2010-03-26 13:16:08

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ-ԼԱՎՐՈՎ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ։
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ԱԳ Նախարարները քննարկած են ղարաբաղեան հարցը Մոսկու այի մէջ կայացած՝ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ԱԳ ղեկավարներ՝ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Սերկէյ Լավրովի հանդիպումի ընթացքին : Ինչպէս որ յայտնած է Հայաստանի ԱԳՆ-ի մամլոյ ծառայութիւնը ,ջերմ եւ անմիջական զրոյցի ընթացքին քննարկուած են շարք մը երկկողմ, տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցեր:Նախարարներ Նալբանդեան ու Լավրով խօսած են Մատրիտեան առաջարկութիւններու հիման վրա Ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի շուրջ: Երկու նախարարներն ալ նշած են որ , հակամարտութեան խաղաղ հանգուցալուծումը այլընտրանք չունի:
ԸՍՏ ՇՈՒԷՏԱՑԻ ԿՈՒՍԱԿՑԱՊԵՏ ՓԻԹԸՐ ՎԷՅՏՐՈՒՏԻՆ ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԷՏՔ Է ՀԱՇՈՒԻ ՆՍՏԻ ԻՐ ԱՆՑԼԱԼԻՆ ՀԵՏ։
Շուէտի Քրիստոնեայ սոցիալիստական դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահ Փիթըր Վէյտրուտ Մարտ 24ին Երեւանի մէջ կայացած հանդիպման մը ընթացքին յայտնած է, թէ վերջին 10 տարիներուն ընթացքին Շուէտի խորհրդարանը քննարկած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը, սակայն ընդունման համար հնարաւոր չէ եղած ապահովել մեծամասնութիւն, որովհետեւ ներկայացուած են շարք մը առարկութիւններ, ինչպէս՝ 1915ին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ կատարուած իրադարձութիւններուն շուրջ բաւարար ուսումնասիրութիւններու բացակայութիւնը։ «Բաւական ուսումնասիրութիւններ եղան՝ հիմք ընդունելով ոչ միայն հայ կամ թուրք վերլուծաբաններու տեսակէտները, այլնաեւ անկախ փորձագէտներու: Եւ խորհրդարանի մեծամասնութեան կարծիքը այն է, որ 1915ին կատարուածը Ցեղասպանութիւն է: Կան նաեւ թուրք մտաւորականներ, որոնք կ՛ընդունին Հայոց Ցեղասպանութիւնը», յայտնած է Շուէտի խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն կազմող կուսակցութեան նախագահը Անոր հաւաստումով, առարկութիւններ եղած են նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ: «Շատ կարեւոր է, որ այդ գործընթացը արդիւնաւէտ ըլլայ, սակայն մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան պատասխանատուութիւնը բոլորինն է», շեշտած է Փ. Վէյտրուտ, ըստ որուն, եղած են նաեւ առարկութիւններ Շուէտ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն վերաբերեալ։ «Շուէտը միշտ ալ աջակցած է Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցելու հարցին: Մենք հիմա ալ կը շարունակենք այդ ուղղութեամբ աշխատիլ, սակայն Թուրքիան պէտք է հաշուի նստի իր անցեալին հետ», ընդգծած է Փ. Վէյտրուտ՝ յոյս յայտնելով, որ Հայաստանն ու Թուրքիան այդ բանաձեւը պիտի օգտագործեն հաշտութեան համար:Անդրադառնալով Թուրքիոյ վարչապետին՝ հայերը Թուրքիայէն վտարելու մասին յայտարարութեան՝ Փ. Վէյտրուտ նշած է, որ երեւոյթը շատ ցաւալի է։ «Ատիկա սխալ քայլ էր վարչապետին կողմէ: Սակայն այն փաստը, որ ան փորձած է ետ կանգնիլ իր ըսածէն, արդէն որոշ բան մը կը նշանակէ», յայտնած է շուէտական կուսակցութեան նախագահը:
