2010-03-24 13:48:59

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԴԱՄԱՍԿՈՍԷՆ ԵՏՔ Կ՝ԱՅՑԵԼԷ ՀԱԼԷՊԸ ։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Դամասկոսի մէջ իր պաշտօնական այցելութիւնը աւարտելէ ետք իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան հետ, որուն մաս կը կազմէին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը, մշակոյթի նախարարը եւ սփիւռքի նախարարը, յետմիջօրէի հասնելով Հալէպ, ուղղուեցաւ Շերաթոն պանդոկ, ուր հանդիպում ունեցաւ Հալէպի նահանգապետ Ալի Ահմետ Մանսուրայի հետ։ Նահանգապետը ողջոյնի խօսք արտասանելով վեր առաւ սուրիահայութեան եւ յատկապէս հալէպահայութեան դերը Սուրիոյ կեանքին մէջ։ Ապա Հայաստանի նախագահը այցելեց Հալէպի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարան, ուր հանդիպում ունեցաւ հալէպահայութեան երեք համայնքապետերուն հետ։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց, մշակոյթի եւ սփիւռքի նախարարները։ Նախագահը այցելեց նաեւ Կրթասիրաց Միութեան կեդրոնը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ միութեան պատասխանատուներուն հետ։ Հանդիպումէն ետք Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցական կարճ արարողութիւն մը՝ նախաձեռնութեամբ սուրիահայ համայնքներու։ Հալէպի մէջ նախագահ Սարգսեանի կատարած շրջագայութեան վերջին հանգրուանը Արամ Մանուկեան կեդրոնի Անի ճաշարանն էր, ուր տեղի ունեցաւ ընթրիք՝ ի պատիւ նախագահին եւ անոր ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութեան։ Նախագահ Սարգսեան այսօր առաւօտուն ուղղուեցաւ Տէր Զօր։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Սուրիա կատարած այցելութեան ընթացքին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իր օգնութիւնը առաջարկեց հայ-թրքական յարաբերութիւնները կարգաւորելու հարցով,յանուն շրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Մահմուտ Ապրաշի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ-սուրիական միջխորհրդարանական կապերու զարգացման եւ միջազգային կառոյցներուն մէջ համագործակցութեան առնչուող հարցեր։ Յայտնենք, որ Հայաստանի նախագահը երէկ նաեւ դասախօսեց Դամասկոսի Համալսարանին մէջ՝ նիւթ ունենալով հայ-սուրիական պատմական յարաբերութիւնները։ Դասախօսութեան ընթացքին հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ Դամասկոսի եւ Երեւանի միջեւ ձեւաւորուած է լիակատար փոխըմբռնում։
Իսկ Սուրիական ՝՝Ուաթան՝՝ օրաթերթին տրուած հարցազրոյցի ընթացքին՝ անդրադառնալով Հայաստան - Թուրքիա յարաբերութիւններուն, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց ՝՝Կը կարծեմ, որ մեր շրջանին մէջ մնայուն անվտագնութիւնը կարելի է միայն, եթէ ան կառուցուած է խորապէս գիտակցուած արժէքային համակարգի վրայ՝՝։ Ըստ անոր, Հայաստան Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը իբրեւ նախապայման չդրաւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթին մէջ, որովհետեւ Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումն է՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բարելաւել առանց նախապայմանի։

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԲԱՐՕՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐԸ ԵՒՍ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ԷՐՏՈՂԱՆԸ։
Թրքական ՝՝Թայմթիւրք՝՝ին համաձայն, Թուրքիոյ իսլամական ուղղուածութեամբ ՝՝Բարօրութիւն՝՝ կուսակցութեան ղեկավար Նուման Քուրթուլմուշ իր կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին ընթացքին անդրադարձած է Թուրքիան յուզող խնդիրներուն, որոնց ծիրին մէջ մեղադրած է Էրտողանը Թուրքիոյ մէջ ոչ-օրինական կերպով աշխատող հայերը երկրէն արտաքսելու յայտարարութեան համար։ Քուրթուլմուշ նշած է, որ ՝՝դարասկիզբին միջազգային կայսերապաշտներու կողմէ իրականացուած դաւադրութեան իբրեւ արդիւնք, թէ՛ մահմետականները, թէ՛ հայերը մեծ զրկանքներ կրած են։ Թող ոչ ոք Օսմանեան կայսրութիւնը քանդած իթթիհատական աւազակախումբերուն ըրած սխալները վերագրէ մեր ազգին՝՝։

ՀԱՂՈՐԴԱՎԱՐ ԵՒ ԴԵՐԱՍԱՆՈՒՀԻ ՓԷԼԻՆ ՊԱԹՈՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ։ (Մարմարա).
Թրքական ՝՝ Թաքվիմ՝՝ թերթը կը տեղեկացնէ որ Հապէր-Թիւրք հեռուստակայանի ՝՝Պատմութեան Ետեւի Սենեակը՝՝ յայտագրի հաղորդավարներէն Փէլին Պաթու մահուան սպառնալիքներ ստանալ սկսած է հայկական տեսակէտներու պաշտպան կանգնած ըլլալուն համար,այդ սպառնալիքներէն վերջ դիմած է դատախազութեան ու պահանջած է որ պաշտպանութեան տակ առնուի։ Գլխաւորաբար լրագրող Մուրատ Պարտաքճըյի կողմէ կազմակերպուած ՝՝Պատմութեան Ետեւի Սենեակը՝՝ յայտագրի 9 մայիս 2009ի հաղորդումին վզէն կախած հայաստանէն գնած նուռի պատկերի պատճառով սպառնալիքներ ստացած էր. Իսկ յետագայ յայտագիրներուն հակառակ լրագրող Պարտաքճըյի ազդարարութիւներուն ան Ցեղասպանութիւն բառը գործածեց 1915ի մասին խօսելու ընթացքին։ Իսկ վերջին անգամ Փէլին Պաթու շատ յուզուեցաւ յայտագրին մասնակցող պոլսահայ պարոնի մը խօսքերէն ու սկսալ լալ։ Փէլին Պաթու ըսաւ որ մեծ թիւով հայ բարեկամներ ունի ու անոնք ճնշումի տակ կ՝ապրին թէ ինք ալ շատ անհանգիստ է թուրքիոյ ծայրայեղ ազգայնապաշտներու կեցուածքէն։ Փէլին Պաթու նշենք որ թուրք դիւանագէտ Ինալ Պաթուի դուստրն է(շրջան մը նաեւ Հռոմի մէջ Թուրքիոյ Դեսպանն էր) եւ այս իր հայանպաստ կեցուածքով երիտասարդ դերասանուհին գլուխը փորձանքի մատնած է,կը շարունակէ մահուան սպառնալիքներ ստանալ ու նաեւ ծանր պատգամներ դիտորդներու կողմէ,որքան որ ալ ոմանք զինքը պաշտպանեն կարծիքի ազատութեան սկզբունքի լոյսի տակ։







All the contents on this site are copyrighted ©.