2010-03-31 08:20:08

Քահանայական տարի – Ժան Մարի Վիաննէ – Ժան Մարի Վիաննէի միակ դիմանկարը


Քահանայական տարի – Ժան Մարի Վիաննէ – Ժան Մարի Վիաննէի միակ դիմանկարը



Տէր Թոգանիէ, խորհելով թէ ինչ պիտի ըլլայ վիճակը Վիաննէի մահէն ետք, կ’ուզէ մեծ եկեղեցի մը կառուցել ի պատիւ Սրբուհի Ֆիլոմէնի: Ուխտաւորները պիտի կարենան անոր մէջ սեղմուիլ առանց խճողումի եւ նման ուխտատեղի մը պիտի կարենայ երկար ատեն առինքնել ուխտաւոները:

Տէր Վիաննէ կարծես կը համոզուի: Կը քննէ ծրագիրները ճարտարագէտ Փիէռ Պոսանի եւ արձանագործ Էմիլիէն Գապուշէի, որոնք իր մօտիկ բարեկամներն են: Եւ սակայն իրենց հաւաքոյթը գէշ կը սկսի: Գապուշէ կ’ուզէ կիսանդրի մը շինել Վիանէի, բայց ինք բացարձակապէս կը հակառակի եւ չի թողուր որ լուսանկարեն զինքը: Այն ատեն կրօնի դասի մը ատեն, Գապուշէ, մոմի վրայ մատներով կը ձեւէ իր պատկերը, գլխարկին տակ աշխատելով: Տէր Վիաննէ կ’անդրադառնայ եւ կը սաստէ իրեն.

-Լաւագոյն պիտի ընես եթէ շունի գլուխ մը դնես իմինիս տեղ:

Բայց կ’ուզէ անոր շինածը տեսնել եւ կը մեղմանայ ու կ’ըսէ.

-Կարծեմ միւսներէն աւելի ծիծաղելի չէ:- Եւ այլեւս չի խօսիր:

Այս մոմէ կերպարը միակ հարազատ պատկերն է որ ունինք իրմէ: Բոլոր զինք ճանչցողները միաձայն կը վկայեն թէ ճիշտ իրեն կը նմանի:








All the contents on this site are copyrighted ©.