2010-03-16 14:33:16

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը։

Նորին Սրբութեան պատգամը՝ երիտասարդութեան համաշխարհային 25-րդ օրուան առթիւ '' Բարի Վարդապետ, ի՞նչ ընեմ, որ յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ'' :


Նորին Սրբութեան պատգամը՝ երիտասարդութեան համաշխարհային 25-րդ օրուան առթիւ, որ այս տարի կը զուգադիպի մարտ 28 ին` Ծաղկազարդի կիրակին, ունենալով որպէս բնաբան. '' Բարի Վարդապետ, ի՞նչ ընեմ, որ յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ։''

Իր պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը յիշեցնէ թէ՜՜այս տարի երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան 25-րդ տարեդարձն է։

Այս օրը հաստատուած է երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետին կամքով։ Օրը ուղղուած է, համայն աշխարհի հաւատացեալ երիտասարդներուն։

Այս նախաձեռնութիւնը մարգարէական շունչ ունեցաւ ու մեծ բարիք յառաջ բերաւ։ Նաեւ առիթ տուաւ երկրագունդի նոր սերունդին հանդիպելու իրարու, լսելու համար Աստուծոյ խօսքը եւ ճանչնալու՝ Եկեղեցւոյ գեղեցկութիւնը։

Երիտասարդութեան օրուայ 25-րդ տարեդարձը, նախապատրաստութիւն մը պիտի ըլլայ երիտասարդութեան համաշխարհային հանդիպումին որ տեղի պիտի ունենայ ՜՜Մատրիտ՝՝ 2011-ի՝ Օգոստոսին։ Այս տարուայ խորհրդածութեան նիւթն է. '' Բարի Վարդապետ, ի՞նչ ընեմ, որ յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ։''

Այս նիւթը երջանկայիշատակ ՅՊԲ քահանայապետը շօշափած էր 25 տարի առաջ 1985ին՝ ։



Յիսուսի հանդիպումը երիտասարդին հետ.

Մարկոսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք. '' Յիսուս երբ կը պատրաստուէր մեկնելու, ահա, մեծահարուստ մարդ մը վազելով, ծունկի եկաւ եւ հարցուց ՜՜Բարի Վարդապետ, ի՞նչ ընեմ, որ յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ՝՝։

Յիսուս ըսաւ անոր ՜՜ Ինչո՞ւ բարի կը կոչես զիս, չկայ բարի մէկը՝ Աստուծմէ զատ։

Գիտես պատուիրանները, մի՛ շնար, մի՛ սպաններ, մի՛ գողնար, սուտ մի՛ վկայեր եւ պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ՝՝։

Ան պատասխանեց եւ ըսաւ անոր ՜՜Վարդապետ, ես մանկութենէս ի վեր պահա՛ծ եմ այդ բոլորը, արդ, ինչո՞վ պակաս եմ դեռ՝՝։

Յիսուս, անոր նայելով՝ սիրեց զինք եւ ըսաւ անոր ՜՜Մէկ բան պակաս է դեռ քեզի, եթէ կ'ուզես կատարեալ ըլլալ. գնա՛, վաճառէ՛ ինչ որ ունիս, աղքատներուն տուր եւ այն ատեն գանձեր պիտի ունենաս երկնքի մէջ, եւ խաչդ առ, ու ետեւէս եկուր՝՝։

Այդ խօսքին վրայ՝ (մարդը) կախե՛ց իր երեսը եւ տրտմած գնաց, որովհետեւ շատ ստացուածք ունէր։

Այս հանդիպումը կը բացայայտէ Յիսուսի մեծ ուշադրութիւնը երիտասարդներու հանդէպ։ Երջանկայիշատակ ՅՊԲ քահանայապետը, Աւետարանի այս համարներով կ'ուզէր խրախուսել երիտասարդները խօսակցութեան մէջ մտնելու՝ Յիսուսի հետ։

Յիսուս անոր նայելով սիրեց զինք։

՜՜Յիսուսի նայուածքը երիտասարդին կը դրսեւորէ Անոր սէրը հանդէպ երիտասարդութեան՝՝։ Աղօթքս է որ ամէն երիտասարդ այս փորձարկութիւնը ունենայ Յիսուսի հետ։ Պօղոս առաքեալը կը գրէ ՜՜Յիսուս զիս սիրեց եւ ինքզինք յանձնեց ինծի համար։ Այս սիրոյ մէջ կը կայանայ աղբիւրը քրիստոնէական կեանքին՝՝։

Կեանքի ծրագիրին յայտնաբերումը։

Աւետարանի երիտասարդի նման, ամէնքդ հարուստ էք ուժականութեամբ, որակով, երազներով եւ յոյսերով։ Երիտասարդութիւնը ինքնին խորհրդանիշն է հարստութեան, ոչ միայն ձեզի այլ եւ աշխարհին ու Եկեղեցւոյ։ Ճանչնալու համար ձեր կեանքին ծրագիրը հարկաւոր է որ անսաք Աստուծոյ, որ ձեր իւրաքանչիւրին համար ծրագիր մը պատրաստած է։ Ուստի վստահութեամբ Տիրոջ դիմեցէք եւ իրմէ խնդրեցէք ճանչնալ Աստուծոյ կամքը՝ ձեր կեանքին ծրագիրը։ Յովհաննէս առաքեալը կը գրէ. ՜՜Աստուած մեր սիրտէն աւելի մեծ է եւ ամէն բան կը ճանչնայ՝՝։

Եկուր եւ ինծի հետեւէ։

Յիսուսի աշակերտներու նման, դուք եւս, սիրելի երիտասարդներ, ուրախութեամբ հետեւեցէք Քրիստոսի կանչին։ Մի վախնաք սիրեցեալ երիտասարդներ ու պարմանուհիներ հետեւելու Քրիստոսին, եթէ Ան ձեզ կանչէ։ Ան գիտէ ուրախութիւն պարգեւել բոլոր իրեն հետեւողներուն։

Ուղղել մեր կեանքը դէպի յաւիտենական կեանք։

Ի՞նչ է յաւիտենական կեանքը։ Ամէնքս կանչուած ենք յաւիտենականութեան։ Աստուած մեզ ստեղծեց Իր հետը մնալու, մինչեւ վերջ։

Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը կ'եզրափակէ ըսելով ՜՜այս տարի քահանայական տարի է, կը հրաւիրեմ ձեզ ճանչնալու սուրբերու կեանքը, եւ մասնաւորապէս սուրբ քահանաներուն կեանքը։ Պիտի տեսնէք որ Աստուած անձամբ զանոնք առաջնորդեց, եւ անոնք, հաւատքով ու յոյսով օրը օրին ճանապարհը գտան։ Յիսուս ձեզմէ իւրաքանչիւրը կը կանչէ ստանձնելու ձեր պատասխանատուութիւնը կերտելու համար սիրոյ քաղաքակրթութիւնը։

Եթէ հետեւիք Քրիստոսի կանչին ձեր ճանապարհը պիտի լուսաւորուի եւ ան ձեզ պիտի առաջնորդէ դէպի բարձր վախճանը, որ ձեզի պիտի տայ ուրախութիւն ու կեանքի իմաստին լիութիւնը։ Թող ամենասուրբ Կոյս Մարիամը` Մայրը Եկեղեցւոյ (կը կարդանք Նորին Սրբութեան պատգամին աւարտին) ձեզ հովանաւորէ ձեր բոլոր կեանքին ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.