2010-03-21 12:33:49

՜՜ Քահանայապետական Մեծն Ս. Գրիգորի Ասպետի՝՝ շքանշանը երեք հայորդիներու. Վահէ Ճազմատարեանին, Վահէ Կապրաշեանին եւ Պետրոս Թէրզեանին։


RealAudioMP3 Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Պատրիարքը կը յանձնէ

՜՜ Քահանայապետական Մեծն Ս. Գրիգորի Ասպետի՝՝ շքանշանը երեք հայորդիներու. Վահէ Ճազմատարեանին, Վահէ Կապրաշեանին եւ Պետրոս Թէրզեանին։



Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ի նախագահութեամբ) Հռոմի Սուրբ Նիկողայոսի անուան հայոց եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի 28 Փետրուար 2010-ին տեղի ունեցաւ հայածէս ձայնաւոր Սուրբ Պատարագ զոր մատոյց արհի. Գրիգոր եպ. Կապրոյեան առաջնորդը ֆրանսայի Կաթողիկէ Հայոց։ Եկեղեցւոյ դասին մէջ ներկայ էին զանազան թեմերու հայ կաթողիկէ առաջնորդները. Արհի. Պետրոս արք Միրիաթեան՝ Բերիոյ թեմի Կաթողիկէ Հայոց առաջնորդը, Արհի. Նշան եպ. Քարաքեհէեան առաջնորդը՝ Իրանի եւ Յունաստանի, Արհի. Մանուէլ եպ. Պաթագեան առաջնորդը ԱՄՆ.ի եւ Գանատայի, Արհի. Վարդան եպ. Պօղոսեան առաջնորդը Լատին Ամերիկայի, Արհի. Յովսէփ եպ. Արնաւութեան առաջնորդը Դամասկոսի, Արհի. Գէորգ եպ. Խազումեան Թուրքիոյ առաջնորդի տեղապահը , արհի. Գրիգոր եպ. Գուսան Եգիպտոսի առաջնորդը, Արհի. Վարդան Աշքարեան եպիսկոպոսը Պէյրութի, Արհի. Յովհաննէս եպ. Թէյրուզեան պատրիարքական տեղապահը Պէյրութի, Գերապայծառ Ռաֆայէլ Մինասեան Ս. Երկրի եւ Յորդանանի վիճակաւորը, Հ. Եղիա Թ.Վրդ Քիլաղպեան Մխիթարեան Միաբանութեան ընդհ. Աբբահայրը, Հ. Միքայէլ Թ.Ծ. Վրդ. Մուրատեան մեծաւորը Զմմառու միաբանութեան, Հ. Յովսէփ Ծ. վրդ Քելեկեան մեծաւորը Հռոմի Լեւոնեան հայ դպրեվանքին։

Ս. Պատարագին ներկայ էին Իտալիոյ մօտ Հ.Հ. դեսպան Ռուբէն Կարապետեան եւ Զուիցերիոյ նախկին դեսպան՝ այժմ Հ Հ դեսպանը ֆրանքֆուրդի մէջ Զոհրապ Մնացականեան , Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու ընդհանուր մեծաւորուհին՝ Մայր Եւդոքսիա Քէշիշեան եւ միաբանակից քոյրերը, ու նաեւ մեծ թիւով հաւատացեալներ։

Սրբազան երգեցողութիւնը կատարեց Լեւոնեան հայ դպրեվանքի ժառանգաւորաց երգչախումբը։

Պատուոյ շքանշաններու յանձնումի արարողութիւնը։

Սուրբ պատարագէն ետք Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յանձնեց ՜՜Քահանայապետական Մեծն Ս. Գրիգորի Ասպետի՝՝ շքանշանը հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ազգի երեք անխոնջ բարերար-ծառայողներուն՝ Տիարք՝

Վահէ Ճազմատարեանին, Վահէ Կապրաշեանին եւ Պետրոս Թերզեանին։

Յատկապէս այս առիթով, երեք մեծարեալներու ընտանեկան պարագաները եւ բարեկամները եկած էին ֆրանսայէն, ԱՄՆ էն, Զուիցերիայէն, Վիէննայէն եւ Լիբանանէն։

Այս աթիւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր արտասանած խօսքին մէջ վեր առաւ պարգեւատրեալներուն արժանիքները, որմէ ետք Գերյ. Յովսէփ Ծ. Վրդ. Քելեկեան կարդաց Պաշտօնագիրները եւ Իւրաքանչիւրը խորան հրաւիրուելով ստացան իրենց շքանշանները։

Ապա Ասպետները իրենց սրտի խօսքը արտասանեցին. Շնորհակալութիւն յայտնելով Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ու նաեւ ֆրնսայի առաջնորդին իր միջամտութեան համար յատկապէս անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց կողակիցներուն որոնք ոչ միայն քաջալեր հանդիսացան այլեւ նեցուկ կանգնեցան, ընտանիքի հոգերը իրենք ստանձնելով, որպէսզի իրենք կարենան իրենց բարեսիրական գործունէութիւնները լաւագոյն կերպով կատարեն... Անշուշտ, ըսին անոնք, իրենք չէին ծառայէր եկեղեցւոյ շքանշան ստանալու համար քանի որ իրենց պարտականութիւնն է ան, սակայն այս ժէսթը կրնայ խթան մը հանդիսանալ առաւել չափով նուիրուելու ազգին ու եկեղեցւոյ։

Ուրախութեամբ ու յուզումնալի ծափահարութիւններով ներկաները շնորհաւորեցին նոր ասպետները...որմէ ետք ուղղուեցան Լեւոնեան վարժարանի սրահը ուր պատրաստուած էր ճոխ հիւրասիրութիւն մը ։

Ի պատիւ Հայազգի Ասպետներուն սարքուեցաւ նաեւ Սիրոյ սեղան մը որուն ընթացքին Լեւոնեան վարժարանի ժառանգաւորները իրենց երգերով ճոխացուցին ընտանեկան այս մթնոլորտը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.