2010-03-16 13:43:00

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՍԻԼՎԱ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ՝ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒԱԾ ։
20 ամիսներէ ի վեր Իրանի մէջ բանտարկուած Սիլվա Յարութիւնեան ազատ արձակուեցաւ։ Ան 26 յունիս 2008-ին ձերբակալուած էր իրանեան կառավարութեան դէմ ուղղուած գործունէութիւններու մասնակից ըլլալու յանցանքով եւ դատապարտուած էր 3 տարուայ բանտարկութեան ։ Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուող ՝՝Ինթըրնեշընըլ Ռիսըրչ էնտ Էքսչէյնճըրզ Պորտ՝՝ ընկերութիւնը(որուն պաշտօնեաներէն մէկն է Սիլվա Յարութիւնեան) շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Կառավարութեան, կառավարութեան Յարութիւնեանի ազատութիւնը ապահովելու համար թափած ջանքերուն գծով։
ԷԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ պաշտօնական այցելութեամբ Պերլին մեկնած է։Այսօր ան պիտի այցելէ Փարիզ, ուր պիտի հանդիպի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ։
ՀԻԼԱՐԻ ՔԼԻՆԹԸՆ ՄՈՍԿՈՒԱ ԿԸ ՄԵԿՆԻ։
Մարտ 18-ին ԱՄՆ պետական քարտուղար Հիլարի Քլինթըն Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով ԱՄՆ-ի յատուկ ներկայացուցիչ ՃորՃ Միթչելի ընկերակցութեամբ կը մեկնի Մոսկուայ երկօրեայ այցելութեան մը համար ։ Մոսկուայի մէջ Հիլարի Քլինթը կը մասնակցի «Քառեակի» հանդիպման՝ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Պան Գի Մունի, Ռուսաստանի ԱԳՆ Սերկէյ Լավրովի և արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով ԵՄ գերագոյն Յանձնակատար Քեթրին Էշտընի, ինչպես նաև «Քառեակի» ներկայացուցիչ Թոնի Պլէրի ներկայութեամբ։
ՊԵՌՆԱՐ ՖԱՍԻԷ –ԷԼՄԱՐ ՄԱՄԵՏԻԱՐՈՎ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ԶՐՈՅՑ ։ Ատրպէյճանի լրատուական միջոցները կը տեղեկացնեն, թէ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարով հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցած է Մինսկի խումբի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէի հետ, Երեւանի մէջ անոր կատարած քանի մը յայտարարութեանց կապակցութեամբ: Նշենք, որ Ֆասիէ Երեւանի մէջ յայտարարած էր, թէ պատերազմի պարագային, Ատրպէյճան կը պարտուի, որովհետեւ ինք տեղեակ է հայ զինուորներու քաջութեան մասին: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Ֆասիէ հերքած է նման յայտարարութիւն կատարած ըլլալը՝ ըսելով, թէ իբրեւ դիւանագէտ՝ ինք չի կրնար նման յայտարարութիւն կատարել, այսինքն՝ «գնահատել որեւէ երկրի բանակի, հայրենասիրութեան ու ոգիի վիճակը»:
ԻՐԱՔԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՅ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐԸ ։
Կիրակի, Մարտ 7ին, Իրաքի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցած են նաեւ երկու հայազգի թեկնածուներ(ինչպէս որ ըսած է Իրաքի Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Պարոյր Յակոբեանը): Անոր համաձայն, թեկնածուներէն մէկը առաջադրուած է իբրեւ անկախ թեկնածու, իսկ միւսը ընդգրկուած է ներքին գործոց նախարարի կազմած ցուցակին մէջ: Ապահովական կացութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Յակոբեան յայտնած է, թէ հայաբնակ շրջաններուն մէջ յարձակումներ տեղի չեն ունեցած: Ներկայիս Իրաք բնակող հայերու թիւին մասին հարցումին պատասխանելով՝ ան ըսած է. «Այս վերջին քանի մը տարիներուն բաւական մեծ թիւով հայեր արտագաղթեցին, իսկ ուրիշներ գաղթած են հիւսիսային Իրաք, որուն հետեւանքով իսկական թիւը կարելի չէ հաստատօրէն ճշդել: Սակայն պէտք է ըսեմ, որ 10 հազարէն աւելի հայութիւն կայ Իրաքի մէջ»: Յայտնենք, թէ Կիրակի օրուան ընտրութիւններուն, քուէարկելու իրաւունք ունեցող Իրաքի 19 միլիոն քաղաքացիները իրենց քուէն գործածեցին ընտրելու համար խորհրդարանի 325 պատգամաւորներ: Ընտրութիւններուն մասնակցեցան 6200 թեկնածուներ՝ 165 քաղաքական կազմակերպութիւններէ: Ընտրութեանց օրը տեղի ունեցած յարձակումներուն զոհ գնաց մօտաւորապէս 40 հոգի, իսկ մասնակցութեան համեմատութիւնը եղաւ շուրջ 60 տոկոս: Միւս կողմէ, ամերիկեան ուժերու հրամանատարութիւնը հաղորդեց, թէ երկրէն ամերիկացի զինուորները հեռացնելու աշխատանքը կը շարունակուի: Ըստ հրամանատարութեան, ներկայիս 96,000 ամերիկացի զինուորներ կան Իրաքի մէջ, եւ աշխատանք կը տարուի այդ թիւը 50,000ի իջեցնելու՝ մինչեւ Սեպտեմբեր:







All the contents on this site are copyrighted ©.