2010-04-01 13:31:00

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը։


Յիսուսի Չարչարանաց, Մահուան ու Յարութեան երրեակ ծիսակատարութիւնները Հռոմի մէջ. գլխաւորութեամբ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին։

Աւագ Հինգշաբթի, Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրերը, հարուստ են հոգեպարար

ծիսակատարութիւններով, որոնք կը ոգեկոչեն մարդկութեան փրկչագործութիւնը շնորհիւ ՝ Աստուծոյ Միածին Որդի` Յիսուս Քրիստոսի ։

Հինգշաբթի օրը առաւօտեան, Նորին Սրբութիւբնը Վատիկանի մէջ կը գլխաւորէ Ս. Միւռոնի օրհնութեան պատարագը, որուն ընթացքին եպիսկոպոսը շրջապատուած իր քահանաներով կ'օրհնէ իւղերը ։ Այս առթիւ եկեղեցական դասը կը վերանորոգէ իր ուխտերը։

Իսկ յետմիջօրէին, Նորին Սրբութիւնը Հռոմի Ս. Յովհաննէսի նուիրուած տաճարին մէջ կը գլխաւորէ ժամերգութիւն և Կարգ ապաշխարողացը եւ կը կատարէ ոտնլուայի արարողութիւնը՝ ՜՜ոտքերը լուալով Հռոմի թեմի 12 քահանաներու ի յիշատակ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի մատնութեան՝՝։ Հուսկ կը գլխաւորէ Վերջին ընթրիքի պատարագը, որուն ընթացքին Յիսուս Քրիստոս հաստատեց ամենասուրբ Հաղորդութիւնը.ըսելով ՜՜Առէք կերէք այս է իմ մարմինը։ Առէք խմեցէք այս է իմ արիւնը՝՝։ Այս ծիսակատարութեան ընթացքին Աստուծոյ ժողովուրդը կը հրաւիրուի նուիրատուութիւն կատարելու, նորընծայարանի մը կառուցումին համար Հայիթիի մայրաքաղաքին մէջ, որ թիրախ է ողբերգական երկրաշարժի։

Նշենք որ այսօր Հինգշաբթի 1 Ապրիլ 2010-ի երեկոյեան ժամը 8-ին Հռոմի Լեւոնեան Հայ դպրեվանքի Սուրբ Նիկողայոսի անուան Եկեղեցւոյ մէջ, տեղի կ'ունենայ խաւարման կարգը, հանդիսապետութեամբ՝ գերյ. Հ. Յովսէփ Ծ. Վրդ. Քէլէքեանի մեծաւորը՝ Լեւոնեան Հայ դպրեվանքին։

Իսկ վաղը Ուրբաթ 2 Ապրիլ, Աւագ Ուրբաթ է, յիշատակը՝ Յիսուս Քրիստոսի չարչարանքներուն և խաչելութեան

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, յետմիջօրէին, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Յիսուսի չարչարանաց ծիսակատարութիւնը, որուն կը յաջորդէ խաչի երկրպագութեան յուզիչ արարողութիւնը։ Ապա գիշերուայ ժամը 9.15ին Նորին Սրբութիւնը կը մասնակցի ճանապարհ խաչի բարեպաշտական աղօթքին։ Այս տարուայ ճանապարհ խաչի 14 հանգրուաններու մտածականը պատրաստեց կարտինալ Ռուինի, երբեմնի տեղապահը Հռոմի թեմին ։

