2010-03-21 12:33:23

Կիրակնօրեայ Աւետարանական ընթերցում


Կիրակի 21 Մարտ 2010 Քառասնորդաց Զ. Կիրակին՝ ՜՜Գալստեան Կիրակի՝՝ է

Ընթերցում Ս. Մատթէոսի Աւետարանէն



Ո՞րն է մեծագոյն պատուիրանը։

Իմանալով որ Սադուկեցիները ըմբերանուած էին, Փարիսեցիները հաւաքուեցան։ Անոնցմէ մէկը օրէնսգէտ էր, փորձելու համար Յիսուսը հարցուց իրեն. Վարդապետ, օրէնքին մէջ ո՞րն է ամէնէն մեծ պատուիրանը։Յիսուս պատասխանեց անոր. Պիտի սիրես քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ եւ բոլոր մտքովդ՜ Այս է մեծ եւ առաջին պատուիրանը։ Երկրորդն ալ նոյնքան կարեւոր է. Պիտի սիրես ընկերդ քու անձիդ պէս։ Այս երկու պատուիրաններէն կախում ունին Օրէնքն ու Մարգարէները։

Մինչ Փարիսեցիները հաւաքուած էին, Յիսուս այս հարցումն ուղղեց անոնց. ՜՜Ի՞նչ է ձեր կարծիքը Քրիստոսի մասին որո՞ւ որդին է՝՝։ Անոնք պատասխանեցին՝ Դաւիթի։

Ինչպէ՞ս ուրեմն, աւելցուց Յիսուս, Դաւիթ ներշնչուած Ս. Հոգիէն, զինք կը կոչէ եւ կ՝ըսէ. ՜՜Տէրն ըսաւ իմ Տիրոջս Բազմէ աջ կողմս, մինչեւ որ թշնամիներդ պատուանդան դնեմ ոտքերուդ՝՝։ Եթէ Դաւիթ զինք Տէր կը կոչէ, ինչպէ՞ս անոր որդին կ՝ըլլայ։

Ոչ ոք կրցաւ պատասխանել եւ այն օրէն անդին ոչ ոք համարձակեցաւ իրեն հարցում ուղղել։ Այն ատեն Յիսուս ըսաւ ժողովուրդին եւ աշակերտներուն.՜՜Դպիրներն ու Փարիսեցիները բազմած են Մովսէսի աթոռին վրայ։ Ըրէք եւ պահեցէք ինչ որ ձեզի կը հրահանգեն, բայց մի կերպաւորուիք անոնց գործերուն համաձայն, որովհետեւ կ՝ըսեն եւ իրենք չեն գործադրեր։ Ծանր բեռներ կը դնեն մարդոց ուսերուն վրայ եւ իրենք, մատով իսկ զանոնք չեն վերցներ։ Կը գործեն ի ցոյց մարդկան, կը լայնցնեն իրենց գրապանակները, կ՝երկարեն իրենց զգեստներուն քղանցքները՝ մարդոցմէ տեսնուելու համար։ Խնճոյքներուն կամ ժողովարաններու մէջ կը սիրեն գրաւել առաջին տեղերը։ Կը սիրեն հրապարակներու վրայ ողջոյններ ընդունիլ եւ մարդոցմէ Ռաբբի կոչուիլ։

Դուք մի սիրէք վարդապետ կոչուիլ, որովհետեւ դուք մէկ Վարդապետ ունիք եւ ամէնքդ եղբայր էք։ Երկրի վրայ մէկը Հայր մի կոչէք, որովհետեւ մէկ Հայր ունիք ՜՜Երկնաւոր Հայրը՝՝։ Վարդապետ մի կոչուիք որովհետեւ դուք մէկ վարդապետ ունիք՝ ՜՜Քրիստոս՝՝։ Ձեր մէջէն մեծը պիտի ըլլայ ձեզի ծառայողը։ Ով որ ինքզինք բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի եւ ով որ ինզինք խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.