2010-03-24 13:55:07

Լուրեր հայկական կեանքէն


Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 113-ամեակի նշում Երեւանի մէջ
Եղիշէ Չարենցի գրականութեան սիրահարները, գրողները եւ գրականասէրներ մարտ 13-ին հաւաքուած են բանաստեղծին յուշարձանին մօտ եւ նշած՝ անոր ծննդեան 113-ամեակը։ Այս առթիւ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահը՝ Լեւոն Անանեան, խօսք առնելով նշած է, որ՝ ՜՜Չարենցի ստեղծագործութիւնները արժանի են ներկայ սերունդի մնայուն ուշադրութեան, որովհետեւ անոնք չեն կորսնցներ իրենց այժմէականութիւնը՝՝։ Նոյն օրը բանաստեղծին անուան տուն-թանգարանին մէջ կազմակերպուած է անտիպ եւ տպագրուած ձեռագիրներու ցուցահանդէս եւ համերգային ծրագիր մը։
՜՜Եղիշէ Չարենց ծնած է 13 մարտ 1897-ին, Կարս քաղաքը։ Ան 1908-ին ընդունուած է Կարսի ուսումնարան, իսկ 1915-ին անդամակցած է հայ կամաւորական գունդերէն մէկուն եւ այդ ժամանակ գրած է իր գլուխ-գործոցներէն մէկը՝ Տանթէականը։ 1916-ին մեկնած է Մոսկուա եւ ընդունուած է Շանեաւսկիի անուան համալսարանը, իսկ 1918-ին անդամակցած է Կարմիր բանակին։ 1936-ին ձերբակալուած են բազմաթիւ հայ գրողներ, որոնց մէջ կը գտնուէր նաեւ Ե Չարենց։ Անոնք մեղադրուած են իբրեւ հակայեղափոխներ, ազգայնամոլներ եւ ահաբեկիչներ եւ յետ մահու՝ 1950- ակական թուականներուն արդարացուած է։ Ե. Չարենց մահացած է 27 նոյեմբեր 1937-ին, բանտին հիւանդանոցը։ Ե Չարենցի անուան տուն-թանգարանը բացուած է 1974-ին, Երեւանի մէջ։

Միջազգային անդրադարձ Հայաստանի մէջ ծառատնկումի ծրագրին.
Հայաստանի ծառատնկումի արշաւը նորանոր յաջողութիւններ ձեռք կը բերէ։ Արդարեւ, Նեշընըլ ճէօկրաֆիք պատկերասփիւռի կայանի լուրերու խմբագիր Տէյվիտ Պրոն իր յայտնի Նէթճէօ Նիուզ Ռօչ կայքէջին վրայ Հայաստանի ծառատնկումի արշաւի նուիրուած հատուածին մէջ՝ փրոֆայլ օֆ Էյ Թի Փի, անդրադարձած է այս հարցին։ Նեշընըլ ճէօկրաֆիք ոչ միայն լուսարձակի տակ առած է այս ծառատնկումի նախաձեռնութիւնը, այլ նաեւ գրած է այս ճամբով Հայաստանի տարած հանրային դաստիարակութեան եւ աղքատութեան նուազումին ազդեցութեան մասին։
Տէյվիտ Պրոն կը գրէ. ՜՜ Հայաստանը քաջ գիտէ ի՛նչ կը նշանակէ անտառներու ոչնչացում, ինչպէս նաեւ կանաչ տարածութիւնները վերականգնելու ծանր եւ լուրջ աշխատանքին քաջատեղեակ է։ Բայց Հայաստանի կողմէ այս ձեռնարկին համար ցոյց տրուած պայքարն ու կամքը ներշնչումի աղբիւր կը հանդիսանան մնացեալ բոլոր երկիրներու համար։ Այս հսկայ ծրագիրը նպաստած է նաեւ Հայաստանի մէջ գործի առիթներու յաւելման՝ ցանելէն սկսեալ մինչեւ անտառներուն պաշտպանութեան աշխատանքը։ Այս ծրագիրը անտառապահպանման կողքին կը պահպանէ նաեւ երկրին կենսունակութիւնը՝՝։ Նշենք որ այս ծրագիրի յաջողութեան համար իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն բազմահազար անհատներ, ինչպէս նաեւ միջազգային Ուըրտ ուայտ ֆոնտ ֆոր նեյչըր բարեսիրական կազմակերպութիւնը եւ գերմանական դրամատունը։

Հայ Օգնութեան Միութիւնը ՀՕՄ-ը 100 տարեկան

Աշխարհի չորս ծագերէն հայ կիներ Նիւ Եորք հաւաքուած՝ են Հայ օգնութեան միութեան հարիւրամեակը տօնելու համար ։

