2010-03-11 13:29:59

ՄԻՋԻՆՔԻ ԱՌԻԹՈՎԱՐԱՄ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ


ՄԻՋԻՆՔԻ ԱՌԻԹՈՎԱՐԱՄ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Լիբանանի հայոց թեմի աւանդութեան համաձայն եւ թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս Խաչերեանի հրաւէրով չորեքշաբթի, 10 մարտ 2010-ին, Միջինքի առիթով Ս Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ Արեւագալի արարողութեան նախագահեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոս։ Արարողութեան երգեցողութիւնը կատարեցին դպրեվանքի սարկաւագ եւ ժառանգաւոր սաները։

Արարողութեան աւարտին խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս Խաչերեան։ Ան նկատել տուաւ, որ հայ եկեղեցւոյ հայրերէն մեզի հասած եկեղեցական, կրօնական, հոգեւոր աւանդութիւններուն հաւատարմութեամբ է, որ կը գտնուինք եկեղեցւոյ մէջ։ Մեր եկեղեցւոյ հայրերը մեզի համար տնօրինեցին, հաստատեցին օրէնքներ, կանոններ, սկզբունքներ՝ հոգեւոր կեանքի զարգացման եւ հարստացման համար, հաստատեց առաջնորդ սրբազանը։ Ան յայտնեց, որ վեհափառին այցելութիւնը Ս Նշան Մայր եկեղեցի՝ հաւատացեալ ժողովուրդին հանդիպելու համար, իր խորունկ իմաստը ունի վերջինիս համար։ Ես կը հաւատամ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, որ միշտ եղած է իր ժողովուրդին հովիւը ամէնէն ծանր պայմաններուն մէջ, այսօր կը շարունակէ նոյն ընթացքը՝ ըլլալով ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին մօտ, ժողովուրդին իբրեւ հովանի, հաստատեց առաջնորդ սրբազանը։ Այնուհետեւ առաջնորդ սրբազանը հրաւիրեց վեհափառը՝ փոխանցելու իր պատգամը։

Վեհափառը նկատել տուաւ, որ Մեծ պահքը հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ բնորոշուած է իբրեւ Աստուծոյ հետ ըլլալու, Աստուծոյ դառնալու, Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրելու սքանչելի հոգեպարար առիթ։ Քրիստոնեան, ներկայ աշխարհի պայմաններուն մէջ, տագնապներուն եւ մարտահրաւէրներուն դիմաց, կոչուած է իր քրիստոնէական ինքնութիւնը բիւրեղացնելու ու վերահաստատելու, շեշտեց Արամ Ա կաթողիկոս՝ աւելցնելով, որ քրիստոնեան կոչուած է իր ինքնութենէն եկող պատգամը, արժէքները, ճշմարտութիւնները եւ սկզբունքները կեանքի վերածելու։

Արամ Ա կաթողիկոս յայտնեց, որ քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ Աւետարանի հոգեւոր-բարոյական կեանքը ապրիլ՝ աւելցնելով, որ ճշմարիտ քրիստոնեան Աւետարանի ճշմարտութիւններուն, արժէքներուն եւ սկզբունքներուն հաստատօրէն հետեւող անձն է։ Վեհափառը նաեւ նկատել տուաւ, որ այդ արժէքները, սկզբունքները եւ ճշմարտութիւնները կու գան Աւետարանէն, սակայն՝ եկեղեցւոյ ճամբով։

Մեր եկեղեցին դարեր շարունակ Աւետարանի ճշմարիտ քարոզիչը եղաւ, շեշտեց Արամ Ա կաթողիկոս՝ հաստատելով, թէ առանց Աւետարանի ներկայութեան հայոց քրիստոնէական ինքնութիւնը իր իմաստը, նկարագիրը, դիմագիծը եւ նպատակը կը կորսնցնէ։ Քրիստոնէութիւնը պիտակ չէ, քրիստոնէութիւնը կեանքի որակ է, ճամբայ է մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներու ներկայութիւնը հրամայական է, շեշտեց Արամ Ա կաթողիկոս։ Եկեղեցին առաքելութիւն է՝ հոգեւոր, բարոյական արժէքներու տարածման լծուած հաւատքի առաքելութիւն է, ընդգծեց վեհափառը։

Այնուհետեւ Ազգային առաջնորդարանին մէջ ի պատիւ վեհափառին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն՝ կազմակերպութեամբ Ս Նշան Մայր եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ տիկնանց յանձնախումբին։








All the contents on this site are copyrighted ©.