2010-03-12 13:17:34

Ակնարկ Մը Ազգային Եւ Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Եւ Միջազգային Դէպքերուն։
ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԷՋ ԹԻՒ 252 ԲԱՆԱՁԵՒԻ ՈՐԴԵԳՐՈՒՄԷՆ ՄԷԿ ՇԱԲԱԹ ԵՏՔ ՇՈՒԷՏԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՆՈՅՆՊԷՍ ԿԸ ՎԱՒԵՐԱՑՆԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԸ։
Շուէտի խորհրդարանը 131 թեր եւ 130 դէմ քուէներով ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը, որ կը վայելէր Շուէտի խորհրդարանին մէջ ներկայացուած եօթը կուսակցութիւններէն վեցին զօրակցութիւնը։ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ թիւ 252 բանաձեւի որդեգրումէն շաբաթ մը ետք Շուէտի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող այս բանաձեւը կուգ այ աւելնալու Հայ Դատի պայքարի ճամբուն վրայ արձանագրուած յառաջդիմութիւններուն ինչպէս նաեւ փաստելու, որ, հակառակ Թուրքիոյ կողմէ ծաւալած ուրացման քաղաքականութեան եւ Ցեղասպանութեան անառարկելի ճշմարտութիւնը իբրեւ սուտ ներկայացնելու քարոզարշաւին, աշխարհը չի կրնար կոյր եւ խուլ ձեւանալ։
Շուէտի խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած բանաձեւը կը բաղկանայ երեք հիմնական կէտերէ, ուր կը նշուի, որ Շուէտ կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական Միութեան մօտ աշխատանք կը տանի Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, ինչպէս նաեւ՝ Թուրքիոյ կողմէ անոր ճանաչման համար։ Շուէտի խորհրդարանին մէջ, բայց եւ այնպէս նաեւ յստակ էր, թէ խորհրդարանականները դէմ քուէարկելով չէին հերքեր 1915-ին ործադրուած Ցեղասպանութեան փաստացիութիւնըինչպէս որ բացատրած է Ազդակի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին Շուէտի Հայ Դատի մարմնի ներկայացուցիչ Սիւզան Խարտալեանը։ Այս վաւերացումով այժմ Շուէտ կը միանայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած 19 երկիրներուն ՝ 20ի բարձրացնելով անոնց թիւը։
ՍՊԱՆԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Է ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒ ՄԸ։
News.am կայքէջը կը հաղորդէ, որ Սպանիոյ խորհրդարանը մուտք գործած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծ մը։ Փաստաթուղթի հեղինակները Քաթալոնիոյ Ձախ հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչներն ու Կանաչներու միութեան երեք երեսփոխաններն են։ Անոնք կառաջարկեն նաեւ օրինագիծին մէջ ներառել կէտ մը, որ Սպանիա հանդէս գայ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման օգտին, եւ կոչ կուղղեն Եւրոպական Միութեան սատարելու Երեւան-Անգարա երկխօսութեան։
Յիշեցնենք, որ 26 փետրուարին, Սպանիոյ Քաթալոնիա նահանգի խորհրդարանը միաձայնութեամբ որդեգրած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծը։
ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՊԻՆ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆԻՆ։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Անտրէյ Նեսթերենքօ Մոսկուայի մէջ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները այս շաբաթ պիտի հանդիպին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին։
ԼԵՒՈՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ՝ ՅԱՏՈՒԿ ՅԱՆՁՆԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ԴԵՍՊԱՆ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 9 մարտին հրամանագիր մը ստորագրած է Լեւոն Սարգսեանը Թունուզի եւ համատեղութեան կարգով Ալճերիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պարտականութիւններէն ազատ կացուցելու մասին։
Նախագահ Սարգսեանի նոյն օրուան մէկ այլ հրամանաիրով Լեւոն Սարգսեան նշանակուած է յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան։ Լեւոն Սարգսեան ծնած է 21 յունիս 1959-ին, Ստեփանակերտի մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.