2010-03-16 14:35:52

Քահանայական տարի – Ժան Մարի Վիաննէ – Նոր կանոն կեանքի (1853-1859)


Քահանայական տարի – Ժան Մարի Վիաննէ – Նոր կանոն կեանքի (1853-1859)

Գաթերին եւ իր բարեկամները կ’աշխատին քիչ մը թեթեւցնել իրենց վարդապետի կենսականոնը: Սնունդը քիչ մը կ’աւելցնեն, առտու եւ իրիկուն քիչ մը աւելի կը քնանայ, բարեկամները կը հսկեն եւ յաճախ կը զսպեն ուխտաւորներու պնդումները:

Ձմեռը ձեռքերը կ’ուռին: Զինք կը համոզեն ոը Աւանդատունը կրակարան մը դրուի, ըսելով թէ աւելի ուխտաւորներու համար է, թէեւ չի խաբուիր, բայց կը ձգէ որ ուզածնին ընեն:

Ամառը սոսկալի տաք մը կ’ընէ այդ փոքրիկ եկեղեցիին մէջ, ուր ուխտաւորներու բազմութիւնը, վառուած մոմերու ծուխը խեղդուկ մթնոլորտ մը կը ստեղծեն: Ապաշխարողները գէթ վայրկեան մը դուրս կ’ելլեն մաքուր օդ շնչելու, մինչ ինքը չի կրնար այս սփոփանքը վայելել: Արդէն եթէ դուրս ալ ելլէ, ուխտաւորները կը պաշարեն զինքը եւ կը նեղեն հարցումներով եւ յաճախ զգեստէն մասնիկ մը կտրելով:

Միշտ համբերող է եւ այս կը սքանչացնէ բոլոր զինք ճանչցողները:

Տէր Գամլէ՝ առաքեալներու մեծաւորը կ’ըսէ.

-Այս մարզին մէջ իր արժանիքը մեծ է, որովհետեւ բնական կազմուածքով կրակոտ ու բուռն էր, ինչպէս կարելի էր հետեւցնել իր քալուածքէն, շարժումներէն եւ նայուածքէն:

Եղբայր Աթանաս կը նշէ.

-Երբ մարդիկ նեղէին զինք, ուժգին կը սեղմեր թաշկինակը որ սովոր էր ձեռքը բռնել:

Գաթերին Լազան կ’ընդգծէ իր անձին տիրապետութիւնը.

-Թէեւ բնականէն կրակոտ էր, այնքան համբերող եղած էր, որ կը զարմանայի թէ ինչպէս ինքզինը կը զսպէր այնքան անպատեհ դրութիւններու դիմաց:

Օր մը ուխտաւորներու բարեկարգութեան վրայ հսկող ոստիկանը կը բողոքէ եւ կը պոռայ անզգոյշ մարդու մը դէմ, Վիաննէ կը միջամտէ ու կ’ըսէ.

-Շատ աղմկարար ես:

-Բայց, վարդապետ, եթէ չպոռամ ասոնք քու մազերդ ալ կը քաշեն:

-Դեռ բաւական ունիմ, - կը պատասխանէ սովորական իր ժպիտով:








All the contents on this site are copyrighted ©.