը նշանակէ բերել մարդոց խաղաղութիւն, եւ ամուր մնալ տառապանքի ու փորձանքի ժամանակ՝՝։

՜՜Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ, Քրիստոսի նման, ըլլալ օծուած Ս. Հոգւոյ իւղով, որ կու տայ թէ ՜՜ոյժ ՝՝մերժելու՝ թիւր եւ անարդար օրէնքները, եւ միաժամանակ հաւատարիմ մնալու՝ Աստուծոյ, հակառակ կեանքի դժուարութիւններուն ու տառապանքին։ Յիսուսի նմանիլ կը նշանակէ նաեւ՝ չպատասխանել, մարդոց կողմէ տրուած նախատինքին, միշտ վստահելով Աստուծոյ արդար դատաստանին՝՝։

Պատարագին ընթացքին Նորին Սրբութիւնը օրհնեց իւղը երախայից, հիւանդաց եւ կնունքի։

Ծիսակատարութեանց ծիրին մէջ, Աւագ Հինգշաբթի օրը, Զալքայի հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ(Լիբանան) կատարուեցաւ Ոտնլուայի կարգ։

Եկեղեցական արարողութիւնը կատարեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս-պատրիարքը, որ այս առիթով արտասանած իր պատգամին մէջ ներկայացուց Ոտնլուայի արարողութեան խորհրդանիշները։

Իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Արամ Ա. իր հայրապետական պատգամին մէջ յատկապէս շեշտեց խոնարհութեան ու սիրոյ վրայ հիմնուած մարդկային ընկերութեան իտէալ կեանքը։

Քրիստոնէական կեանքի իբրեւ հիմք՝ այս երկու ոսկեայ կանոնները ներկայացուց վեհափառը՝ ըսելով, թէ խոնարհութիւնն ու սէրը, քրիստոնէական կեանքին երկու սիւներն են։ Այդ սկզբունքներու մեծագոյն ուսուցիչին՝ Քրիստոսի այդ ճամբէն ընթացած ըլլալը ներկայացնելով, վեհափառը ցոյց տուաւ, թէ իր աշակերտներուն առջեւ խոնարհելով անոնց ոտքերը լուալու արարքին մէջ, Քրիստոս ամփոփեց մարդկութեան իր տուած մեծագոյն դասը։ Սիրոյ ու խոնարհութեան գաղափարը կեանքի ու ծառայութեան վերածեց Յիսուս։ Այլապէս անոնք բաղձալի վիճակներ կը մնան։ Գործնապէս զանոնք արտայայտելը , ըսաւ վեհափառը , քաջութիւն եւ մանաւանդ նուիրում կը պահանջէ ։

Երեկոյեան, բոլոր հայ եկեղեցիներու մէջ, կատարուեցաւ հսկում, չարչարանքի աւետարաններու ընթերցում եւ խաւարման կամ Լացի գիշերուան խորհրդաւոր արարողութիւնը։ Պահպանեա՛ աղօթքով ու Կենաց փայտի օրհնութեամբ, ուշ գիշերին հաւատացեալներ մեկնեցան Աւագ հինգշաբթիի խորհուրդով վերանորոգուած։








All the contents on this site are copyrighted ©.