2010-03-22 14:46:10

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ։


 Վատիկանեան Տեղեկութիւններ։

22 մարտէն մինչեւ 24 մարտ Վատիկանի մէջ տեղի կ՝ունենայ 2007ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան քահանայապետին հաստատած Յանձնախումբի Ժողովը,որ կ՝ուսումնասիրէ Չինաստանի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կրօնական ու եկեղեցական գլխաւոր հարցերը։ Ասիկա սոյն Յանձնախումբի երրորդ ժողովն է։ Միշտ այսօր յետ միջօրէին կը հաւաքուի Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց Մնայուն Խորհուրդը որու ժողովները պիտի տեւէն մինչ 25 մարտ։ Այսօր երկուշաբթի 22 մարտ համայն աշխարհի մէջ կը յիշատակուի Ջուրի Համաշխարհային Օրը հռչակուած ՄԱԿ-ի կողմէ 1992ին։ Նշենք որ համայն աշխարհի մէկ գրեթէ մէկ միլիառի մօտ մարդիկ մեծ դժուարութիւններով ըմպելի ջուր ձեռք կը ձգեն, եւ ներկայիս ամէն տարի 8 միլիոն հոգի կը մեռնի երաշտի հետեւանք,իսկ 2030ին աշխարհի բնակչութեան կէսը այսինքն երեք միլիառ մարդիկ կրնան առանց ջուրի մնալ։







All the contents on this site are copyrighted ©.