Նշենք, որ Փիթըր Վէյտրուտ Հայաստան ժամանած էր՝ մասնակցելու համար ՀՅԴի կազմակերպութեամբ Մարտ 25-26ին կայացած «Սոցիալիստական մօտեցումներ Հայաստանի մարտահրաւէրներին, կլոպալ հեռանկարներ-տեղական իրողութիւններ» թեմայով խորհրադաժողովին։
ԹՐՔԱՀԱՅ ԼՐԱԳՐՈՂ ՍԵՒԱՆ ՆՇԱՆԵԱՆ ԿԸ ԽՕՍԻ ՝՝ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ՝՝ ԿԱՅԱՆԻ ԹՂԹԱԿԻՑ ՀԵՂԻՆԷ ԲՈՒՆԻԱԹԵԱՆԻ ՀԵՏ։
«Ազատութիւն»ռատիոյ- կայանի թղթակից Հեղինէ Բունիաթեան կը հաղորդէ, որ թրքական «Թարաֆ» թերթի հայազգի թղթակից Սեւան Նշանեանի հետ ունեցած է զրոյց մը, որուն ընթացքին Նշանեան իրեն յայտնած է, թէ «Թուրքիոյ մէջ վերջին մէկ-երկու տարիներուն, հայկական հարցին շուրջ վերաբերմունքը արմատապէս փոխուած է. այժմ, թրքական մամուլի գրեթէ իւրաքանչիւր ներկայացուցիչ պատրաստ է ազատօրէն արտայայտելու իր դիրքորոշումը այդ խնդիրին շուրջ: Լրագրողներն ու մտաւորականները սկսած են ոչ միայն ազատօրէն խօսելու այդ թեմային մասին, այլեւ՝ ընդունելու այդ փաստը»: Նշանեան նաեւ ըսած է. «Այժմ, թրքական մամուլի գրեթէ իւրաքանչիւր ներկայացուցիչ յստակ դիրքորոշում ունի հայկական ջարդերուն վերաբերեալ. գրեթէ բոլոր թերթերու ներկայացուցիչները Հայկական Ցեղասպանութիւնը իբրեւ իրողութիւն կ՛ընդունին, եւ այս օրերուն լրջօրէն կը քննադատեն վարչապետ Էրտողանի վերջին յայտարարութիւնը՝ Թուրքիա ապօրինի կերպով ապրող հայերը արտաքսելու մասին»: Այս առումով, Սեւան Նշանեան այնքան ալ զարմանալի չի գտներ Հայկական Հարցին առնչութեամբ ընթերցողներուն կողմէ վերջերս «Թարաֆ»ի մէջ հրապարակուած համատեղ յայտարարութիւնը:
«Մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած Մեծ Աղէտին նկատմամբ, մեր խիղճը մեզ թոյլ չի տար ժխտել զայն», գրած էին աւելի քան մէկ տասնեակ թուրք մտաւորականներ, որոնք քննադատած էին թուրք վարչապետին վերջին յայտարարութիւնը: «Յայտարարութեան հեղինակներէն ոմանք կը ճանչնամ, եւ վստահ եմ, որ Թուրքիոյ մէջ այսօր այս կարծիքը կը բաժնեկցին շատեր», ըսած է «Թարաֆ»ի թղթակիցը ։
«Հրանդ Տինքի սպանութիւնը շրջադարձային պահ եղաւ Թուրքիոյ համար. եթէ մինչ այդ, անհնար էր խօսիլ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, եթէ մինչ այդ, անոր մասին խօսելու պարագային կրնային դատապարտել կամ անարգանքի սիւնին գամել, ապա այժմ իրավիճակը կարծես 180 աստիճանով փոխուած է», նշած է Սեւան Նշանեան՝ աւելցնելով. «Թրքական պետութեան գաղափարական հիմքը կը փլի աչքերու առջեւ, այլ կերպ ասած՝ լայն տարածում կը գտնէ այն համոզումը, որ եթէ ռազմաքաղաքական վերնախաւը բան մը ըսէ, ապա մեծ է հաւանականութիւնը, որ այդ ըսուածը սուտ է: Այնպէս որ, եթէ անոնք կը պնդեն, թէ Հայոց Եղեռն տեղի չէ ունեցած, մարդիկ կ՛եզրակացնեն, թէ անիկա իրողապէս եղած է: Ասիկա շատ մեծ փոփոխութիւն է թրքական պետութեան մէջ»:







All the contents on this site are copyrighted ©.