2010-03-17 13:21:59

Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը։
 


Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը։


Այսօր չորեքշաբթի 17 մարտ, հռոմի ժամով առաւօտեան ժամը 10.30ին գարնանային արեւու մը ճարագայթներու տակ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի օրուայ ընհանուր ունկնդրութիւնը ,ներկայութեամբը աւելի քան տասնըմէկ հազար հաւատացեալներու( լրատու գործակալութեանց տուեալներով) ։ Ուխտաւորներու բազմաթիւ խումբերու մէջ (եկած աշխարհի չորս ծագէն)ներկայ էր իտալիոյ Իվրէա թեմի ուխտաւորներու խումբը (շուրջ 550 հոգի) ապա Լացիօ թեմէն Եւրոպացիկիներ-Տանտիկիններ ընկերակցութիւնը (շուրջ 950 հաւատացեալներով) ինչպէս նաեւ Գերմանիայէն եկած Մեբբէնի կաթողիկէ դպրոցական հիմնարկի ուխտաւորները (800 հոգի) ։ Սրբազան Քահանայապետը այսօր եւս իր արտասանած ճառին մէջ խօսեցաւ Սուրբ Պօնավէնթուրայի Եկեղեցւոյ այս մեծ վարդապետի մասին։ ֆրանչիսկեան կրօնաւորը որ աշխատեցաւ հոգեւին պահելու կրօնաւորներու մէջ ինչպէս նաեւ դրոշմելու անոնց հոգիին մէջ՝ Սուրբ ֆրանչիսկոս Ասիզացիի գաղափարականը։ Ինչպէս ծանօթ է Սուրբ Պոնավէնթուրայի համար իմաստութիւնը կը բխի հաւատքէն այնպէս որ հաւատքը կ՝իւրացնէ ամէն մտային հրահանգ եւ զայն կը բարձրացնէ դէպի իր աստուածային սկզբունքը։ Իր կենդանութեան ընթացքին Պոնավէնթուրայի ազդեցութիւնը այնքան մեծ եղաւ որ ամէն կողմէ իրեն կը դիմէին որպէսզի Աստուծոյ խօսքը քարոզէ զանազան լսարաններէ ներս։ Ան ծնած էր իտալիոյ Թոսքանա գաւառը 1221ին։ Սուրբ Պոնավէնթուրայի գաղափարականը փայլեցաւ ԺԳ-ԺԴ դարուն,տեղի տալով Սուրբ Թովմաս Ագուինացիի դպրոցին,նոյնպէս ժամանակակից մեծ աստուածաբանը եւ իմաստասէրը ։ Պոնավէնթուրա վախճանեցաւ Լիոնի մէջ 1274ին ,Լիոնի Բ.Տիեզերական ժողովի փակումէն առաջ։ Իր խօսքի աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը յատուկէն ողջունեց ֆրանսայի Արս քաղաքի կղերանոցի երիտասարդները,ինչպէս նաեւ եօթը տարբեր լեզուներով համառօտեց իր խորհրդածութիւնը ,ապա իրենց լեզուներով ողջունեց նաեւ հունգարացի,խրուաթ,լեհ եւ սլովաք ուխտաւորներու խումբերը, որոնք եկած էին մասնակցելու Չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունլնդրութեան։ Հուսկ նախ քան Ընդհանուր Ունկնդրութեան փակումը Նորին Սրբութիւնը իր հայրական խօսքը ուղղեց ունկնդրութեան ներկայ երիտասարդներուն,հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.