2010-04-02 14:01:02

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Հայաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար Արմէն Արզումանեան՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Ուաշինկթընի մէջ կը նախատեսուի՞ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումը Թուրքիոյ ներկայացուցիչին հետ, յայտնած է, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 12-13 ապրիլին Ուաշինկթընի մէջ պիտի մասնակցի Հիւլէական անվտանգութեան վեհաժողովին, եւ այդ վեհաժողովին ծիրին մէջ նախատեսուած են Հայաստանի ղեկավար երկկողմանի տարբեր հանդիպումներ։ Նշենք, որ Թուրքիա տակաւին չէ կողմնորոշուած, թէ ո՛վ պիտի մասնակցի Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունենալիք վեհաժողովին։ Նախապէս կը նշուէր, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ուաշինկթըն պիտի մեկնի, սակայն աւելի ուշ թրքական լրատուամիջոցները այդ լուրը հերքեցին։ Միւս կողմէ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ՝ 1 ապրիլին շարք մը օրէնքներ ստորագրած է։ Նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Սերժ Սարգսեան ստորագրած է Հայաստանի Ազգային Ժողովին ընդունած Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացում կատարելու մասին, Հայաստանի ընտրական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին եւ Հայաստանի քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքին մէջ լրացում կատարելու մասին օրէնքները։

ՌՈՊԸՐՏ ՊՐԱՏՔԷ ՔՈՉԱՐԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ռոպըրթ Պրատքէ 27 մարտին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի հետ։ Նախկին նախագահի գրասենեակի ղեկավար Վիքթոր Սողոմոնեան ՝՝Ազատութիւն՝՝ ձայնասփիւռի կայանին հաղորդած է, որ հանդիպումը տեղի ունեցած է ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ՝ Քոչարեանի գրասենեակին մէջ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ղարաբաղեան տագնապի լուծման ներկայ հանգրուանին վերաբերող հարցեր։
ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐՈՒԱԾ ԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐ։
19 մարտ 2010-ին, Րաֆֆի Թիթիզեան, որ 1985 թուականէն ի վեր արգելափակուած էր քանատական բանտերուն մէջ, օրինական երկարատեւ եւ հանգրուանային գործընթացի մը իբրեւ յանգում, իր պայմանաւորուած արձակումը ստացած է Քանատայի Բանտային սպասարկութենէն։ 1985-ին Օթթաուայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան գրաւման եւ այդ դէպքի ընթացքին պահակի մը կեանքի կորուստին իբրեւ հետեւանք, ան դատապարտուած է ցմահ բանտարկութեան։ Նշենք նաեւ որ Գէորգ Մարաշլեան եւ Յովիկ Նուպարեան, որոնք նոյն դէպքերուն պատճառով դատապարտուած են նոյն վճիռին, Քանատայի բանտային եւ Պայմանաւորուած արձակումի օրինական համակարգին ներքեւ, 19 փետրուար 2010-ին իրենք եւս ստացան արտօնութիւնը վերադառնալու ընկերութեան մէջ եւ իրենց ընտանիքներուն մօտ։

ԵՐԳՉՈՒՀԻ ԷՎԱ ՌԻՎԱՍ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ։
Eurovision-ի Հայաստանի ներկայացուցիչ Էվա Ռիվաս Յունաստանի մէջ ծիրանի ծառերու ծառատնկում պիտի կատարէ Երկուշաբթի 5 Ապրիլի առաւօտեան ժամը 11ին, Նէա Զմիռնիի Ալսոս պուրակէն ներս։ Թեսաղոնիկէի եւ Աթէնքի մէջ նախատեսուած, Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութեամբ կազմակերպուող Թաթա Սիմոնեանի համերգին իր մասնակցութիւնը բերելու նպատակով, Աթէնք ժամանած է երիտասարդ եւ գեղեցիկ հայ երգչուհին ։ Էվա Ռիվաս միաժամանակ անշուշտ Eurovisionի երաժշտական մրցումին իր ներկայացուցած Apricot Stone երգի ծանօթացումը պիտի կատարէ։ Այսպէս հայրենիքէն բերուած ծիրանի ծառերու խորհրդանշական ծառատնկումներ նախատեսուած են։ Առաջինը տեղի կ՝ունենայ այսօր առաւօտուն, Թեսաղոնիկէի նահանգապետութեան շրջափակէն ներս, նահանգապետ Փանաեոթիս Փսոմիատիսի ներկայութեան։ Ապա երկրորդը, պիտի կատարուի Երկուշաբթի 5 Ապրիլին, առաւօտեան ժամը 11ին, Աթէնքի Նէա Զմիռնի թաղամասի Ալսոս պուրակէն ներս։

ԱՊՐԻԼ 24ին՝ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ։
Անգարայի «Մտածումի ազատութեան նախաձեռնութիւն» խմբակը, Ապրիլ 24-25ին պիտի կազմակերպէ հայ եւ թուրք մտաւորականներու հանդիպում մը, որուն ընթացքին մտաւորականները պիտի քննեն Հայկական Ցեղասպանութեան առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ հայութեան կալուածներու բռնագրաւման եւ վնասուց հատուցում ապահովելու կարելիութիւնները:
Ցարդ հաստատուած մասնակիցներուն մէջ պիտի ըլլան հրատարակիչ եւ Թուրքիոյ Մարդկային իրաւանց միութեան հիմնադիրներէն Ռակըփ Զարաքօլու, հեղինակ Ռեճեփ Մարաշլը, որ գրած է «Հայ ազգային ժողովրդավարական շարժումը եւ 1915ի Ցեղասպանութիւնը» հատորը, մարդկային իրաւանց գործիչ եւ գրող Սայիտ Չեթինօղլու, ցեղասպանագէտ դոկտ. Տէյվիտ Կաունթ, իմաստասիրութեան դասախօս (Ուուսթըրի նահանգային համալսարան) փրոֆ. Հենրի Թերիոթ եւ «Արմինիըն Ուիքլի»ի խմբագիր Խաչիկ Մուրատեան:
Հրանդ Տինքի յիշատակին նուիրուած սոյն գիտաժողովը բաժնուած է չորս բաժիններու.
ա. Հայկական Ցեղասպանութեան պատմականը.
բ. Պաշտօնական ուրացման քաղաքականութիւնը՝ սկսած Միութեան եւ յառաջդիմութեան յանձնախումբին օրերէն, հասնելով մինչեւ քեմալական տարիները.
գ. Տնտեսութեան թրքացումը եւ հայկական կալուածներու բռնագրաւումը.
դ. Ի՞նչ պէտք է կատարուի եւ ինչպէ՞ս:







All the contents on this site are copyrighted ©.