2010-03-26 13:57:22

Լուրեր հայկական կեանքէն


Հայաստանի մէջ Յունիս մէկէն սկսեալ ոչ պարենային ապրանքներուն վրայ Հայերէնով նշագրումներ պիտի կատարուին։
Հայաստանի մէջ յունիս 1-էն սկսեալ ո՛չ պարենային ապրանքներու վրայ պիտի սկսին հայերէնով նշագրումներ կատարելու։ Այսպէս կը տեղեկացնէ Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան շուկայի եւ սպառողներու շահերու պաշտպանութեան պետական տեսչութեան նախագահը՝ Աշոտ Ղազարեան. յայտնելով . ՜՜ Մեր կողմէ պարտադիր մակնշման ենթակայ ոչ պարենային ապրանքներու ցանկը արդէն ներկայացուած է Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան։ Իսկ ներկայիս կընթանայ անոր նախապատրաստական գործընթացը, եւ 1 յունիսէն սկսեալ մօտաւորապէս բոլոր ապրանքային խումբերը պիտի ըլլան հայերէն նշագրումներով՝՝։
Սպառողներու իրաւունքներու պաշտպանութիւն հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Աբգար Եղոյեան յայտնած է ՜՜հայերէնով նշագրումները կարեւոր են ո՛չ միայն ազգային շահերէ մեկնելով, այլեւ անիկա կարելիութիւն պիտի ընծայէ վերահսկելու ապրանքին՝ ներկրողէն մինչեւ վաճառողը՝՝։

Հայաստան համահայկական հիմնադրամը Խմելու ջուրի ծրագիրը իրականացուցած է Սօս գիւղին մէջ։

Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինը եւ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնը միասնաբար հովանաւորած են Լեռնային Ղարաբաղի Մարտունի շրջանի Սօս գիւղի խմելու ջուրի ներքին ցանցի կառուցման եւ չգործող հին ջրամբարի վերանորոգման աշխատանքները։
Յայտնենք, որ արդէն իսկ պատրաստ է 76 քիլոմեթր երկարութեամբ ներքին ցանցը, իսկ փետրուարին սկսած էին հին ջրամբարի վերանորոգման եւ բաժանարար հորերու կառուցման աշխատանքները։
Յիշեցնենք, որ 2009-ին հիմնադրամը ջրամատակարարում ապահոված էր շրջանի Բերդաշէն եւ Սպիտակաշէն գիւղերուն։ Իսկ դպրոցաշինական ոլորտին մէջ ընթացքի մէջ են Գիշի եւ Ճարտար գիւղերու դպրոցներու կառուցման աշխատանքները։ Նշենք, որ վերջերս շահագործման յանձնուած է Սպիտակաշէնի նոր դպրոցը։

Հրանդ Մաթեւոսեանի ծննդեան 75-ամեակի նուիրուած միջոցառում։
Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոնին մէջ տեղի ունեցած է աւանդական միջոցառում մը, որ նուիրուած էր մեծ գրող Հրանդ Մաթեւոսեանի ծննդեան 75-ամեակին։ Հանդիսութեան ներկայ գտնուած են Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, Երեւանի քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեան, Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան, բարձրաստիճան այլ անձնաւորութիւններ եւ մաթեւոսեանասէր հասարակութիւն։
Ըստ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահին, Հրանդ Մաթեւոսեան ստեղծագործած է չափազանց ինքնատիպ գրականութիւն։ Ան իր գրականութեան միջոցով ստեղծած է նոր տիեզերք, նոր աշխարհ, որ բնակեցուցած է հասարակ մարդը, եւ որ ըստ իրեն, անոնք կը համարուին ազնուականներ։ Լ Անանեան շեշտած է, որ Հ Մաթեւոսեան յաջողած է տարածել հայու կերպարը ամբողջ աշխարհին մէջ։
Գրող, հրապարակախօս Զօրի Բալայեան յայտնած է, որ Հ Մաթեւոսեանի կեանքը փիլիսոփայութիւն էր, անոր միտքերը ուղղուած են դէպի ապագան, իսկ գործերը պատգամներ եւ դասեր են՝ ուղղուած հողագործին, որ պէտք է դառնայ հերոս։
Յիշեցնենք, որ Հ Մաթեւոսեան ծնած է Թումանեան շրջանի Ահնիձոր գիւղը։ 1952-ին տեղափոխուած է Երեւան։ 1995-2000 թուականներուն նախագահած է Հայաստանի Գրողներու միութիւնը։ Հ Մաթեւոսեանի ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են՝ ռուսերէնի, անգլերէնի, ֆրանսերէնի, գերմաներէնի, լիթվերէնի, մոլտովերէնի, էսթոներէնի, վրացերէնի, ղազախերէնի, ուքրաներէնի, չեխերէնի, հունգարերէնի, նորվեկերէնի, պուլկարերէնի եւ այլ լեզուներու։ Հրանդ Մաթեւոսեանի ընթերցասէր հասարակութեան ծանօթ է Մենք ենք, մեր սարերը, Բեռնաձիեր, Խումհար, Աշնան արեւ, Տէրը վիպակներով եւ Օգոստոս, Նարինջ զամբիկը, Ծառերը, Մեր վազքը, Կանաչ դաշտը պատմուածքներով եւ այլ գործերով։

Ազատագրուած անչափահասներու խեցեգործական աշխատանքները ներկայացուած են ժողովրդային ստեղծագործութեան թանգարանին մէջ։

Հայաստանի Ժողովրդական ստեղծագործութեան պետական թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է խեցեգործական եւ փայտի գեղարուեստական փորագրութեան աշխատանքներու ցուցահանդէս մը։ Ցուցադրուող աշխատանքներուն հեղինակներն են ազատազրկուած անչափահասները, իսկ ցուցահանդէսին կազմակերպիչը՝ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան Իրաւախախտում կատարած անչափահասներու յատուկ ստեղծագործական կեդրոնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.