2010-03-11 13:29:38

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը

Հինգշաբթի մարտ 11, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց

- Կարտինալ Իվան Տիազ կառավարիչը ժոպղովուրդներու աւետարանութեան ժողովին։

- ապա ընդունեց Սուտանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ` հնգամեայ կանոնական այցելութիւն։

- Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց ներքին ատեանի առաքելական ժողովի դասընթացքի մասնակցողները։

Անոնց ուղղած հայրական խօսքին մէջ, Նորին Սրբութիւնը մասնաւորապէս խօսեցաւ քահանայական տարւոյն մասին, որ հռչակեց սուրբ Ժան Մարի Վիաննէի մահուան 150 ամեակին առթիւ։ Այս սուրբը ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մասնաւորապէս խորհրդակատարը եղած է խոստովանանքի խորհուրդին։

Ժան Մարի Վիաննէ, ներշնչուելով Յիսուսի խօսքերէն կ'ըսէր. Յիսուս իր աշակերտներուն պարտականութիւն տուաւ մեղաւորներուն աւետել թէ Ան միշտ պատրաստ է զանոնք ընդունիլ ու անոնց մեղքերը ներել, որովհետեւ իմ ողորմութիւնս անհուն է։

Մենք քահանաներս, ըսաւ Սրբազան հայրը, կրնանք սորվիլ անհատնում վստահութիւն ունենալ խոստովանանքի խորհուրդին հանդէպ։ Մենք կ'ապրինք ժամանակի մը մէջ որ յատկանշուած է հաճոյապաշտ եւ յարաբերականական մտայնութեամբ, որ կը մտի ջնջել Աստուած մեր կեանքի մէջ եւ ի վիճակի չէ զանազանել չարը բարիէն։

Այս իրավիճակը մեզ կը հրաւիրէ ըլլալու սպասաւորները աստուածային ողորմութեան։ Ժան Մարի Վիաննէ Եկեղեցին` իր տունը դարձուց մարդիկը Աստուծոյ առաջնորդելու համար։ Քահանան այսօր իր կարգին կանչուած է ապրելու իր բարձր կոչումը եւ խոստովանարան նստիլ որպէսզի մարդիկը վերագտնեն իրենց խաղաղութիւնը Աստուծոյ մէջ։

Թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը եւ Ժան Մարի Վիաննէ օգնեն մեզի փորձարկելու մեր կեանքին մէջ լայնութիւնը, երկայնութիւնը, բարձրութիւնը եւ խորութիւնը Աստուծոյ Սիրոյն, որպէսզի լաւագոյնս համապատասխանենք մեր քահանայական կոչումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.