2010-03-20 13:09:51

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։
Այսօր շաբաթ 20 մարտ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը վատիկանի մէջ ընդունեց Պուրքինա ֆազօ-Նիճէրի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասի Վիճակաւորները նախ անհատաբար ապա խմբովին,եպիսկոպոսները եկած են կատարելու՝ իրենց հնգամեայ այցը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Իսկ աւելի ուշ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց յաջորդաբար Գամերունի եւ Հասարակածային Կվինիայի մօտ Առաքելական Դեսպան Գերապայծառ Բիէրօ Բիօբա-ն ընտանեկան պարագաներով, ապա Անկոլայի եւ Սաօ Թաօմէյի մօտ Առաքելական Դեսպան Գերապայծառ Նովաթուս Ռուկամպուա-ն ընտանեօք,հուսկ Գերապայծառ Էուժէն Մարթին Նուկէնթ Առաքելական Դեսպանը Մաուրիսիուս եւ Սէյշէլլէս Կղզիներու մօտ նոյնպէս եկած իր ընտանեկան պարագաներով ։ Իսկ երէկ Սուրբ Յովսէփ-ի Տօնին Օրը Սրբազան Քահանայապետը ստորագրեց Իրլանտայի Կաթողիկէներուն ուղղած իր Հովուական Նամակը,յորում Նորին Սրբութիւնը կ՝արտայայտէ իր զարհուրանքը քահանաներու կողմէ փոքրերու նկատմամբ գործադրուած մանկամոլութեան պարագաներու համար,պատահած տասնամեաներ առաջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.