2010-04-01 13:26:24

Լուրեր հայկական կեանքէն


National Geographicը Կ՛անդրադառնայ Հայաստան Ծառատունկ Ծրագիրին

National Geographic թերթին համացանցային ամէնօրեայ լուրերու բաժնի խմբագիրը՝ Տէյվիտ Պրաուն, ընդարձակ յօդուածով մը, լուսանկարներով եւ տեսաերիզով, անդրադարձած է Հայաստան ծառատունկ ծրագիրին (Armenia Tree Project, ATP) կողմէ տարուող աշխատանքներուն՝ դրուատելով Հայաստանի կենսոլորտին եւ տնտեսութեան բարելաւման մէջ այդ կազմակերպութեան ունեցած յատկանշական դերակատարութիւնը։

Պրաուն գրած է, թէ Հայաստան դառն փորձառութենէ ետք շատ լաւ կը գիտակցի անտառներուն կարեւորութեան, եւ թէ հոն տեղի ունեցող ծառատունկի ծրագիրները կրնան աշխարհին համար օրինակ դառնալ։



Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Չինաստանի դեսպանը

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մէջ, Մարտ 30-ին, Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Հ Հ մօտ Չինաստանի նորանշանակ դեսպան՝ Թիան Չանչունին։

Վեհափառը, ողջունելով դեսպանը կարևորեց երկու ժողովուրդներու միջև հաստատուած սերտ ու բարեկամական կապերը, և յոյս յայտնեց, որ դեսպան Չանչունի պաշտօնավարութեան շրջանին, այդ համագործակցութիւնը, ալ աւելի կ'ամրապնդուի ու կը զօրանայ։

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաև երկու ժողովուրդներու հոգևոր կեանքին, ընգծուեցաւ հոգևոր կեանքի կարևոր դերը, հասարակութեան մէջ բարոյական-հոգեւոր արժէքներու ամրապնդման գործին մէջ։



Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարքի այցելութիւնը «Ազունիէ» ծերանոց- Պէյրութ, Լիբանան

Կիրակի, 21 Մարտ 2010-ին Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, ընկերակցութեամբ՝ գաւազանակիր Հայր Աւետիք Յովհաննէսեանի կատարեց իր անդրանիկ այցելութիւնը «Ազունիէ» ծերանոցին։ Սոյն այցելութիւնը կազմակերպած էր Զմմառու Մայրավանքի պատկանող՝ Ճիւնիի եկեղեցւոյ «Սէր» միութիւնը, զոր եօթը տարիներէ ի վեր կը գործէ ու կը վայելէ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ օրհնութիւնն ու քաջալերութիւնը.

«Ազունիէի» տնօրէնը, բժիշկներն ու պաշտօնէութիւնը դիմաւորելէ ետք Հոգեւոր Տիրոջ, անոնք մուտք գործեցին հաստատութեան հիւրասրահը ուր 70 ծերունիներ ծաբողջոյններով եւ մեծ ուրախութեամբ ընդունեցին Հոգեւոր Տէրը։ Պրն. Տնօրէնի բարի գալուստի խօսքէն ետք, Հոգեւոր Տէրը ինք եւս խօսք առաւ ապա կատարեց տուն օրհներգը, որմէ ետք իւրաքանչիւր պատսպարեալ ծերունիին յանձնեց նուէր մը. Հոգեւոր տէրը այցելեց իւրաքանչիւր անկել ծերունիին ննջասենեակը, որովհետեւ անոնք կարողացած չէին իջնել հաստատութեան հիւրասրահը ։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եւ «Սէր» միւթեան անդամները մասնակցեցան հաստատութեան օրուայ հացկերոյթին, որմէ ետք հաստատութեան կատարեցին նիւթական նուիրատութիւն եւ սննդական օժանդակութիւն։ Ասիկա առաջին անգամ չէ որ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը հետաքրքրուի Հայ ծերունիով, ան անցեալ ծնունդին այցելեց «Քահլ» ծերանոցը (Պուրճ Համմուտ) ու քաջալերելէ ետք իրենց ազգօգուտ ծառայութիւնն ու նուիրումը, ան կատարած էր նաեւ իր նիւթական ու բարոյական օժանդակութիւնը, նոյնպէս անցեալ ամառ «Ազունիէի» պատսպարեալ բոլոր ծերունիները հրաւիրած էր Զմմառու Մայրավանք ու միասնաբար հացկերոյթի ընթացքին զուարճալի օր մը անցուցած էին։

Այցի աւարտին հաստատութեան տնօրէն Պրն. Տիգրան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Հոգեւոր Տիրոջ եւ «Սէր» միութեան պատասխանատու՝ պրն. Ժոզէֆ Սեմերճեանի,‎ իրենց ազնիւ այցելութեան, եւ յատկապէս Հոգեւոր Տիրոջ Հայրական օրհնութեան ու իր կատարած նիւթական օժանդակութեան համար։







 
 

Հ.Հ. սփիւռքի նախարարի այցը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան -Պէյրութ, Լիբանան

Ուրբաթ, 26 Մարտ 2010-ին, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Հայաստանի հանրապետութեան սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեան, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան պրն. Աշոտ Քոչարեանին, այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան, ուր հանդիպում ունեցաւ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ Եկեղեցւոյ հոգեւոր Հայրերուն հետ:

Հանդիպման ընթացքին, Հոգեւոր Տէրը նախ բարի գալուստ մաղթեց նախարարին եւ յայտնեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մնայուն եւ հաստատ դիրքը հայ պետականութեան եւ հայրենաբնակ ժողովուրդին կողքին: Ապա արծարծուեցան զանազան նիւթեր, որոնք կ'առընչուին Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան , համահայկական ազգային խորհուրդ ծրագրի գործադրման հնարաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայադարձութեան հիմնախնդիրին մասին, իսլամացած հայերուն պարագային:

Հանդիպման աւարտին, Հոգեւոր Տէրը նախարարին նուիրեց յուշանուէր մը, սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի սրբապատկերով: Տիկին Հրանուշ Յակոբեան իր կարգին նուիրեց նախարարութեան կողմէ հրատարակուած զանազան գիրքեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.