2010-03-12 13:06:37

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը

Ուրբաթ մարտ 12 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, առաւօտուն ներկայ գտնուեցաւ

Քառասնորդացի եկրորդ մտածականին, որ արտասանեց Քահանայապետական տան քարոզիչը, հայր Գանդալամեսան ունենալով որպէս խորհրդածութեան նիւթ.

''Քրիստոս ինքզինք նուիրեց Աստուծոյ''։



Քահանայապետական տան քարոզիչը, հայր Գանդալամեսան ուրբաթ առաւօտ Սրբազան Քահանայապետի եւ անոր անմիջական գործակիցներուն իր երկրրոդ մտածականը արտասանեց ունենալով որպէս նիւթ ''Քրիստոս ինքզինք նուիրեց Աստուծոյ''։

Նախ ան խօսեցաւ Քրիստոսի քահանայութեան նորութեան մասին, նկարագրելով քահանան որպէս մատակարարը Աստուծոյ խորհուրդներուն։

Հետեւաբար քահանայ` ըլլալու համար Քրիստոսի կամքին համաձայն, կանչուած է ոչ միայն Յիսուսը ներկայացնել այլ իր Տիրոջ նման իր անձը զոհել։ Լաւագոյնս ըմբռնելու Քրիստոսի քահանայ ըլլալու նշանակութիւնը հարկաւոր է հասկնալ իմասը ''մարմին'' եւ ''արիւն'' բառերու։

Աստուածաշունչին մէջ մարմին բառը կը նշանակէ բոլոր անձը, որ կ'ապրի մարմնական ծաւալին մէջ։ Արդարեւ Յովհաննէս աւետարանիչը կ'ըսէ. Բանը մարմին առաւ, այսինքն մարդ եղաւ եւ ոչ թէ դարձաւ ոսկոր, միս ու մկան։ Նոյնպէս արիւն բառը չի մատնանշեր մէկ մասը մարմնին։ Արիւնը կեդրոնն է կեանքի եւ այս պատճառաւ արեան յղումը նշան է մահուան։ ''Մարին'' բառով Յիսուս մեզի տուաւ իր կեանքը, եւ ''արիւն'' բառով տուաւ իր մահը։

Քահանային համար իր մարմինն ու արիւնը տալ կը նշանակէ տրամադրել իր ժամանակը, ֆիզիքական ու մտային ոյժերը Աստուծոյ ժողովուրդին։

Քահանայական տարին պէտք չէ ըլլայ լոկ բարեպատեհութիւն մը քահանաներու, այլ եւ հաւատացեալներու, որոնք իրենց կարգին մաս կազմելով տիեզերական քահանայութեան պէտք են ինքզինքնին տալ որպէս ողջ, սուրբ եւ ընդունելի նշխար մը Աստուծմէ ընդունելի։

Յայանենք թէ յառաջիկայ մտածականը պիտի կատարէ ուրբաթ 26 մարտին։



- Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Սուտանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ հնգամեայ կանոնական այցելութիւն։

- Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց կղերի ժողովի հաւաքին մասնակցողները` շուրջ 700 եկեղեցական։

Անոնց ուղղած հայրական խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը խօսեցաւ քահանայական ինքնութեան մասին։ Ներկայ աշխարհը կարիքը ունի լսելու Աստուծոյ մասին։ Քահանան կանչուած է ըլլաու հաւատարիմ Քրիստոսի ու անոր Եկեղեցւոյ։ Արդարեւ քահանան ինքնիրեն չի պատկանիր, ձեռնադրութեանմբ դարձաւ Աստուծոյ սեփականութիւն։ Աստուծոյ ժողովուրդը քահանայաին մէջ կ'ուզէ տեսնել այլ ոմն Քրիստոս։

Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. Աստուծմէ խնդրեն ամենասուրբն Կոյս Մարիամի եւ Ժան Մարի Վիաննէի բարեխօսութեամբ որ կարողանաք շնորհակալութիւն յայտնել Տիրոջ ձեզի պարգեւած այս մեծ շնորհքին համար եւ հաւատարմութեամբ եւ ուրախութեամբ ապրիք ձեր այս վսեմ կոչումը։



Սրբազան Քահանայապետին ցաւակցական հեռագիրը ի լուր եգիպտացի մահմետական սիւնի կրօնապետ Թանթաուիի մահուան։



վատիկանի պետական քարտուղարը կարտինալ Պերթոնէ յանուն Սրբազան Քահանայապետին ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Եգիպտոսի Ալ Ազհար համալսարանի մեծ Շէյխ Թանթաուիի մահուան ի լուր։ Հեռագիրին մէջ կը կարդանք. Շէյխ Թանթաուի եղած է երկխօսութեան մարդ մահմետականներու եւ կաթողիկէներու միջեւ անոր մահը մեծ կորուստ մըն է։

Կարինալ Ժան Լուի Թոռան` նախագահը միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդին, իր կարգին յայտարարած է թէ Իմամ թանթաուին եղած է կարեւոր անձնաւորութիւն մը Եգիպտոսի հանրային կեանքին մէջ, պարզ եւ համաեստ, խաղաղասէր եւ երկխօսութիւնը սիրող։

Յայտնենք թէ Կարտինալ թոռան անցեալ փետրուար 23ին եւ 24ին իրարու հետ տեսակցած են գահիրէի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.