2010-03-19 14:27:58

Էջ մը Հայ Երաժշտութենէն - Հայկանուշ Դանիելեան


Հայազգի երգչուհի՝ Հայկանուշ Դանիելեան ծնած է Թիֆլիս 1893-ին. Իր նախնական ուսումները աւարտելէ ետք տեղական դպրոցին մէջ` մեկնած է Փեթրոկրատ, ուր ուսանած է երաժշտութիւն, Իրեցկայի ղեկավարութեան ներքեւ։

1920-ին արդէն կ՛աւարտէ Փեթրոկրատի Գոնսերվաթորիան, ու կը սկսի հանդէս գալ զանազան համերգներով։

1922-ին վերադառնալով Թիֆլիս կը մեներգէ քաղաքի Օփերային եւ պալլէի պետական թատրոնին մէջ։ Շառա Տալեանի հետ զանազան օփերաներու կը մասնակցի, եւ այդ առթիւ կ՛երթայ նաեւ Լենինական քաղաքը – այժմու Կիւմրին -։

1932-ին` կը հաստատուի Երեւան եւ կը սկսի աշխատիլ Պետական օփերայի թատրոնին մէջ։ Իսկ 1943-1951 , երաժշտութիւն կը դասաւանդէ Երեւանի պետական երաժշտանոցին մէջ։ 1949-52 կ՛ըլլայ նաեւ տեսուչ Երեւանի Չայքովսքիի անուան երաժշտական դպրոցին։

Հայկանուշ Դանիելեան Ամէն կողմ գնահատուեցաւ իր բիւրեղային ջինջ ձայնին, ինչպէս նաեւ իր արտայայտման նրբութիւններուն համար։

Իր կատարած դերերուն մէջ յիշենք Ճիլտա, Վիոլեթթա եւ Դեզտեմոնա, Ճուզեփփէ Վերտիի Ռիկոլեթթօ, Թրավիաթա եւ Օթելլօ Օփերաներուն մէջ. Ռոսսինիի` Սեվիլիայի սափրիչը Օփերայէն` Ռոզինայի դերին մէջ, Կունոյի Ֆաուստի Մարգարիտի դերը, եւ Արմէն Տիգրանեանի Անուշի դերին մէջ։

1946-ին իրեն կը շնորհուի պետական մրցանակ զանազան դերերու մէջ գերազանց դերակատարում յառաջացուցած ըլլալով։ Ան եղած է վարպետ հայկական վոքալիզի արուեստին, ինչպէս նաեւ հայերէն երգերու նուրբ ու հարազատ մեկնաբանող։ Ազգային երաժշտութեան մէջ ան փայլած է գլխաւորաբար երաժշտական գոյներու ուժգնութեամբ, վեր հանելով անոնց ինքնատիպ գեղեցկութիւնը։

Յիշենք պարզապէս այն երգերը որոնց մէջ յատուկ կերպով կը զգացուի ազգային շունչը եւ մեղեդիական նրբերանգը. Կոմիտասի երգերէն` Ալագեազ բարձր սար ա, Ծիրանի ծառ, Քելէ քելէ, Քելեր ցոլեր, Էս առուն. Սպենդիարեանի երգերէն` Առ սիրուհիս, Թաթարական օրօրոցային. Ռոմանոս Մելիքեանի երգերէն` Սեւ կաքաւիկ, Շափաղ կու տաս, Ծիլա ծիլա։ Իսկ մեկնաբանութեան տեսակէտէ իր գլուխ գործոցը կը հանդիսանայ Ծիծեռնակ երգը։

Հայկանուշ եղած է նաեւ ազգային դէմք եւ ընտրուած է երեսփոխան Գերագոյն Սովետի, առ նուազն երեք անգամ։ Աշխատանքային կարմիր դրօշի շքանշանով ալ վարձատրուած է։ Իսկ այսօր Երեւանի երաժշտական դպրոցներէն մին կը կոչուի իր անունով։

Իր ձայնը համազօր է բարձր Սօփրանոներուն եւ անոր հնչեղականութիւնը կարելի է ըսել թէ մնացած է տակաւին անգերազանցելի։ Ան գեղարուեստական կատարելութեամբ եւ հազուագիւտ վարպետութեամբ կը յաջողի իրեն յանձնուած բոլոր երգերու մէջ` մատուցանել լաւագոյն արտայայտութիւնը։ Բոլոր մարզերուն մէջ հաւասարապէս փայլած է Դանիելեան, Օփերայէն մինչեւ ազգային տոհմիկ երգերը։ Հայկանուշ Դանիելեան հանդիսացած է, հայոց 20-րդ դարու առաջին կէսի իսկական սոխակը, որ իր ձայնով հմայած է իր բոլոր ունկնդիրները, երգչուհիներ՝ Գոհար Գասպարեանէ եւ Լուսինէ Զաքարեանէ առաջ ըլլալով նաեւ անոնց համար տիպար երգչուհի ։ Ան մահացած է Երեւանի մէջ, 19 ապրիլ 1958-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.