Շաբաթ օրը` Քրիստոսի յարութեան ճրագալոյցն է, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, գիշերուայ ժամը 9-ին սկիզբ կ'առնէ ճրագալոյցի պատարագը, որ կը սկսի կրակավառութեամբ եւ ապա լուսաւորուած մոմերով թափօր կը կազմուի դէպի Ս. Պետրոսի աւագ խորանը, ուր Նորին Սրբութիւնը մկրտութեան խորհուրդը կը մատակարարէ չափահասներու եւ որուն կը յաջորդէ համապատարագը մասնակցութեամբ՝ կարտինալական դասին։
Իսկ Հռոմի հայերուն համար, Շաբաթ օրը երեկոյեան ժամը 5.30ին, Ս. Վլասի անուան հայոց Եկեղեցւոյ մէջ, սկիզբ կ'առնէ Երեկոյեան ժամերգութիւն, որուն կը յաջորդեն սուրբ գրային ընթերցուածներն ու Դանիէլ մարարգրէի թուղթը, ապա կը մատուցուի Ս. Պատարագը, որմէ յետոյ կը կատարուի նախատօնակ եւ հիւրասիրութիւն եկեղեցւոյ աւանդատան մէջ։
Կիրակի 4 Ապրիլ 2010-ին ` մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան տօնն է, Նորին Սրբութիւնը Ս. Պետրոս հրապարակի վրայ, կը գլխաւորէ Ս. Զոհը առաւօտեան ժամը 10.15ին եւ ապա Ս. Պետրոս տաճարի ճակատի պատշգամէն ՜՜Զատկական պատգամը կ'ուղղէ եւ կ'օրհնէ Հռոմ քաղաքը ու երկրագունդը՝՝



Սրբազան Քահանայապետը կը դատապարտէ Մոսկուայի մէջ կատարուած երկու մահափորձերը։
Մոսկուայի մեթրոյի զոյգ կայաներուն մէջ տեղի ունեցած պայթումներու հետեւանքով զոհուածներու ընդհանուր թիւը արդէն հասած է 39-ի։ Վիրաւորներու թիւը կը հասնի 73ի, որոնցմէ 30ին վիճակը կը գնահատուի՝ ծանր։ Մոսկուայի մէջ երկուշաբթի օրը ՜՜սուգի օր՝՝ յայտարարուած էր։ Բոլոր եկեղեցիներէն ներս հոգեհանգստեան պաշտօն մատուցուեցաւ։ Պայթումները իրականացուցին մահապարտ երկու կիներ։ Ոստիկանութիւնը արդէն տարածած է այս մահապարտներուն եւ անոնց երեք օգնականներուն լուսանկարները։ Այս կին մահապարտները յատուկ պատրաստութեան ժամանակաշրջան մը անցուցած էին Թուրքիոյ մէջ։
Նորին Սրբութիւնը իր ուղղած ցաւակցական հեռագիրին մէջ կը դատապարտէ անողորմ բռնարարքները եւ իր խոր ցաւը կը յայտնէ զոհերու ընտանեկան պարագաներուն նաեւ կ'աղօթէ բոլոր մեռեալներու համար խնդրելով Աստուծմէ որ զանոնք իր Արքայութեան մէջ ընդունի։

2010 Աւագ Ուրբաթ օրուայ ճանապարհ խաչի խորհրդածութիւնները պատրաստեց Կարտինալ Ռուինի, Հռոմի թեմի երբեմնի տեղապահը եւ նախագահը Իտալիոյ եպիսկոպոսական դասին։
Կարտինալ Ռուինի իր խորհրդածութիւնները կեդրոնացուց մարդոց չարութեան ու տառապանքին վրայ, որոնց մեղքը կը մթագնէ 'Քրիստոսի պայծառ դիմագիծը''։ Այս տխուր իրադարձութեան ի տես, կարտինալ Ռուինի նաեւ կ'առաջարկէ յոյսի դրական կէտեր, շեշտը դնելով՝ Աստուծոյ ողորմութեան վրայ։
Յայտնենք թէ երջանկայիշատակ Պօղոս Զ Քահանայապետը 1964 վերահաստատած էր ՜՜ ճանապարհ խաչի ջերմեռանդութիւնը Հռոմի Գոլիզէօ շրջանը՝՝։ Այս սովորութիւնը սկսած էր 1750ին ապա ժամանակներու ընթացքին ընդհատուած։ Քահանայապետը անձամբ կը շարդարէր մտածականները։
Բարեյիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը, 1985էն սկսեալ մեծ անձնաւորութիւններէն կը խնդրէր մտածականներու շարադրութիւնը։
Աւելցնենք նաեւ որ 2003-ին նոյնինքն Յովհաննէս Պօղոս Բ, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ կաթողիկոսէն խնդրած էր ՜՜այդ տարուայ ճանապարհ խաչի մտածականներու շարադրութիւնը՝՝։







All the contents on this site are copyrighted ©.