2010-03-19 14:27:43



Քահանայական տարի – Քահանային գիտութիւնը


Յիսուս կ’ըսէ. ’’Ես եմ ճանապարհ, որ պէտք է երթալ, ճշմարտութիւն որուն հասնիլ, կեանք որուն մէջ պէտք է մնալ:’’

Ճանապարհ՝ օրինակովս, ճշմարտութիւն՝ խոսումներովս, եւ կեանք՝ վարձատրութեամբս:

Աշխարհիս գիտնականները ի՞նչ բարձրագոյն բան կրնան սորվեցնել: Ս. Օգոստինոս կ’ըսէր. ’’Իմաստասէրներուն գրքերէն գեղեցիկ ծանօթութիւններ ստացած էի. Պղատոնական վարդապետութիւնը զիս կը յափշտակէր, ինքզինքս գիտնականի տեղ դնելով, աստուածութեան ու գերագոյն բարւոյն բնութեան վրայ սորվածս կը հրատարակէի: Բայց այս ամէնը մարդկային հնարագիտութեան եւ երազներու վրայ կը հիմնուէր: Ես ուզեցի քեզի դառնալ, ով Աստուած իմ: Քեզ հասնելու միջոց մը փնտռեցի, որպէս զի քեզ ժառանգէի, բայց պարապ տեղը կը յոգնէի, քանի որ չէի որ չէի որոշեր ընդգրկել Աստուծոյ ու մարդոց միջնորդը Յիսուս Քրիստոս Աստուած մարդն, որ օրհնեալ է յաւիտենաս յաւիտենից’’:

Ճշմարտութիւնը բացարձակ ու չքօղարկուած նշմարելն է, երկնքի մէջ երանելիներու տրուած սնունդն, բայց այս կերակուրը անմարսելի է մեր տկար ստամոքսին համար եւ պիտի չկարենար տանել զայն: Ասոր համար մարմնացեալն Աստուած՝ զայն կը ներկայացնէ մեզ հեղուկի պէս եւ անուշ կաթի փոխուած, որ մեր մանկութիւնը կերակրելու հարմար է:

Միայն Յիսուսի Քրիստոսի դիմելու ենք մեր գիտութիւնը ստանալու համար. գիտութիւն մը՝ որ մեր կարողութեան համեմատ է ու պէտքերուն ալ պատշաճ:

Բայց Մարդն-Աստուած պիտի պատասխանէ քահանային հարցման: Պիտի վարուի ինքն ասոր հետ, ինչպէս վարժապետ մը՝ իր աշակերտին հետ:

Եթէ Յիսուս իր բերնով չի խօսիր, կը խօսի սակայն Ս. Գրքի միցոաւ, Եկեղեցիին բերնով, Սուրբերու օրինակով, Ս. Հայրերու ու Վարդապետներու գրուածքներով: Ասոնք են մեր լսելիք եւ ուսումնասիրելիք ուսուցիչները, եթէ կ’ուզենք Յիսուսի Քրիստոսի այն գերագոյն գիտութեան հասնիլ, որուն վրայ կը խօսի Ս. Պօղոս. ’’Ճանաչել … զառաւելութիւն գիտութեան սիրոյն Քրիստոսի’’: (Եփես. Բ. 19)








All the contents on this site are copyrighted ©.