2010-03-25 13:25:44

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՏԷՐ ԶՕՐԻ ՄԷՋ։ ՝՝ՈՒ՞Ր Է ՀԱՅԵՐՈՒ ՆԻՒՐԵՆՊԵՐԿԸ՝՝ ՏԷՐ ԶՕՐԻ ՄԷՋ ՀԱՐՑ ԿՈՒՏԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ անոր ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութեան Սուրիա կատարած այցելութեան վերջին հանգրուանը Տէր Զօրը եղաւ։ Նախագահը նախ պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Տէր Զօրի մէջ նոր հաստատուած Հայաստանի Հիւպատոսարան եւ հանդիպում ունեցաւ պատուոյ հիւպատոս Սուրէն Վարդանեանի հետ որմէ ետք Նախագահը ուղղուեցաւ Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցի, ուր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը ընդունելու եւ ողջունելու եկած էին ՀՄԸՄ-ի Գամիշլիի փողերախումբը, շրջանի հայութիւնն ու Գամիշլիէն այս առիթով Տէր Զօր գտնուող հայորդիներ։ Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ անմար կրակին ու մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին կանգնեցուած խաչքարին դիմաց ծաղկեպսակ զետեղելէ ետք նախագահ Ս. Սարգսեան մտաւ եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանստեան արարողութիւնը։
Ապա եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ իր խօսքը արտասանեց Հայաստանի նախագահը, որ անդրադարձաւ Տէր Զօր տուած իր այցելութեան խորքին եւ նշանակութեան, նպատակին եւ դրդապատճառին, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առաւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն առնչուող իր քաղաքականութիւնը՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բարելաւման ուղին շարունակելու, աւելցնելով, որ Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութիւնը Ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթէն խուսափում չի նշանակեր։ Իր խօսքը աւարտելով նախագահ Սարգսեան վեր առաւ հայութեան գոյատեւելու կամքը, նահատակներուն վճռականութիւնը՝ այդ տաք աւազներուն մէջ խրած իրենց արիւնաթաթախ ոտքերը կրկին դուրս հանելով քալելու, որպէսզի կարելի ըլլայ շարունակել երթը, որուն լաւագոյն ապացոյցը Նահատակաց Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ նախագահը շրջապատած սփիւռքահայութեան մէկ մասն էր։ Հայաստանի նախագահը իր խօսքը եզրափակեց հետեւեալ նախադասութեամբ ՝՝Եւ այստեղ, Տէր Զօրում, մենք հաստատակամօրէն բարձրաձայն կրկնում ենք ու յիշեցնում, որ կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք՝՝։
ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՄՈՍԿՈՒԱ։
Հայաստանի հանրային ռատիոն կը հաղորդէ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 25-26 մարտին աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի տայ Մոսկուա՝ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի եւ ԱՊՀ-ի մասնակից պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստերուն մասնակցելու նպատակով։
ՍՈՉԻԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ Կ՝ՈՒՆԵՆԱՅ ԻՐ ԹԵՐԹԸ ՝՝ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼՐԱԲԵՐ՝՝ Ը
Սոչիի (Ռուսիա) մէջ լոյս տեսաւ «Հայկական Լրաբեր» («Արմեանսքի Վեսթնիք») թերթի անդրանիկ թիւը։Սոչիի «Սեւան» համայնքի 8 էջնոց պարբերականը կը տպագրուի հայերէն եւ ռուսերէն լեզուներով: Թերթի գլխաւոր խմբագիր Անահիտ Անտոնեանը կը տեղեկացնէ, որ պարբերականը պիտի ունենայ մնայուն խորագիրներ, որոնց կարգին անջատ էջ մը պիտի կազմէ Մեսրոպեան տառերու ուսուցման բաժինը։ Դասերը պիտի ընթանան ըստ հայերէն լեզուի ինքնուսոյցներէն մէկուն։Թերթին մէջ պիտի ներկայացուին նաեւ պատմական ակնարկներ։ Ան պիտի անդրադառնայ ո՛չ միայն Սոչիի համայնքին, այլ նաեւ ամբողջ երկրի քաղաքական, հասարակական կեանքի կարեւոր իրադարձութիւններուն, միջազգային յարաբերութիւններուն, 2014ի ձմեռնային ողիմպիականներու մեծածաւալ միջոցառումներուն, եւ այլն։Հայաստանի նորութիւնները, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայութեան նորութիւնները նոյնպէս տեղ պիտի գտնեն «Հայկական Լրաբեր»ին մէջ։ Պիտի ներկայացուին հայկական կրթօճախները, ուր կը դասաւանդուին հայագիտական առարկաներ, նաեւ երաժշտական խումբեր, հայկական պարի ու ասմունքի խումբեր, կիրակնօրեայ դպրոցներն ու հայկական եկեղեցիները, հայկական պետական կամ եկեղեցական տօներն ու ծէսերը։
Յատուկ էջի մը վրայ պիտի լուսաբանուին Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը, յայտարարութիւնները, միջոցառումները, համահայկական մրցումները, ինչպէս նաեւ «Արի տուն», «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» եւ այլ ծրագիրներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.