2010-03-27 13:50:56

Սուրբ Կուսին Աւետման տօնը Աշրաֆիէյի մէջ- Պէյրութ, Լիբանան


Սուրբ Կուսին Աւետման տօնը Աշրաֆիէյի մէջ- Պէյրութ, Լիբանան







Աստուածածնայ Աւետման տօնին առիթով, Հինգշաբթի, 25 Մարտ 2010 երեկոյեան ժամը 6.30-ին, Ամենապատիւ Տէր Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը  սուրբ  Պատարագ մատոյց Աշրաֆիէի սուրբ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպութեամբ Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան: Ներկայ էր Եկեղեցական դասը, Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերը, քաղաքական եւ կուսակցական անձնաւորութիւններ, Միութենականներ եւ հոծ բազմութիւն մը: Պատարագի աւարտին՝ Հոգեւոր Տէրը, եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեան եւ Փոխ-ժողովրդապետ՝ Տէր Կարապետ Քհն. Թադէոսեան ընդունեցին հաւատացեալներուն  բարեմաղթութիւններն ու շնորհաւորութիւնները, որմէ ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը երիտասարդ տաղանդաւորներով: Տօնակատարութեան աւարտին, եկեղեցական դասը եւ «Ս. Կուսին Աւետման» եկեղեցւոյ զանազան միութենականներ եւ բարեկամներ  Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ հետ մասնակցեցան երեկոյեան ընթրիքին:  

 
 
 
 









All the contents on this site are copyrighted ©.