2010-03-24 13:44:37

Օսգար Ռօմէրօ Արքեպիսկոպոսի Սպաննութեան Տարելիցը։


Օսգար Ռօմէրօ Արքեպիսկոպոսի Սպաննութեան Տարելիցը։

1980ի՝ մարտ 24ին մինչ կը պատարագէր սպաննուեցաւ անծանօթ ոճրագործներու կողմէ հայր Օսքար Ռօմէրօն ։ Բայց երեսուն տարիներ ետք վառ կը մնայ Սան Սալվատորի այս մարտիրոսի յիշատակը եւ օրինակը։ Ան կը դատապարտէր ըլլայ աջակողմեան ըլլայ ձախակողմեան բռնութիւնը եւ իշխանութեան զեղծարարութիւնը։ Նկարագրով հեզ քահանայ մըն էր ան , բայց միաժամանակ վճռակամ՝ անարդարութեանց առջեւ։ Անոր լանջախաչը արծաթեայ էր,որովհետեւ ոսկեխաչը աճուրդի դրած էր երիտասարդ հալածուողի մը դատական ծախքերը հոգալու համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.