2010-03-13 10:21:10

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը
Շաբաթ մարտ 13 ՊեՆետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեցաւ Խրուաթիայի հանրապետութեան վարչապետը` տիկին Եատրանքա Քոզոր։
Յայտնենք թէ տիկին Եատրանքա Քոզոր, նախապէս եղած է Ընտանիքի նախարար ապա փոխ վարչապետ։
Անցեալ յուլիսին նախագահ Մեզիչ զինք նշանակեց վարչապետ։ Խրուաթիայի անկախութեան ասդին ան առաջին տիկինն է որ նման բարձր պաշտօնի կը կանչուի։
Խրուաթիան անդամ է Ատլանտեան ուխտի եւ թեքնածու մաս կազմելու Եւրոպայի շիութեան։

Նոյեմբեր ամսոյն մէջ Սրբազան Հայրը ուխտագնացութիւն կը կատարէ Սպանիայի Ս. Յակոբ սրբավայրը։
Իր քահանայապետութեան ընթացքին այս եկրորդ անգամն է որ Սրբազան Հայրը Սպանիա պիտի այցելէ յառաջիկայ նոյեմբեր ամսոյն սկիզբերը, ուխտագնացութիւն կատարելով Ս. Յակոբ Սրբավայրին եւ այցելութիւն կատարելով Պարսելոնա թեմին։ Իսկ օգոստոս 2011ին նախատեսուած է Նորին Սրբութեան այցելութիւնը Մատրիտ գլխաւորելու երիտասարդութեան համաշխարհային օրը։
Նշենք թէ Սրբազան Հայրը առաջին անգամ Սպանիա այցելեց 2006ին, ուր Սպանիայի Վալանս քաղաքին մէջ գլխաւորեց ընտանիքի համաշխարհային հանդիպումը։
Յայտնենք թէ Ս. Յակոբ Գամբսթել թեմի առաջնորդը 2010ը հռչակած է Յակոբեան ս. տարին։
Պարսելոնա թեմին մէջ Նորին Սրբութիւնը օծումը պիտի կատարէ Ս. Ընտանիքին նուիրուած տաճարին։ Այդ տաճարը արդէն իսկ մաս կը կազմէ մարդկութեան համաշխարհային ժառանգութեան։ Անոր շինարարութիւնը սկսած էր 1883-1926 Կոտի ճարտարապետի գլխաւորութեամբ։
Սպանիայի առաքելական ճամբորդութենէն առաջ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պիտի տեղափոխուի Եւրոպայի չորս վայրերու մէջ. այսպէս յաջորդաբար կ'այցելէ Մալթան` ապրիլ 17-18, Փորթուկալ մայիս 11-14, ապա Կիպրոս յունիսին սկիզբը եւ հուսկ Անգլիա սեպտեմբեր 16-19։

Վատիկանեան տեղեկութիւններ։

Քահանայապետական անուանում – Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը անուանեց գերապայծառ Անդէ Եոզիչ որպէս իր ներկայացուցիչը Չինաստանի մօտ։ Վատիկանի դիւանագէտը որպէս խորհրդատու կը պաշտօնավարէ Դաշնակցային Ռուսիոյ առաքելական դեսպանատան մէջ։
Յայտնենք թէ 1951-ին դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզուած են Չինաստանի եւ Վատիկանի միջեւ։
- Նոյնպէս Սրբազան Քահանայապետը նոր առաքելական դեսպան անուանած է Մատակասքարի մօտ, յանձին գերապայծառ Նիւկէնթի։







All the contents on this site are copyrighted ©.