2010-03-14 14:04:49

ԼՈՒՐԵՐ ՀԱՅ ԱՇԽԱՐՀԷՆ
ԼԻԲԱՆԱՆ - ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ - ՌՈՊԵՐ ՔՈՓԹԱՇ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ՊՈԼՍԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԶԱԾ ՆԵՐԿԱՅ ՎԻՃԱԿԸ


ԼՈՒՐԵՐ ՀԱՅ ԱՇԽԱՐՀԷՆ
ԼԻԲԱՆԱՆ - ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ - ՌՈՊԵՐ ՔՈՓԹԱՇ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ՊՈԼՍԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԶԱԾ ՆԵՐԿԱՅ ՎԻՃԱԿԸ

Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ Պոլսոյ Արաս հրատարակչատան եւ Ակօս շաբաթաթերթի խմբագիր Ռոպեր Քոփթաշ ներկայացուց ներկայիս պոլսահայութեան պարզած վիճակը եւ թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ Թուրքիոյ մէջ։
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Արեգ Տագեսեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկազեան համալսարանին՝ Քոփթաշի հետ այս հանդիպումը հիւրընկալելուն համար, ապա նշեց, որ ներկայ ձեռնարկը առիթ մըն է աւելի լաւ ծանօթանալու պոլսահայ գաղութին։
Ռոպեր Քոփթաշ իր խօսքին առաջին բաժինով ներկայացուց իր հակիրճ կենսագրականը, ապա անդրադարձաւ պոլսահայ գաղութին՝ յայտնելով, որ գաղութը դժուար ու խիստ պայմաններու տակ կ'ապրի։
1920-ական թուականներուն գաղութը կը հաշուէր շուրջ 150 հազար հայ, իսկ այժմ գաղթի պատճառով այդ թիւը նուազած է 50-էն 60 հազարի։ Շարունակելով ան ըսաւ, թէ 1930-ական թուականներուն Մուսթաֆա Քեմալի օրերուն մականուններու վերաբերեալ օրէնքին պատճառով բազմաթիւ հայեր ստիպուած եղած են փոխելու իրենց մականունը։
Ինչ կը վերաբերի այսօրուան վիճակին, Քոփթաշ ըսաւ, թէ բաղդատմամբ 20-30 տարի առաջուան վիճակին, այժմ որոշ չափով բարելաւում արձանագրուած է, սակայն այլ հարցեր կը յամենան։ Ինչպէս այլ գաղութներու մէջ, պոլսահայ գաղութն ալ ունենալով իր դժուարութիւնները, ճիգ չի խնայեր պահպանելու հայոց լեզուն ու մշակոյթը։ Գաղութը ունի 33 առաքելական, 5 կաթողիկէ եւ 1 կամ 2 աւետարանական եկեղեցի, 18 դպրոց, որոնք կը շարունակեն գոյատեւել դժուար պայմաններու մէջ։ Դպրոցներուն մէջ կը կիրարկուին պետութեան կողմէ մշակուած ուսումնական ծրագիրներ աշակերտները կը սորվին հայոց լեզու, սակայն ոչ՝ հայոց պատմութիւն։ Այդ դպրոցներուն տնօրէնները թէեւ հայեր են, սակայն անոնց կողքին պետութիւնը կը նշանակէ փոխտնօրէններ, որոնք անոր աչքն ու ականջն են։ Ներկայիս այդ կացութիւնը բարելաւուած է Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթին պատճառով։
Ռոպեր Քոփթաշ յայտնեց, որ եկեղեցիներն ու դպրոցները ոտքի պահողները գաղութի հիմնարկներն են, ինչպէս նաեւ սանուց միութիւնները, որոնց գոյութիւնը արտօնուեցաւ 1946-էն ետք, եւ այս միութիւններուն ճամբով գաղութը կը կազմակերպէ իր ձեռնարկները։
Անդրադառնալով մամուլի վիճակին՝ Քոփթաշ նշեց Թուրքիոյ ամէնէն հին օրաթերթը՝ Ժամանակը՝ հիմնուած Գոչունեան ընտանիքին կողմէ, Մարմարան եւ Ակօսը վերջինս կը հրատարակուի քսան էջ թրքերէնով, չորս էջ ալ հայերէնով։ Անդրադառնալով Ակօսին՝ Քոփթաշ շեշտեց, որ Ակօսի միջոցով թրքախօս հայեր, որոնք նախապէս իրենք զիրենք գաղութէն դուրս կը զգային, միացան գաղութին եւ սկսան գրել, կարդալ եւ ազգային կառոյցներուն մէջ պաշտօններ ստանձնել։
Ան յայտնեց, որ Ակօսի մէկ այլ յատկութիւնը այն է, որ թուրք այլախոհներ սկսան անոր ճամբով ծանօթանալ հայութեան եւ աւելի լաւ հասկնալ վերջինիս դիմագրաւած դժուարութիւնները։ Ակօսն ու Հրանդ Տինքը թերթին շուրջ հաւաքեցին այն թուրք մտաւորականները, որոնք կուզէին աւելի ժողովրդավար Թուրքիա մը տեսնել։
Վերջապէս Քոփթաշ ընդգծեց, որ Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ձգտումէն ծնունդ առած է այլ բարիք մը՝ հայեր սկսած են ստեղծել հայրենակցական միութիւններ։ Կան նաեւ երիտասարդական միութիւններ, որոնք կը զբաղին մշակութային գործերով։
Անդրադառնալով քաղաքական կացութեան՝ Քոփթաշ ըսաւ, թէ երբ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը 2002-ին հասաւ իշխանութեան, հայերու եւ թուրքերու մօտ մտավախութիւն ստեղծուեցաւ՝ նկատի ունենալով, որ իշխանութեան հասնող կուսակցութիւնը ունի իսլամական թեքում։ Սակայն ժամանակի ընթացքին այդ մտավախութիւնը փարատեցաւ։
Իր խօսքի աւարտին Ռոպեր Քոփթաշ պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.