Հայ օգնութեան միութեան աշխարհասփիւռ անդամուհիներ՝ Յունաստանէն, Ֆրանսայէն, Կիպրոսէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Արժանթինէն, Պրազիլէն, Քանատայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն Նիւ Եորքի մէջ՝ տօնախմբեցին Հայ օգնութեան միութեան հարիւրամեակը։ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը այդ առթիւ կազմակերպած էր եռօրեայ հանդիսութիւններ որոնք սկիզբ առին Քառնըկի դահլիճի Ուէյլ նուագասրահին մէջ։ Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Կիներու համաշխարհային դրամատան նախագահ եւ վարիչ տնօրէն Մերի Էլեն Իսքենտերեանը, որ դրուատեց ՀՕՄ-ի մարդասիրական ու բարեգործական աշխատանքները։ Ան անդրադարձաւ ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւններու շրջանակէն ներս տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն՝ նշելով, թէ կիներու տնտեսական զարգացման մէջ եղած ներդրումները յաջողութիւն արձանագրած են եւ հրաւիրեց ներկաները՝ շարունակելու իրենց համաշխարհային զօրակցութիւնը հայ ընտանիքներու դաստիարակչական, առողջապահական, բնակարանային եւ այլ կարիքներու բաւարարման ճիգերուն։

Երեկոյթին հանդիսավարը՝ Սթեֆանի Մեսրոպեան բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի հայ գաղութներուն մատուցած հարիւր ամեայ ծառայութեան։ Ան նկարագրեց մարդասիրական աշխատանքներուն դարու մը հոլովոյթը. խօսեցաւ նաեւ միութեան ապագային մասին՝ յատկապէս նշելով իւրայատուկ կեդրոնացումը Հայաստանի, Արցախի ու Ջաւախքի մէջ ի գործ դրուող ծրագիրներուն վրայ։ Ապա Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արեւելեան Ամերիկայի թեմի առաջնորդ Օշական արք Չոլոյեան կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի կոնդակը, որով վեհափառը կը շնորհաւորէր ՀՕՄ-ը՝ հարիւրամեայ անձնուրաց ծառայութեան համար հայ ժողովուրդին։ Արամ Ա. վեհափառ 2010 թուականը յայտարարած է արդէն Հայ կնոջ տարի։

ԱՄՆ-ի մէջ Հ Հ դեսպան Թաթուլ Մարգարեան, իր շնորհաւորութիւնները յայտնելէ ետք ու հրաւիրելէ ետք ՀՕՄ-ը շարունակելու իր ազգօգուտ գործունէութիւնը, կարդաց սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ուղերձը, որով նախարարը, Հ Հ կառավարութեան կողմէ կը շնորհաւորէր ՀՕՄ-ի հարիւրամեակը։

Իրենց շնորհաւորական խօսքը արտասանեցին նաեւ՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ Քառնըկի հիմնարկութեան նախագահ դոկտ. Վարդան Գրիգորեան ։ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի՝ Վիքի Մարաշլեան յիշեցուց բոլորին՝ ՀՕՄ-ի ստանձնած առաքելութեան տարողութիւնը։ ՀՕՄ-ի ծրագիրները կը նշուին իրենց բազմազանութեամբ՝ սկսեալ տեղական ընկերային հարցերէ մինչեւ հայրենիքի մէջ որբերու խնամատարութիւն, մշակութային ուսուցում եւ մարդկային հիմնական իրաւունքներու պաշտպանութիւն։ Խօսքը ուղղելով ՀՕՄ-ի անդամներուն՝ Մարաշլեան շեշտեց, թէ ՀՕՄ-ուհիները խմբաւորումն են ուժեղ, խանդավառ կիներու՝ պատրաստ գործելու եւ համագործակցելու՝ ի խնդիր մեր ժողովուրդի բազմազան կարիքներուն մշտական գոհացման։

Իր խօսքի վերջաւորութեան, ան, ՀՕՄ-ի ՜՜Արարատ՝՝ մրցանակը յանձնեց (Նիր Իսթ Ֆաունտէյշըն) Near Est fondation-ի ատենապետ Շանթ Մարտիրոսեանին՝ առ ի գնահատանք կազմակերպութեան մը՝ հիմնուած Մեծ եղեռնի նոյն տարին՝1915-ին որուն մարդասիրական ջանքերուն շնորհիւ հազարաւոր հայ կեանքեր կարելի եղաւ փրկել ստոյգ մահուան ճիրաններէն։ Երեկոյթին գործադրուեցաւ պատշաճ գեղարուեստական բաժին մը որմէ ետք հիւրասիրութիւն։

Իսկ յաջորդ օրը տեղի ունեցաւ միօրեայ սեմինար մը՝ ՀՕՄ-ի գործունէութեան առնչուող հարցերու շուրջ, մասնակցութեամբ այլազան շրջաններէ եկած ընկերուհիներու։ Ներկայացուած նիւթերուն մաս կը կազմէին ՄԱԿ-ի ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն դերը, հայ կնոջ իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները, միջազգային բարեսիրական կազմակերպութիւններ եւ ներքին կազմակերպչական հարցեր։ Հարիւրամեակը միաժամանակ կը տօնակատարուի տեղական ու շրջանային մակարդակներու վրայ աշխարհի 26 տարբեր երկիրներու մէջ, ուր որ ՀՕՄ-ի միաւորներ գոյութիւն ունին։ Նիւ Եորքի հանդիսութիւնը սկիզբն է ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ կազմակերպուած հանդիսութեանց շարքի մը, որ պիտի աւարտի աշնան՝ Տէր Զօր ուխտագնացութեամբ, նոյն այն անապատին մէջ, ուր հարիւր հազարաւոր հայեր ոչնչացան Մեծ եղեռնին։ Հարիւրամեակի տարին պաշտօնապէս վերջ պիտի գտնէ մէկ շաբաթ տեւող հանդիսութիւններով Հայաստանի մէջ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.