2010-03-23 13:47:52

2010-ը Հայ Կնոջ Տարին։


 
2010-ը Հայ Կնոջ Տարին։ Արամ Ա.Վեհափառի Հայրապետական Կոնդակը՝ ՀՕՄ-ի 100-ամեակին առիթով։

Վեհափառը իր կոնդակին մէջ կը գրէ. ՀՕՄի հիմնադրութեան 100ամեակը տօնախմբել կը նշանակէ անոր հարիւրամեայ ծառայութեան արժեւորումը կատարել։ Ամբողջանուէր ծառայութիւն դարձաւ ՀՕՄ-ը մեր կեանքի յատկապէս կրթական ու ընկերային մարզերէն ներս։ ՀՕՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակը նշել կը նշանակէ համահայկական կառոյցի մը գործունէութիւնը արժանաւորապէս գնահատել։ Իր ծնունդով եւ ուղղութեամբ, իր գործունէութեամբ ու նպատակով ՀՕՄ-ը եղաւ ու մնաց համազգային՝ իր կեանքին ու առաքելութեան մէջ ներդաշնակօրէն ընդելուզելով տեղականը ու համահայկականը։
ՀՕՄ-ի հիմնադրութեան 100ամեակը տօնակատարել կը նշանակէ մեր համազգային տագնապները ապրած, մեր երազներուն իրագործման մասնակից դարձած, մեր գոյապայքարին իր կարեւոր ներդրումը կատարած միութեան մը 100ամեակը նշել։
Այսպէ՛ս ըմբռնեց ինքզինք ՀՕՄ-ը եւ ա՛յս հաւատքով ու կամքով, ա՛յս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ իր աշխատանքը կազմակերպեց եւ իր ծրագիրները իրագործեց՝ հետեւողական ու գործօն մասնակցութիւն բերելով մեր հաւաքական կեանքին ու միշտ մնալով ծառայական ներկայութիւն հայ կեանքի մայր էջին վրայ։
Արդ, կարելի չէ համապարփակ հայեցակէտով արժեւորել պատմութիւնը հայ սփիւռքին առանց ՀՕՄին։ Կարելի չէ Ցեղասպանութենէն յետոյ սփիւռքի գաղութներու կազմակերպումը եւ ձեռք ձգուած իրագործումները հասկնալ առանց ՀՕՄի ամբողջանուէր ծառայութեան։ Արդարեւ, սփիւռքի կազմակերպումին ու զարգացումին բերած իր կարեւոր նպաստին առընթեր, Հայաստանի վերանկախացումէն յետոյ, վերջին շուրջ քսան տարիներուն, ՀՕՄ-ը իր յանձնառու մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ թէ՛ Ղարաբաղի ազատագրական պայքարին, եւ թէ Հայաստանի հզօրացման եւ ընդհանրապէս հայրենաշինութեան գործին։
Հարիւրամեակի տօնախմբութիւնը առիթ մը պէտք է դառնայ ՀՕՄ-ին վերաքննութեան ենթարկելու ինքզինք՝ իր ներքին կառոյցներով, իր առաջնահերթութիւններով ու գործելակերպով։ Յարափոփոխ աշխարհի ներկայ պայմաններուն մէջ գործող ՀՕՄ-ը, ինչպէս մեր բոլո՛ր կառոյցները, անհրաժեշտօրէն կարիքը ունի ներքին վերանորոգումի ու վերածրագրումի՝ մեր ազգի կեանքէն ներս հետզհետէ յառաջացող նոր պահանջներուն ու մարտահրաւէրներուն դիմաց։
Հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան վրայ նետւած այս հպանցիկ ակնարկը ցոյց կու տայ, որ հայ կինը իր բազմերես պատասխանատուութիւններով կենսական դեր է կատարած մեր համայնական կեանքին մէջ՝ մնալով ամրօրէն կառչած մեր հոգեւոր ու բարոյական արժէքներուն, մեր կրօնական ու ազգային աւանդութիւններուն եւ համազգային իտէալներուն ու ձգտումներուն։ Հակառակ կնոջ նկատմամբ պահպանողական մօտեցում ունեցող արեւելեան ժողովուրդներու ու մշակոյթներու ազդեցութեան հայ կեանքէն ներս, մեր ժողովուրդը ընդհանրապէս խտրական ոգիով չէ մօտեցած հայ կնոջ, զինք ստորադաս չէ նկատած եւ իր կեանքի լուսանցքին վրայ չէ պահած զայն այլ՝ յատուկ սէր ու հոգածութիւն ցուցաբերած անոր նկատմամբ երեւոյթ մը՝ որ կարելի է որոշ չափով իւրայատուկ նկատել արեւելեան ժողովուրդներուն մէջ։
Բնականաբար, մեր պատմութեան ընթացքը, հայ կեանքի հոլովոյթը, մեր շուրջ ստեղծուած նոր պայմանները եւ յառաջացած նոր իրականութիւնները իրենց երբեմն դրական ու երբեմն բացասական անդրադարձները ունեցած են հայ իրականութենէն ներս՝ կնոջ տեղին, դիրքին ու դերին վրայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.