2010-03-31 13:25:03

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը

Չորեքշաբթի մարտ 31 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներու։

Սրբազան Հայրը, այսօր իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Աւագ Շաբաթուայ մեծ խորհուրդի նշանակութեան վրայ։



Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Այս սուրբ շաբաթուան ընթացքին Եկեղեցին կը հրաւիրէ մեզ խորհրդածելու մեր փրկչագործութեան գլխաւոր խորհուրդներու վրայ։ Կը հրաւիրեմ ձեզ սերտօրէն յառելու Քրիստոսի եւ ապրելու Անոր չարչարանքի, մահուան ու յարութեան խորհուրդը։

Ս. Իւղերու պատարագին ընթացքին, եպիսկոպոսներն ու քահանանաերը կը վերանորոգեն իրենց քահանայական ուխտերը։ Աղօթքս է որ անոնք ըլլան պատգամաբերները յոյսի, հաշտութեան ու խաղաղութեան։

Հինգշաբթի երեկոյեան` վերջին ընթրիքի պատարագը կը մատուցանենք։ Այս օրը կը վերակոչենք Յիսուսի հաստատած ամենասուրբ հաղորդութեան խորհուրդը, նոյնպէս կը յիշատակենք ոտն լուայի արարողութիւնը որ Յիսուս կատարեց իր աշակերտներուն ի նշան անոր անհուն սիրոյն։

Խաւարման գիշերը կը ոգեկոչենք Յիսուսի առանձնութիւնը Գեդսեմանի պարտէզին մէջ եւ կ'աղօթենք որպէսզի վերջ դրուի աշխարհի բոլոր կղզիացումներու։

Աւագ Ուրբաթ օրը կը յիշատակենք Քրիստոսի խաչելութիւնը եւ մահը ի նշան մարդկութեան մեղքերու գաւութեան։ Անոր մահը եղաւ միջոց մեր փրկութեան ու սիրոյ յաղթանակին մահուան վրայ։

Իսկ Աւագ Շաբաթ օրուայ լռութիւնը` հրաւէր մըն է աղօթքի եւ ապաշխարութեան, լաւագոյնս մասնակցելու Զատկուայ ծիսակատարութեան։

Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեզ ըսելով. Թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը մեզ առաջնորդէ լաւագոյնս ապրելու Սուրբ Շաբաթը Յարուցեալ Քրիստոսի ուրախութեան ու խաղաղութեան մէջ։

Այս խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը, զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները իր խնդակցութիւնը յայտնելով անոնց ներկայութեան, այս Սուրբ Շաբաթուան համար, կը մաղթեմ որ հաստատ մնաք Քրիստոսի փառաւոր չարչարանքի, մահուան ու յարութէեան խորհուրդին մէջ եւ այս առիթէն կ'օգտուիմ զատկական շնորհաւորութիւններս յայտնելու, ձեզի, ձեր պարագաներուն ու ձեր համայնքին։

Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց - Օրհնեալ է յարութիւն Քրիստոսի։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը քաջալերական խօսք մը ուղղեց երիտասարներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն, հրաւիրելով զանոնք բարի վկայութիւն տան իրենց քրիստոնեական հաւատքին թէ ձեր խօսքով եւ թէ բարի օրինակով։ Թող Մարիամ` Անարատ Յղացեալը օգնէ ձեզի հաւատքի մէջ հաստատ մնալու։

իսկ այժմ լսելի կ'ընենք Սրբազան Քահանայապետին տուած առաքելական օրհնութիւնը

 








All the contents on this site are copyrighted ©.