2010-03-14 14:04:32

Կիրակնօրեայ Աւետարանական ընթերցում

Կիրակի 14 Մարտ 2010

Ե Կիրակի Քառասնորդաց։ Դատաւորին Ղուկ 18, 1-14


Կիրակնօրեայ Աւետարանական ընթերցում

Կիրակի 14 Մարտ 2010

Ե Կիրակի Քառասնորդաց։ Դատաւորին Ղուկ 18, 1-14





1 Յիսուս առակ մըն ալ պատմեց անոնց թէ միշտ պէտք է աղօթել ու բնաւ չվհատիլ։ 2 Ըսաւ անոնց Քաղաքի մը մէջ դատաւոր մը կար որ ոչ Աստուծմէ կը վախնար եւ ոչ ալ մարդոցմէ կամչնար։ 3 Նոյն քաղաքին մէջ, այրի կին մըն ալ կար, որ ստէպ կու գար եւ կ'ըսէր դատաւորին Դատս տես հակառակորդիս հետ։ 4 Երկար ատեն մերժեց, բայց ի վերջոյ ըսաւ Թէպէտ Աստուծմէ չեմ վախնար եւ մարդոցմէ չեմ ամչնար, սակայն այս այրիին տուած յոգնութեան համար, 5 տեսնեմ դատը, որպէս զի միշտ չգայ եւ զիս չձանձրացնէ։ 6 Եւ Տէրը աւելցուց Լսեցէ՛ք ինչ ըսաւ անիրաւ դատաւորը։ 7 Իսկ Աստուած արդարութիւն պիտի չընէ՞ իր ընտրեալներուն, որ իրեն կ'աղաղակեն իշեր ցորեկ, կամ միայն պիտի սպասցնէ՞ զանոնք։ 8 Կ'ըսեմ ձեզի, շուտով արդարութիւն պիտի ընէ անոնց։ Իսկ Մարդու Որդին երբ գայ, արդեօ՞ք հաւատք պիտի գտնէ երկրի վրայ։ 9Առակ մըն ալ պատմեց այն մարդոց համար, որոնք իրենք զիրենք արդար համարելով՝ կ'արհամարեն ուրիշները։ 10 Երկու մարդիկ, ըսաւ Յիսուս, Տաճար ելան աղօթելու մէկը Փարիսեցի, միւսը՝ մաքսաւոր։ 11 Փարիսեցին ոտքի կանգնած մեկուսի այսպէս կ'աղօթէր Աստուած իմ, շնորհակալ եմ քեզի որ ես ուրիշներու պէս չեմ, որոնք գող են, չարագործ կամ շնացող եւ ոչ ալ այս մաքսաւորին նման։ 12 Շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ, բոլոր եկամուտներէս տասանորդ կը վճարեմ։ 13 Մաքսաւորը մեկուսի կեցած, նոյնիսկ աչքերը դէպի երկինք չէր բարձրացներ, այլ կուրծքը բախելով՝ կ'ըսէր Աստուած իմ, ներէ՛ ինծի, մեղաւոր եմ։ 14Կ'ըսեմ ձեզի, ասիկա տուն իջաւ աւելի արդարացած քան միւսը։ Որովհետեւ, ով որ ինքզին բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի եւ ով որ ինքզինք կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.