2010-03-15 14:40:23

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը

Երկուշաբթի մարտ 15 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց

կարտինալ Պանիասքօ` Իտալիոյ Ճենովա թեմինառաջնորդը եւ նախագահը Իտալիոյ եպիսկոպոսական դասի։

Կարտինալ Հիւզար` գահերէցը Ուկրանիոյ արեւելեան եկեղեցւոյ

Բուրքին ֆազօ եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ` հնգամեայ կանոնական այցելութիւն։



Սրբազան Քահանայապետի այցելութիւնը Հռոմի լիւտերանական եկեղեցւոյ։

Կիրակի օրը յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը ընդառաջելով Հռոմի լիւտերանական եկեղեցւոյ հովիւի հրաւէրին այցելութիւն կատարեց Լիւտերանական համայնքին։

Ժամասացութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը անոնց ուղղած խօսքին մէջ Հայրը ըսաւ քրիստոնեաններու միութիւնը պարգեւ մըն է որ պէտք ենք հայցել Աստուծմէ։ Ապա մատնանշեց թէ քրիստոնեաները յատկանշուած չեն իրենց բաժանումներով, այլ յոյսով, որ օր մը իրականանայ այդ միութիւնը Աստուծոյ օգնութեամբ։



Սրբազան Քահանայապետին խօսքը Սուտանի եպիսկոպոսներուն։

Նորին Սրբութիւնը խօսքը ուղղելով Սուտանի եպիսկոպոսական դասին, որ եկած էր հնգամեայ այցը կատարելու Ս. ՊԵտրոսի յաջռրդին, ողջունեց անոնց տածած աշխատանքը բարի յարաբերութիւն հաստատելով մահմետական ու հոգեպաշտ աշխարհներուն հետ։ Յայտնենք թէ Սուտանի բնակչութեան 70 տոկոսը մահմետական է իսկ 15 տոկոսը քրիստոնեայ եւ միւս 15 տոկոսը հոգեպաշտ են։

Յառաջիկայ մայիս 2ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Իտալիոյ Թորինօ թեմը պիտի այցելէ պահ մը աղօթելու ցուցադրուած Յիսուսի վաղարշին առջեւ։ Այդ առթիւ Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւն մը պիտի կատարէ Յիսուսի չարչարանքներու մասին. Իր այս այցելութեան ընթացքին Սրբազան հայրը հանդիպում պիտի ունենայ թեմի երիտասարդներու եւ հիւանդներու հետ։ Իսկ կէսօրին մարեմեան Հրեշտակ Տեառն աղօթքը պիտի արտասանէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.