2010-03-15 14:43:50

Մարտ 16-18 պաշտօնական այցելութիւն պիտի կատարէ Մոսկուայի համայն Ռուսիոյ


Մարտ 16-18 պաշտօնական այցելութիւն պիտի կատարէ Մոսկուայի համայն Ռուսիոյ

պատրիարք՝ Քիրիլ Առաջինը

Գարեգին Բ ամենայն հայոց կաթողիկոսի հրաւէրով Մարտ 16-18 պաշտօնական այցով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին պիտի գտնուի Մոսկուայի և համայն Ռուսիոյ պատրիարք՝ Քիրիլ Առաջինը։ Ինչպէս կը տեղեկացուի Մայր Աթոռի մամլոյ դիւանէն, Մարտ 16-ին Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ պիտի կատարուի Քիրիլ պատրիարքի բարի գալստեան Հրաշափառի արարողութիւնը, ապա ներկայութեամբ երկու հայրապետներու պիտի կնքուի Սերգիեւ Պասատի եւ Էջմիածնի քոյրացման համաձայնագիր։ Այնուհետեւ երկու հովուապետերը ծաղկեպսակ պիտի դնեն Էջմիածինէն Օշական տանող ճանապարհին գտնուող 1826-1828թթ ռուս-պարսկական պատերազմին մէջ զոհուած ռուս զին-ւորներու յուշակոթողին։ Մարտ 17-ին կը նախատեսուի այցելութիւն Ծիծեռնակաբերդ, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան եւ ծառատունկ Յիշողութեան պուրակին վրայ։ Նոյն օրը ամենայն հայոց հայրապետը եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարքը պիտի այցելեն Քանաքեռի Սուրբ Աստուածածին ռուսական եկեղեցին, ուր հանդիպում պիտի ունենան Հայաստանի ռուսական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Մարտ 17-ին երկու եկեղեցիներու պետերը հանդիպում պիտի ունենան նաեւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։ Մարտ 18-ին ծրագրուած է Երեւանի ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ հիմնարկէքի արարողութիւնը, ինչպէս նաեւ Քիրիլ պատրիարքի գիրքերու շնորհանդէսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.