2010-03-22 14:50:04

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՍՈՒՐԻԱ։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր երկուշաբթի, 22 մարտ, երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը մեկնի Սուրիա, ուր հանդիպում կ՝ունենայ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ։ Նախագահ Սարգսեանի պիտի ընկերակցին Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան, արտաքին գործոց, սփիւռքի, մշակոյթի եւ գիւղատնտեսութեան նախարարները, ինչպէս նաեւ պետական այլ անձնաւորութիւններ։ Նախագահ Սարգսեանն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը պաշտօնապէս դիմաւորելէ ետք, նախագահներ Սարգսեան եւ Ասատ պիտի ունենան դռնփակ հանդիպում մը, որուն պիտի յաջորդէ ընդարձակ հանդիպումը՝ ներառելով հայաստանեան եւ սուրիական պատուիրակութիւնները։
Երեկոյեան կը նախատեսուի, որ նախագահ Սարգսեանի եւ Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի ի պատիւ ընթրիք մը սարքուի նախագահ Ասատի եւ Սուրիոյ Առաջին տիկին Ասմա Ասատի կողմէ։ Դամասկոսի պետական համալսարանին մէջ նախագահ Սարգսեան հանդէս պիտի գայ Հայաստան-Սուրիա յարաբերութիւններուն մասին դասախօսութեամբ մը, հանդիպում մը պիտի ունենայ Սուրիոյ հայկական գաղութին հետ, ինչպէս նաեւ պիտի այցելէ քաղաքին պատմա-մշակութային վայրերը։
Նախագահ Սարգսեան պիտի այցելէ նաեւ Հալէպ եւ Տէր Զօր, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ տեղւոյն իշխանութիւններուն եւ այդ շրջաններու մէջ բնակող հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԻՐ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԿՈՉ ԿՈՒՂՂէ ԽՈՒՍԱՓԻԼ ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՅՑԵԼԵԼԷ։






 
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր քաղաքացիները կը զգուշացնէ մինչեւ 30 ապրիլ 2010 Թուրքիա այցելելու ուղղութեամբ ի զօրու ամերիկացիներու դէմ կարելի ահաբեկչական յարձակումներու եւ բռնութիւններու վտանգէն՝ անոնց թելադրելով հրաժարիլ այդ երկիրը այցելելէ կամ ալ ծայրայեղ ուշադրութիւն ցուցաբերել։

 

 



ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ

 

ԹՈՒՐՔ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՉՈՒՆԵՆԱՅ։

Թրքական ՝՝Միլլիյէթ՝՝ օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրք-Ամերիկեան խորհուրդի տարեկան ընդհանուր ժողովը այս տարի տեղի պիտի չունենայ, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 252 բանաձեւին որդեգրումին պատճառով։ Օրաթերթը կը նշէ, որ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները խորհրդանշող ամէնէն կարեւոր կառոյցներէն մէկը եղող այս խորհուրդին տարեկան ժողովները տեղի կունենան երեսուն տարիէ ի վեր։ Այդ ընդհանուր ժողովին մասնակցած են Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, որոնց շարքին՝ վարչապետներ, պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարներ։ Այս տարի կը նախատեսուէր Թուրք-ամերիկեան խորհուրդի ընդհանուր ժողովը կատարել 11-14 ապրիլ , մասնակցութեամբ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի։ Թրքական մամուլը ընդհանուր ժողովի ջնջումը որակած է իբրեւ ամերիկեան վարչակազմին դէմ հակազդեցութիւն։
ԹՈՒՐՔ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԴՐՕՇԱԿ ԿԸ ՀՐԿԻԶԵՆ ։
Հազարաւոր թուրք ցուցարարներ անցեալ ուրբաթ օր Պոլսոյ մէջ մասնակցած են Պաղեստինի մէջ իսլամական սրբավայրերու վրայ իսրայէլեան յարձակումներու դէմ բողոքի քայլարշաւի մը։ Ցոյցին ընթացքին խօսք առնողները իսլամական բոլոր երկիրներուն Երուսաղէմը ու Աքսայի մզկիթը պաշտպանելու քայլերու ձեռնարկելու կոչ ուղղած են եւ ընդգծած, որ թուրք ժողովուրդը երբեք պիտի չլքէ սրբազան քաղաքի կիներն ու մանուկները, եւ նաեւ զանոնք իսրայէլեան բռնագրաւումին դիմաց առանձին պիտի չձգէ։ Ցուցարարները Պաղեստինի եւ պաղեստինեան դիմադրութեան շարժումներու դրօշակներ բարձրացուցած են, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի մահ ցանկացող պաստառներ եւ իսրայէլեան դրօշակ հրկիզած են։







All the contents on this site are copyrighted ©.